Ալ-Հոբէյթի ազատագրումը Սուրիոյ նախագահ Բաշշար Ալ-Ասադի բանակին համար մուտք կ՛ապահովէ դէպի Իդլիբ նահանգի խոշորագոյն քաղաքը՝ Խան-Շէյխուն, ինչպէս նաեւ աւելի վերահսկելի կը դարձնէ Դամասկոս-Հալէպ մայրուղին:
Լոնդոնի մէջ տեղակայուած Սուրիական իրաւապաշտպան կեդրոնի տուեալներով քաղաքը զինեալ խմբաւորումներէն ազատագրելու գործողութիւններուն ժամանակ երկու կողմի զոհերուն թիւը կը հասնի աւելի քան հարիւրի:
ՄԱԿ-ի տուեալներով, Իդլիբի մէջ Ասադի կառավարական զօրքերու յարձակողական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր՝ Ապրիլէն սկսեալ, Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն աւելի քան 400 հազար մարդ դարձեր է փախստական, դատարկուեր են քաղաքներ եւ գիւղեր:
Իդլիբը Սուրիական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ մնացած վերջին նահանգն է, ուր կը բնակի մօտ 3 միլիոն մարդ, որոնց շարքին՝ հարիւր հազարաւոր փախստականներ երկրի այլ շրջաններէն: