Վարչակարգը կը թաքցնէ իր կողմէ հայ մշակոյթի բնաջնջումը.

Նոր դատական զեկոյցով կը նշուի  Ատրպէյջանի կողմէ աւերակուած 89 միջնադարեան եկեղեցիներու, 5408  խաչքարերու եւ 22 հազար գերեզմանաքարերու մասին։

 

2011 թ.-ի Ապրիլին, երբ ԱՄՆ-ի դեսպանը մեկներ էր Ատրպէյջան, անոր թոյլ չտուին մուտք գործելու հարաւային սահման, որ կը բաժանէր այսր Կովկասի բնակչութիւնը Իրանէն: Սակայն ան օտարերկրեայ թշնամի չէր, որ խոչընդոտեց անոր այցին: Ատոր Փոխարէն, Ատրպէյջանցի թշնամիները անոր կը պնդէին, որ պատուիրակի նախագծուած հետաքննութիւնը Նախճաւանի մէջ չի կրնար շարունակուիլ, քանի որ այն հիմնուած էր կեղծ տեղեկատւութեան վրայ: Դեսպանը մտադիր էր հետաքննել Նախճաւանի Ջուլֆայի գերեզմանատան հազարաւոր միջնադարեան քրիստոնէական հայ արուեստի գործերու եւ վայրերու ոչնչացման մասին զեկոյցը: Ինչպէս յայտնի է, այս երբեմնի գերեզմանատունը ունեցեր է խաչքարերու խոշորագոյն հաւաքածուն ամբողջ աշխարհի,` պարունակելով տարբեր հայկական խաչքարեր: Այնուամենայնիւ, ըստ ատրպէյջանական պաշտօնեաներու, խաչքարերու ոչնչացման մասին լուրերը կեղծ են եւ որ տարածքին այդ բնոյթի ոչ մէկ գործողութիւն իրականացուեր է, քանի որ առաջին հերթին այն երբէք ալ գոյութիւն չէ ունեցած։ Թէեւ տարբեր փաստեր կը վկայեն հակառակը, Ատրպէյջանը կը պնդէ, որ Նախճաւանը երբէք հայկական չէ եղած:

 

Պատմական ճիշդի եւ սխալի անհամատեղելի պատմութիւնները շատոնց անհանգստութեան պատճառ կը հանդիսանան չլուծուած հայ-ատրպէյջանական հակամարտութեան մէջ: Քանի որ ռազմավարական հայկական լեռնաշխարհի համար դարեր տեւած կայսերական պատերազմը ազդեր է տարածաշրջանի էթնիկական կազմի վրայ, նորանկախ Հայաստանն ու Ատրպէյջանը դէմ հանդիման դուրս եկան տարածքային պահանջներու հետ: Բոլշեւիկները իշխանութիւնը վերցնելէ անմիջապէս ետք, ստեղծեցին երկու վիճահարոյց շրջաններ` Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախճաւանը` որպէս ինքնավարութիւն Խորհրդային Ատրպէյջանի կազմին մէջ:  Լեռնային Ղարաբաղը պահպանեց հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը, սակայն Նախճաւանի հայ համայնքը շատոնց քիչցեր էր: 1988 թ.-ին Լեռնային Ղարաբաղը ձգտեցաւ միաւորուելու Խորհրդային Հայաստանին հետ: Ատրպէյջանէն դուրս գալը անհրաժեշտութիւն էր, Լեռնային Ղարաբաղի մեծամասնութիւն կազմո հայ բնակչութիւնը կը պնդէր, որ պէտք է պահպանել տարածաշրջանի բնիկ հայերու քրիստոնէական անցեալը եւ խուսափիլ Նախճաւանի անհետացած հայերու ճակատագիրէն: Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Գորբաչովի խորհրդանշական Վերակառուցում քաղաքական շարժման շրջանին Լեռնային Ղարաբաղը դարձաւ պատերազմի գօտի:

Սկսած 1994 թ.-ի Հրադադարէն, նորանկախ Հայաստանի, Ատրպէյջանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին փոխադարձ վայրագութեան եւ ռեւիզիոնիզմի մեղադրանքներ եղած են: Ատրպէյջանի նախագահը բողոք ներկայացուցեր է, որ «գրաւեալ ատրպէյջանական մեր հողերուն մեր բոլոր մզկիթները ոչնչացուեր են»: Լեռնային Ղարաբաղ այցելողը այլ բան կը տեսնէ. կան մզկիթներ, թէեւ անոնք չեն գործեր, որոնցմէ նաեւ այն, որ կը գտնուի «ճակատային գօտի», ուրուական քաղաք Աղդամի մէջ:

Մինչ պատերազմական գօտի չեղող Նախճաւան եկող զբօսաշրջիկը չի տեսներ հայկական ժառանգութեան վայրեր, ոչ ալ տարածաշրջանի առկայ հայկական արմատներուն կապուած յիշատակութիններ, ինչպէս միջնադարեան նշանակալի առեւտրական ցանցեր, զորս ստեղծեր են Ջուլֆայի առեւտրականները:  Ըստ Ինա Մկքեյբի’ Օրիանտալիզմը վաղ ժամանակակից Ֆրանսայի մէջ, Եւրոպական առաջին սրճարաններէն շատերը հիմնադրուեր են 17-րդ դարուն Ջուլֆայի առեւտրականներուն կողմէ` նպաստելով մշակոյթի ձեւաւորման, որ, ինչպէս կը գրէ Ադամ Գոպնիկը 2018 թ․-ի The New Yorker-ի վերջին համարին մէջ, «օգնեց հիմնել ազատական լուսաւորութեան հիմքը»:

 

Լուսանկարչական յիշողութիւններ

 

Ի տարբերութիւն ինքնահռչակուած ԻԼԻՊ-ի կողմէ մշակութային ոչնչացման, 1997 թուականէն մինչեւ 2006 թուականը Ատրպէյջանի գաղտնի քարոզարշաւը’ Նախճաւանի պատմական բնապատկերը վերափոխելու վերաբերեալ,  տարածաշրջանէն դուրս քիչերուն յայտնի է: Բայց Արգամ Այվազեանը (հայ գիտնական, հետազօտող) կանխատեսեր է համակարգուած ոչնչացումը դեռ տասնամեակներ առաջ:

 

Այվազեանը կանխատեսեր է, որ Նախճաւանի հայկական նիւթական ժառանգութիւնը դատապարտուած է վերացման, ինչպէս  տեղաբնիկ հայերը: Տեղի հայ բնակչութիւնը կրճատուեր է Կարսի եւ Մոսկուայի 1921 թ.-ի պայմանագիրներէն յետոյ, որոնց մէջ թիւրք բանակցողները խորհրդային Ատրպէյջանի վարչակազմին ներքոյ գտնուող տարածքը դիտարկեր են որպէս էքսկլավ («երկրի սահմաններէն դուրս գտնուող սեփական տարածք»): Այվազեանը 17 տարեկանին սկսեր է նկարահանել իր հայրենի Նախճաւանի մշակութային ժառանգութիւնը: 1964-1987թթ.-ներուն ան հաւաքեր է բաւականաչափ փաստաթուղթեր, ի վերջոյ հրապարակեր է 200 յօդուած, եւ աւելի քան 40 գիրք: Ան իր լուսանկարչական գաղտնի, վտանգաւոր առաքելութիւններուն ծախսերը ապահովեր է իր անձնական միջոցներով, եւ իրեն աջակցեր է իր ամենամօտ ուղեկիցը. «Իմ կինը իմ միակ նեցուկս էր», — կը նշէ Այվազեանը, «երբէք երբէք չէ բողոքած իմ երկարատեւ բացակայութիւններէն, նիւթական դժուարութիւններէն կամ մեր երեխաներու առաջնահերթութեան խնդիրէն»: Նախճաւանի իրեղէն  ապացոյցները չեն սահմանափակուիր միայն քրիստոնէական վայրերով. Այվազեանը նաեւ ուսումնասիրեր է տարածաշրջանի եօթ իսլամական դամբարաններ եւ 27 մզկիթ:

Դեռ սկզբնական շրջանէն Այվազեանը ըմբռներ է իր գործի լրջութիւնը եւ իր մէջ զարգացուցեր է տարբեր հմտութիւններ։  1965-ին, իր ծննդավայրին մօտ եկեղեցի լուսանկարելուն համար ոստիկանութեան բաժին տեղափոխուելէ ետք, Այվազեանը ահազանգ ստացեր է օրուայ ԿԳԲ-ի ղեկավարէն, ով պատանիին թէյի հրաւիրեր է: Վերջերս տուած իր հարցազրոյցին, Այվազեանը նշեր է, որ ընկեր Հէյդար Ալիեւը ռուսերենով իրեն ըսեր է. «Երբէք նման բաներ կրկին չընես, այստեղ հայկական բաներ չկան»:

Չորս տարի անց Ալիեւը պէտք է դառնար Խորհրդային Ատրպէյջանի ղեկավար, այնուհետեւ, 1993 թուականին, անկախ Ատրպէյջանի նախագահ: «Ով իմանար», — կ’ըսէ Այվազեանը Hyperallergic-ին, որ «այն մարդը ով ինծի ըսաւ չնկարել եկեղեցիները’ 30 տարի անց պիտի սկսի անոնց ոչնչացման գործընթացը»:

                      Surb Karapet (Holy Precursor Church) in Abrakunis, a major center of medieval Armenian theology (© Argam Ayvazyan archives, 1970-1981)

                       The flattened site where Surb Karapet previously stood, as of August 2005 in Abrakunis (today Əbrəqunus) (courtesy Steven Sim)

                       A mosque, opened in 2013, on the site of medieval Surb Karapet in Abrakunis (today Əbrəqunus) (courtesy Djulfa Virtual Memorial and Museum | Djulfa.com)

Ետկոմունիստական մանիֆեստ

2005 թ.-ի Օգոստոսին տարածաշրջանի իշխանութիւնները ձերբակալեցին մէկ այլ այցելող գիտնականի: Սքոտլանդցի հետազօտող Սթիւըն Սիմը այցելեր էր Նախճաւան, որպէսզի գնահատէ Այվազեանի կողմէ նկարահանուած հայկական եկեղեցիներուն վիճակը: Միջնադարեան եկեղեցիներուն փոխարէն’ Սիմը այստեղ գտաւ միայն ամայի տարածքներ, առանց բուսականութեան: Ոստիկանութեան մէջ հարցաքննողը արագ պատասխան տուաւ Սիմի այն հարցին, թէ ինչու հետազօտելու որեւէ բան չէր մնացած, «Հայերը եկան այստեղ լուսանկարներ ըրին … յետոյ վերադարձան իրենց երկիր եւ այդ լուսանկարներուն աւելցուցին Հայաստանի եկեղեցիներու լուսանկարները …Այստեղ երբէք հայեր չեն ապրած, ուստի այստեղ ինչպէ՞ս կրնային եկեղեցիներ ըլլալ», — ըսաւ ան: Հարցման վերջը Սիմին մինչեւ կէսգիշեր ժամանակ տրուեցաւ Նախճաւանէն հեռանալու համար: Սակայն այնտեղ կը գտնուէին Ջուլֆայի տապանաքարերը, զորս ան հասցուցեր էր տեսնել գնացքի պատուհանէն:

Surb Hakob (Saint Jacob), founded in the 12th century, the largest church of Shorot (© Argam Ayvazyan archives, 1970-1981)

No signs of Surb Hakob or the three adjacent churches of Shorot (today Şurud) in August 2005 (courtesy Steven Sim)

 

Չորս ամիս անց, 2005 թ.-ի Դեկտեմբերին, իրանական սահմանապահ ծառայութիւնը զգուշացուցեր էր Հիւսիսային Իրանի հայկական եկեղեցիի առաջնորդին, որ Ատրպէյջանի սահմանէն տեսանելի Ջուլֆայի գերեզմանատունը ռազմական յարձակման ենթարկուեր է: Եպիսկոպոս Նշան Թոփուզեանն ու անոր վարորդը շտապեր են տեսանկարահանելու 100-էն աւելի ատրպէյջանցի զինեալներուն, որոնք զինուած ըլլալով մուրճերով, բեռնաթափ մեքենաներով եւ ամբարձիչներով, ոչնչացուցին գերեզմանոցի մնացած 2000 խաչքարերը: Աւելի քան 1000-ը արդէն ոչնչացուեր էր 1998 եւ 2002 թուականներուն:

 

Անօգնական եպիսկոպոսը յիշատակի արարողութիւն կազմակերպեց մահացածներու անարգուած գերեզմանները յարգելու համար։

Սահմանի իրանական կողմէն վերցուած 2006 թուականի նկարները ցոյց տուին, որ զինուածներու հրացանները տեղադրուեր են այնտեղ, ուր նախկին գերեզմանատունն էր, ըստ էութեան, Ատրպէյջանի զինուած ուժերուն կողմէ կ’օգտագործուի նոր հարթեցուած հողը, հաւանաբար երեք գործօններու պատճառով, միջազգային սահմանին վրայ անոր նկատելի դիրքը, խաչքարերու համաշխարհային խոշորագոյն հաւաքածու ունենալու հեղինակութիւնը, եւ հայերու զանոնք պահպանելու մտահոգութեան բարձրաձայնումը։  Ջուլֆայի խաչքարերու ոչնչացումը Նախճաւանի հայկական անցեալի վերացման «մեծ եզրափակիչն էր»:

 

Քանի որ Ատրպէյջանը արգիլեց միջազգային հետազօտողներու այցը Նախճաւան, Գիտութեան Առաջընթացի ամերիկեան ընկերակցութիւնը (AAAS) մշակութային ոչնչացման դէպքերը հետախուզելու համար կիրառեց հեռակառավարման միջոցեր: Անոնց 2010 թ.-ի ուսումնասիրութիւնը եկաւ այն եզրահանգման, որ «արբանեակային ապացոյցները կը համապատասխանեն դիտորդներու հաշուետւութիւններուն, որոնք յայտներ են Ջուլիֆայի գերեզմանոցի հայկական իրեղէն ապացոյցներու ոչնչացման մասին»: 2013 թ.-ի Նոյեմբերին,  դէպի Ջուլֆայի մատուռ ուխտագնացի տեսք ընդունած յօդուածի հեղինակներէն մէկը Ատրպէյջանի մէջ գետի մօտակայքին ամայի խոտածածկ տարածքներ տեսեր է: Աշխարհի խոշորագոյն միջնադարեան հայկական գերեզմանատան բրոնզէ գեղազարդ քարերը այլեւս չեն եղած: Ան այնտեղ տեսեր է միայն հարթ ու ամայի տարածքներ, ուր կարծես թէ երբէք որեւէ մարդ չէ ալ եղած, ճիշտ այնպիսի վիճակ’ ինչպէս մտադրուեր են ընել ատրպէյջանցի առաջնորդները:

Ժխտողականութիւն Բաքուի կողմէ

«Ամբողջովին կեղծիք եւ զրպարտչական տեղեկատւութիւն … հայկական լոբբիի կողմէ»: Այս խօսքերով բնութագրեր է իրավիճակը Ատրպէյջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ ԿԳԲ-ի առաջնորդ, նախագահ Հէյդար Ալիեւի իրաւայաջորդն ու որդին է։ Մինչեւ 1994 թ.-ի հայ-ատրպէջանական հրադադարի ստորագրուիլը, այս հակամարտութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը, ազդեր է ողջ տարածաշրջանին վրայ: Այն հանգեցուց բազմաթիւ կորուստներու եւ տեղահանուած փախստականներու, որոնց մեծ մասը շրջապատող տարածքներէն էին։ Սակայն Ատրպէյջանի պատմական ռեվիզիոնիզմը, դեռ տասնամեակներ առաջ գոյութիւն ունէր մինչ 90-ականներու արիւնալի պատերազմը: 1950-ականներու կէսերուն Վիկտոր Շնիրելմանը  իր ռուսերէն «Յիշողութեան պատերազմներ» գիրքին մէջ կը գրէ, ատրպէյջանցի պատմաբանները նախաձեռներ են հակահայկական օրակարգ: Նման փոփոխութիւնը, հաւանաբար, տեղի ունեցեր է ի պատասխան Հայաստանի մէջ մշակութային զարթօնքին, որ, ինչպէս կը պնդէ ամերիկահայ գիտնական Պիետրո Շաքարեանը, առաջին սովետական հանրապետութիւններէն էր, որ ապրեր է «հալոցք» եւ «դեստալինիզացիա Հակահայկական ռեվիզիոնիզմի իւրաքանչիւր նոր փաստարկ, կը գրէ Շնիրելմանը, «բորբոքեր է ատրպէյջանցի հեղինակներու երեւակայութիւնը»: Օրինակ, 1975 թ.-ին Խորհրդային Ատրպէյջանի շինարարական նախագիծին հետեւանքով քանդուեցաւ հնագոյն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին: Ատրպէյջանցի պատմաբան Զիյա Բունիադովը ոչնչացումը այլ կերպ նկարագրեց: Եկեղեցին քանդելը աննշան բան մըն էր, քանի որ «իրական» Սուրբ Երրորդութիւնը’ Բունիադովը կտրուկ կը պնդէր, որ կը գտնուէր Ատրպէյջանի տարածքէն դուրս։ Տասնամեակներ անց, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ, ատրպէյջանցի պատմաբանները կը պնդէին, որ Նախճաւանի եկեղեցիները եւ խաչքարերը ոչ թէ միջնադարեան հայերու գործերն են, այլ երբեմնի «կովկասեան ալբանացիներու», որոնց շատ ատրպէյջանցիներ կը համարեն իրենց նախնիները: Սակայն, 2005-2006 թթ.-ներուն, երբ տարածաշրջանի քրիստոնէական վերջին հետքերը ոչնչացուեցան, ատրպէյջանական իշխանութիւնները այլեւս չանդրադարձան «կովկասեան ալբանացիներու» քննարկումներուն եւ սկսեցան քարոզել, որ Նախճաւանը  «հին եւ միջնադարեան թիւրք-իսլամական մշակոյթի» կեդրոն է, առանց խոր քրիստոնէական անցեալի մասին յիշատակութիւններու:

 

Հակառակ խիստ ժխտողականութեան, Նախճաւանի հայկական ժառանգութեան ոչնչացման ամենավաղ վկայութիւնը կուգայ նոյն Ատրպէյջանի կառավարութեան ներսէն: 2005 թ.-ի Դեկտեմբեր 6-ին, Ջուլֆայի աղետալի աւերածութիւններէն օրեր առաջ, Նախճաւանի տեղի կառավարիչ Վասիֆ Թալիբովը, ով նախագահ Ալիեւի հարազատներէն էր, հրապարակեր է թիւ 5-03 / S հրամանագիրը, պատուիրելով Նախճաւանի յուշարձաններու մանրամասն ցուցակը: Երեք տարի անց հետաքննութիւնը ամփոփուեցաւ Թալիբովի կողմէ խմբագրուած Նախճաւանի յուշարձաններու անգլերէն եւ ատրպէյջաներէն երկլեզու  հանրագիտարանին մէջ: 522 էջնոց «Հանրագիտարան»-էն կը բացակային 89 միջնադարեան եկեղեցիներ, 5,440 խաչքարեր եւ 22,000 տապանաքարեր, զորոնք Այվազեանը մանրակրկիտ կերպով փաստագրեր էր: «Այնուհետեւ 2005 թ.-ի Դեկտեմբեր 6-ին ըստ ընդունուած որոշման’ իւրաքանչիւր յուշարձանի համար անձնագիր պետք է տրուէր: Հայերը, որոնք թշնամանք կը դրսեւորեն մեր նկատմամբ, ոչ միայն Նախճաւանի տարածքային պահանջներն ունին, այլեւ մեր պատմական յուշարձաններուն նոյնպէս: Դատավարութիւնները մէկ անգամ եւս կ’ապացուցեն, որ Նախճաւանի հողը պատկաներ է ատրպէյջանական թիւրքերուն …»: 2009 թուականին Նախճաւանի իշխանութիւնները բացին նոր իսլամական դամբարան` որպէս «մարգարէ Նոյի վերականգուած ութերորդ դարու գերեզմանի յուշարձան», այնտեղ, որտեղ նախապէս եղեր է հայկական գերեզմանոց: 1896 թ.-ին իրական դիցաբանական դամբարանը Ժ. Թէոդոր Բենթն իր «Ժամանակակից ակնարկ»-ին մէջ նկարագրեր է որպէս յայտնի քրիստոնէական հայկական սրբավայր, թէեւ այլ դիտորդներ հաղորդեր են, որ մուսուլմանները նոյնպէս կը համարեն զայն սուրբ: Նման կերպով 2016 թ.-ին աւարտուած շինարարական նախագիծին հետեւանքով,  Երնջակ ամրոցը ներկայացուեր է որպէս վերականգնուած Ալինջայի ամրոց, առանց որեւէ յիշատակութեան անոր հայկական անցեալին մասին:

 

Այսօր Նախճաւանի միակ «վերապրած» քրիստոնէական վայրը այն է, ինչ ատրպէյջանական իշխանութիւնները կը կոչեն «Օրդուբադ տաճար», որ, ըստ Արգամ Այվազեանի, կառուցուեր է 1862 թ.-ին Արասխեաններուն կողմէ: 2016 թ-ին «վերանորոգումէն» յետոյ, ինչը զգալիօրէն փոխեց տաճարի նախկին շինութիւնը, ատրպէյջանական իշխանութիւնները վերաբացեցին զայն որպէս «տաճար-թանգարան»՝ իսլամական յուշարձաններու լուսանկարները ցուցադրելու համար:

Արժէքաւոր խիղճ

Միայն հայերը չեն, որ տուժեր են Նախճաանի մէջ Ատրպէյջանի կառավարութեան կողմէ պատժամիջոցներու հետեւանքով: Նախճաւանի մէջ հայկական արմատներու հաստատումը վտանգաւոր է ատրպէյջանցիներուն համար: 2013 թ.-ին նախագահ Ալիեւին անհանգստացուցեր էր այն, որ ատրպէյջանցի «Ժողովրդական գրող» Աքրամ Այլիսլիին` հայերու տառապանքներուն եւ հին ժողովուրդ ըլլալնլուն մասին վէպ հրատարակեր էր:  Վրդովուելով այն փաստէն, որ ան «Քարէ երազներ» պատմութեան մէջ անուաներ է «կանխամտածուած խեղաթիւրում», նախագահ Ալիեւը չեղեալ յայտարարեր է Այլիսլիի կենսաթոշակն ու «Ժողովրդական գրող» կոչումը: Այլիսլիի գրուածքները հանուեր են դպրոցական ուսումնական ծրագիրներէն, անոր գիրքերը հրապարակաւ այրուեր են, իսկ անոր ընտանիքի անդամները հեռացուեր են աշխատանքէն: Աւելի ուշ խումբ մը միջազգային մտաւորականներ առաջադրեր էին Այլիսլիին Նոբելեան մրցանակի համար:

Այլիսլին, ով տնային կալաքնի տակ էր «Քարէ երազանքներ»-ու հրապարակումէն յետոյ, երկար տարիներ բողոքեր է Ատրպէյջանի կողմէ Նախճաւանի հայկական անցեալի ոչնչացման համար: Տեղեկատւութեան համաձայն՝ ան վկայ եղեր է Ագուլիսի եկեղեցիներու ոչնչացման, եւ հեռացուեր է իր պաշտօնէն որպէս Ատրպէյջանի խորհրդարանի պատգամաւոր` 2005 թ.-ի աւարտին Ջուլֆայի քանդման դէմ բողոքելուն համար: Կ’ըսեն, որ Այլիսլին որոշեր է գրել «Քարէ երազներ»-ը Ջուլֆայի ոչնչացման տեսագրութիւնը տեսնելէ ետք: Սակայն նոր հրապարակուած գիրքը ցուց կուտայ, որ Այլիսլին առաջին անգամ բողոքեր է Նախճաւանի աւերածութիւներուն դէմ նոյնիսկ մէկ տասնամեակ առաջ: Այլիսլին կը գրէ. «Ես միշտ բաց արտայայտեր եմ [Վասիֆ Թալիբովին] որ Նախճաւանի մէջ հայկական յուշարձաններու զանգուածային ոչնչացումը մեր ժողովուրդի մեծ խայտառակութիւնն է»:  1997 թոիականին «երբ այդ հրեշաւոր վանդալիզմը նոր սկսեր էր» Այլիսլին հեռագիր ուղարկեր է Ատրպէյջանի նախագահին: Այլիսլին հեռագիրը հրապարակեր է 2011 թ.-ի գիրքին մէջ, ռուսերէն լեզուով, ընդամենը 50 օրինակով: Հեռագիրով կ’ըսուի.

Ատրպէյջանի Հանրապետութեան Նախագահ `Հէյդար Ալիեւին

Յարգելի պարոն նախագահ

Վերջերս յայտնի դարձաւ, որ իմ հայրենի Այլիս գիւղին մէջ լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին հայկական եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու վերացման համար: Վանդալիզմի այս արարքը կ’իրականացուի զինուած ուժերու ներգրաւմամբ եւ հակահրասայլային արկերու գործադրմամբ:. Ես Ձեզի իմ խորին մտահոգութիւնը կը յայտնեմ այս փաստին վերաբերեալ, նման անիմաստ գործողութիւնը համաշխարհային հանրութեան կողմէ կը դիտուի որպէս կրօնական եւ բարոյեական արժէքներու հանդէպ անհարգալից վերաբերմունքի դրսեւորում, եւ ես յոյս ունիմ, որ ձեր կողմէ հրատապ միջոցներ կը ձեռնարկուին այս ամենուն վերջ տալու համար:

Յարգանքներով,

Աքրամ Այլիսլի

10 Յունիս, 1997

Ռուս լրագրող Շուրա Բուրթինը 2013 թուականին Բաքուի մէջ հարցազրոյց վերցուցեր է Աքրամ Այլիսլիէն:  Աքրամ Այլիսլիի ծննդավայրին մասին պատմութիւններով հետաքրքուած ռուս լրագրողը Նախճաւան մեկներ էր իր աչքերով տեսնելու տարածքը: Բուրթինը վերջերս Hyperallergic-ի հետ ունեցած զրոյցին յայտնեց, որ «չէ տեսած այդ տարածքի փառահեղ անցեալի նոյնիսկ հետքը»: Ան նաեւ աւելցուց. «նոյնիսկ ISIS-ը չի կրնար նման էպիկական յանցագործութիւն կատարել մարդկութեան դէմ»:

Տարբեր ախտորոշումներ

Օտարերկրեայ դիտորդները Ալիեւի վաչակարգին կողմէ  Նախճաւանի հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը համարեր են որպէս արիւնալի Արցախեան պատերազմի վրէժխնդրութիւն, սակայն հայ գիտնականներն ու ատրպէյջանցի այլախոհներն ունին քանի մը լրացուցիչ տեսակէտներ:

Հայազգի հետազօտող Սամուէլ Կարապետեանը, որու Լեռնային Ղարաբաղի հեռաւոր միջնադարեան հայկական յուշարձաններու ջանասիրաբար ներկայացուցած փաստաթուղթերը’ «կառուցողական ծայրահեղ ազգայնամոլական»  համարուեր են, Ատրպէյջանի կողմէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը ան կը տեսնէ որպէս տարածաշրջանին «պատմական իրաւունքները» չէզոքացնելու փորձ: Այլ հայազգի հետազօտողներ Ատրպէյջանի հակահայկական ոչնչացման քաղաքականութիւնը կ’ընկալեն որպէս պանթիւրքիզմ գաղափարի իրականացման աւելի մեծ օրակարգի բաղկացուցիչ մաս: Հայ պատմաբան Էդուարդ Դանիէլեանի խօսքերով՝ «Ատրպէյջանի հրեշաւոր յանցագործութիւնները (հայկական միջնադարեան յուշարձաններուն դէմ) չեն հանդիսանար քաղաքակրթութիւններու կամ մշակոյթներու բախում, այլ 1915-1923 թթ.-ներու Ցեղասպանութեան շարունակութիւն»:

Նախճաւանի ոչնչացումներուն եւ Հայերու ցեղասպանութեան ժամանակ նիւթական ժառանգութեան ոչնչացման վնասները չափ չունին: Մինչ Առաջին համաշխարհային պատերազմը ըստ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան տուեալներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու թուաքանակը կազմեր է համապատասխանաբար 2,538 եւ 451, սակայն այժմ անոնք կամ ոչնչացուեր են կամ կ’օգտագործուին այլ նպատակնեով: Ֆրանսացի լրագրողներ Լոր Մարշանդը եւ Գիյոմ Պերրիերը կը գրեն. «Քանի որ հայերու կրօնական ժառանգութիւնը իրենց նախնիներու արմատներու ամենաուժեղ արտայայտութիւնն էր, այն հիմնական թիրախ դարձաւ բռնագրաւողներուն համար»:

Ի տարբերութիւն հայ հետազօտողներուն, ատրպէյջանցի այլախոհները յաճախ Նախճաւանի հայկական ժառանգութեան ոչնչացումը կը համարեն, որպէս Ատրպէյջանի վերնախաւի հակասութեան բոլոր ձեւերու ներքին ճնշման մաս:  2005թ․-ի Մայիսէն Բաքու-Թբիլիսի-Ջէյհան նաւթամուղի շահութաբեր շահագործումէն յետոյ, այդ բռնաճնշումը կարծես թէ ուժեղացաւ: Վասիֆ Թալիբովը հրապարակեր է թիւ 5-03 / S-ի հրամանագիրը, որով կ’ոչնչացուին հայկական մշակութային հետքերը Նախճաւանի, ընդամենը Եւրոպական նաւթամուղի բացումէն քանի մը ամիս անց։ Սակայն Թալիբովի շրջապատը ոչ միայն խաչքարերուն վրայ յարձակեցաւ: Անոնք նաեւ փակեցին տարածաշրջանի բազմաթիւ անհատական շինութիւններոի մեծ մասը։ Միեւնոյն ժամանակ Թալիբովը կը բացայայտէ մզկիթներ եւ արձաններ` յարգելով իշխող հարստութեան ղեկավար Հէյդար Ալիեւին: Ատրպէյջանի մէր վերջերս ձերբակալուած, Հոլանտաբնակ ատրպէյջանցի պատմաբան եւ յայտնի իրաւապաշտպան Արիֆ Յունուսը կը կարծէ որ Ատրպէյջանի նախագահի հակահայկական կեցուածքը թշնամանքով ուղեկցուող ազգայնամոլութիւն է, որ նպատակաուղուած է իր վարչակարգը ամրապնդելուն: «2003 թ․-ին իր հօրը փոխարինելէ ետք», — կը նշէ Յունուսը, «Իլհամ Ալիեւը Հակահայկականութիւնը հասցուց ֆաշիստական Գերմանիոյ Հակասեմականութեան մակարդակին»: Նախճաւանի միջնադարեան հայկական յուշարձաններու վերջնական զտումը, ըստ Յունուսի, կը բխէր Իլհամ Ալիեւի կողմէ իր ազգայնամոլական հաւատարմագիրերը խթանելու ցանկութենէն։

Թեեւ որոշ ադրբեջանցիներ իրենց կառավարութեան ցուցաբերած վանդալիզմը համարեր են որպէս արդար վրէժխնդրութիւն կամ հնարաւոր հայկական տարածքային պահանջներուն դէմ ազգային անվտանգութեան միջոց, միւս ատրպէյջանցիները, ի դէմս Աքրամ Այլիսլիի, կը սգան ոչնչացումը: Ըստ ատրպէյջանցի պատմաբանի՝  ժամանակակից Նախճաւանի բնակչութեան մեծ մասը (գրեթէ բոլորը մահմեդական), լաւ չեն ընդունած տարածքի քրիստոնէական ժառանգութեան անհետացումը: Այս մարդկանց շարքերուն են նաեւ ուսուցիչները, ովքեր իրենց ուսանողներուն ներկայացուցեր են այդ տարածքը։ Այնուամենայնիւ, «անոնք կը նախընտրեն լուռ զայրութը քան բանտարկումը»: Այլիսլիի 2018-ի ոչ գեղարուեստական Farewell շարադրանքին մէջ ան  նոյնիսկ կը պնդէ, որ քանդուած եկեղեցիներէն մէկուն տեղը հինգ տարի առաջ կառուցուած մզկիթը տեղացիներու զայրոյթը յառաջացուցեր է, քանի որ «Այիլիսի մէջ բոլորը գիտեն, որ եկեղեցիի տեղը կառուցուած մզկիթին մէջ յղուած աղօթքները չեն հասնիր Ալլահին»:

Բազմամշակութայիններ, ոչ թէ Վանդալներ

Նախագահ Ալիեւը խիստ քննադատութեան կ’ենթարկուի ատրպէյջանցի մտաւորականներու եւ մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հանրութեան շրջանակներէն ներս, բայց ան արտերկրի մէջ նոյնպէս կողմնակիցներ ունի: Ալիեւի վարչակարգի հակասական դիւանագիտութիւնը Ատրպէյջանին կը դարձնէ «հանդուրժողականութեան երկիր»: 2012 թուականին Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւնը բնութագրեր է Ատրպէյջանի  շռայլ ծախսերը լոբբինգի վրայ որպէս «խաւիարի դիւանագիտութիւն»։ 2015 Time ամսագիրը Ատրպէյջանին նկարագրեր է որպէս «հանդուրժողականութեան օազիս», ԱՄՆ-ի շարք մը օրէնսդիրներուն մօտ Ատրպէյջանի «օրինակելի միջկրօնական ներդաշնակութեան» գովեստները եւ Ատրպէյջանի փոխնախագահ Ալիեւի կնոջը `Ֆրանսայի առաջնորդներուն կողմէ տրուած մեդալները, ռուսական Ուղղափառ եկեղեցին եւ նոյնիսկ ՅՈՒՆԵՍԿՕ միջազգային կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղուի համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման գործով: Վերջինիս համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն կը նախատեսէ հանդիպիլ Բաքուի մէջ 2019-ի Յունիսին, որտեղ 19-րդ դարու նշանաւոր հայկական եկեղեցին է, որ կ’օգտագործուի այլ նպատակներով (որուն տարիքը «կ’ապացուցէ», որ հայոց պատմութիւնը Ատրպէյջանի մէջ կ’ընդգրկէ քանի մը դար) «հանդուրժողականութեան» տեսարժան վայր է:

ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի  Ատրպէյջանի հանդէպ գովասանքը շփոթութիւն յառաջացուցեր է: 2013 թուականին, այն բանէն ետք, երբ Ուաշինգտոնը դադրեց հովանաւորել ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ին, Ատրպէյջանը 5 միլիոն դոլար նուիրաբերեց կազմակերպութեան: Շուտով ատոր հետեւեցաւ Ատրպէյջանի «բազմամշակութայնութեան» եւ «հանդուրժողականութեան» գովասանքը: Նոյնիսկ Ատրպէյջանի նուիրատւութիւններէն առաջ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի ղեկավարները յատկապէս կ’անտեսէին Նախճաւանի ոչնչացումները, չնայած Շվեյցարիա-Հայաստան խորհրդարանական խմբի ներկայացրած փաստաթղթերին եւ հայկական ճարտարապետության ուսումնասիրությանը: Բացի այդ, 2009 թ. ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխավոր տնօրեն Կոիտիրո Մացուուրան միացավ Ադրբեջանի «Բաքվի միջազգային բազմամշակութայն կենտրոնին» որպես հովանավոր, իսկ նրա իրավահաջորդ Իրինա Բոկովան հաճախ է այլցելել Բաքու նախագահ Ալիեւի «Միջմշակութային երկխոսության համաշխարհային ֆորում»-ի շրջանակներում: Սակայն հստակ ապացույցներ չկան, գուցե, բացառությամբ The Guardian- ի 2017 թ Սեպտեմբերի 4-ի զեկույցի՝ «Մեծ Բրիտանիան՝ Ադրբեջանի փողերի լվացման և միջազգային լոբինգի 3 մլրդ դոլար արժողությամբ գաղտնի ծրագրի կենտրոնում»։ Լյուք Հարդինգի, Կաելաին Բարի եւ Դինա Նագապետյանցի այս հետազոտական հոդվածում խոսվում է Բոկովայի ամուսնուն փոխանցված կասկածելի վճարումների մասին։ Բարոյական է այս ամենտ թե ոչ, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-Ադրբեջան կապը, անկասկած, նպաստեց Նախիջեւանի հայկական անցյալի ոչնչացման միջազգային լռությանը:

Արդարության հետապնդումը

Չկարողանալով Ադրբեջանին պատասխանատվության ենթարկել Նախիջեւանի հայկական մշակութային ժառանգության ոչնչացման համար, հայերը եւ նրանց դաշնակիցները հասկացել են, թե ինչպիսի ձեւեր կարող է արդարությունը ստանալ: 2010 թվականին Հայաստանը համոզվեց ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի բազմազգ պետությունների կոմիտեին `«խաչքարերի սիմվոլիկան եւ արհեստավարժությունը» հայտարարել ՄԱԿ-ի կողմից մշակված ոչ նյութական մշակութային ժառանգության մաս, ինչը «հետմահու», բայց հարգանքի տուրք է Ջուլֆային:

Արեւմտյան Հայաստանի հայերի ասամբլեան հայց է ներկայացրել Ադրբեջանի դեմ Մարդու իրավունքների եվրոպական դատարան։

Ամբողջ աշխարհում ստեղծվել են Ջուլֆայի խաչքարերի մի քանի կրկնօրինակներ, այդ թվում `Ստրասբուրգում, Ֆրանսիայում Եվրախորհրդի կենտրոնակայանում եւ Դենվերում։ Ավստրալիայի կաթոլիկ համալսարանի Ջուլֆայի գերեզմանատան թվային նախկին նախագիծը՝ մշակված Ջուդիթ Քրիսփինի կողմից , նպատակ ուներ գրեթե վերարտադրել Ջուլֆան 3D տեսողական տեխնոլոգիաների միջոցով: Ծրագիրը ստեղծվել է այն նպատակով, որպեսզի, «ցույց տա նրանց, ովքեր ոչնչացնում են համաշխարհային ժառանգությունը, որ իրենց ջանքերն ապարդյուն են», — նշում է թվային մասնագետ Հարոլդ Շորթը: Մինչ Նախիջեւանի հայկական հուշարձանների հեռավոր վերականգնումը կամ հաշվետվողականության այլընտրանքային միջոցները չեն կարող միանշանակ հաստատվել: Փենսիլվանիայի մշակութային ժառանգության կենտրոնի տնօրեն Բրայան Դենիելսը նշում է. «Հենց իր տեղում վերակառուցման վերջնական հույսը հաշտեցումն է»: Դենիելսը, որը ԱՄՆ Կոնգրեսին ներկայացրել է մշակութային ոչնչացման հարցերը, նշում է, որ մասնագիտական փորձերը պետք է սկսվեն առնվազն մի քանի նյութական մնացորդներով, նույնիսկ եթե դրանք շատ փոքր են: Սակայն նույնիսկ այդ պահանջը բավարարելը «Ադրբեջանում արտառոց դժվարություն կլինի»:

 

Այսօր հետազոտող Արգամ Այվազյանին, ինչպես բոլոր հայկական ծագում ունեցող անձանց, արգելվում է Ադրբեջանի կառավարության կողմից այցելել հայրենի Նախիջեւան: Ծանր տանելով տասնյակ տարիների ընթացքում սիրով ուսումնասիրած հուշարձանների կորուստը, նա դատապարտում է միայն աշխարհի լռությանը: «Նախիջեւանի հայկական անցյալի ոչնչացում Ադրբեջանին ավելի վատն է դարձնում քան «Իսլամական պետությանը», սակայն ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ն եւ էլի շատերը դա պարզապես չեն նկատում:  «Իսլամական պետության» կողմից քանդված վայրերը, ինչպիսին Պալմիրան է, կարող է վերականգնվել, սակայն այն ամենը, ինչ մնացել է Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներից եւ խաչքարերից, որոնք կանգուն էին մնացել երկրաշարժերի արդյունքում, եւ տեսել էին Լենկթեմուր, Ստալին եւ խալիֆներ, իմ լուսանկարներն են»:

 

 

hyperallergic.com

Input your search keywords and press Enter.