Ասկերանի շրջանի Դաշուշէն համայնքը կը հաւակնի դառնալու զբօսաշրջային վայր ինչպէս մեր հայրենակիցներու, այնպէս ալ օտարերկրացիներու համար:
Ասոր մասին «Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ իր զրոյցին ըսեր է Դաշուշէն համայնքի ղեկավար Ռուդիկ Ասլանեանը:
Անոր խօսքով՝ համայնքի տարածքին տեղադրուած 50 մետր բարձրութեամբ լուսատու խաչը տեսնելու համար, շատերը կ՛այցելեն համայնք:
«Վերջին տարիներուն նկատելի է այցելուներու զգալի աճը, ինչը ողջունելի է: Հովանաւորչական միջոցներով վերջերս վերանորոգուեր է գիւղի եկեղեցին, որն եւս հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնէ մարդկանց մօտ: Թէեւ գիւղը փոքր է եւ ունի 137 բնակիչ, սակայն արտահոսք գրեթէ չկայ: Դաշուշէնը հարակից է Ստեփանակերտին, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ բնակիչները մշտապէս կը մնան իրենց գիւղին մէջ»,- աւելցուցեր է Ռ. Ասլանեանը: