Երեքշաբթի օր Ազգային ժողովը վաւերացուց Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը:
Փաստաթուղթը կը նախատեսէ համագործակցութեան լայն շրջանակ ՝ սկսելով ռազմական արդիւնաբերութենէն, ինչպէս նաեւ հետազօտական ոլորտով, նիւթատեքնիկական աջակցութեան, ռազմական բժշկութեան, խաղաղապահ ոլորտէն ներս համագործակցութեան:
Ներկայացնելով քննարկուող զեկոյցը՝ Պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը շեշտեր է, որ համաձայնագիրը նաեւ կը կարգաւորէ ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ հայկական զօրամասի Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: