Յաշար Քեմալին յիշատակը 

  • by Editbeglari, January 25, 2024 in Արմէնոսիդ
566 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքը կայացած է գիտաժողով՝  նւիրուած գրող Յաշար Քեմալը։ Նշինք, որ  Յաշար Քեմալին ծնողները Վանա լիճին մօտ գտնուող Արճէշեն էին, 1915թ. ռուսիոյ զորքին Վան մտնելեն ետք յաստատուած են Ադանային մէջ, որտեղ 1923թ. ծնուած է Քեմալ: Յաշար Քեմալին ջանքերու շնորհիվ 1951թ. կասեցուեցաւ Աղթամարին հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցիին ոչնչացման թուրքական իշխանութիւններու ծրագիրը։ Յայտնի փաստ է, որ թուրքական կառավարութիւնները կը ցանկընան ջնջիլ հայկական գոյութիւնը։

Անոր յայտարարութիւնը, թէ՝  «Մարդը տիեզերքին մէջ  այնքան տեղ կը զբաղեցնէ, որքան անոր սիրտն է, ոչ թէ մարմինը», կարտայայտէ Յաշար Քեմալին աշխարհայացքը։ Արժանանալով բազմաթիվ մրցանակներու Թիւրքիոյ մէջ եւ արտասահմանը, Թիւրքիոյ մէջ նա քննադատութեան ենթարկուեցաւ յատկապէս 1984թ եւ 2011թ., երբ ստացաւ Ֆրանսիոյ «Պատւոյ Լեգեոն» շքանշանը: Անոր կը մեղադրեին ՀԱՀԳԲ-ը աջակցող եւ Հայերու դէմ իրականացուցած  ցեղասպանութիւնը քրեականացնող օրէնք ընդունած Ֆրանսիոյ պարգեւներն ընդունելուն համար:

Այսօր Թիւրքիոյ մէջ շատերն են, որ բացայայտ կըսեն, որ չեն կիսեր Քեմալին քաղաքական հայացքները, սակայն կընդունեն, որ նա թուրքական արդի գրականութիւն հիմնասիւներեն մէկն է: 

Անոր թեկնածութիւնը բազմաթիվ անգամներ ներկայացուցած է Նոբելեան մրցանակի: Օրհան Փամուկին՝ Նոբելեան մրցանակ ստանալեն ետք շատերն այն կը պայմանաւորեին Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը ճանչընալով եւ ատոր մասին գրելով, նշելով՝ ինչո՞ւ չէր ստանա Նոբելեան մրցանակ Յաշար Քեմալ, որուն կանուանեն ամէնեն շատ Նոբելեան մրցանակ չստացած գրող: