4-ին՝ ժամը 10:20-ի սահմաններումն, կապը կորսուեր է ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու ՍՈՒ-25 մարտական ինքնաթիռին հետ: Ինքնաթիռը թռիչքային երթուղի բարձրացած էր ժամը 10:06-ին Գիւմրիի օդանաւակայանէն:
Վթարին վայրը յայտնաբերուեր է Մարալիկի տարածաշրջանին՝ լեռներու վրայ։
Պատահարին հետեւանքով զոհուած 1-ին կարգի օդաչու, փոխգնդապետ Արմէն Սլաւիկի Բաբայեանն ու 3-րդ կարգի օդաչու մայոր Մովսէս Գէորգի Մանուկեանը կը յուղարկաւորուին «Եռաբլուր», զինուորական պանթէոն:
Ասոր մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Արեւմտեան Հայաստանի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ վթարուած ինքնաթիռի օդաչուներու ընտանիքներուն, մերձաւորներուն, ծառայակիցներուն եւ համայն հայութեան: