Western Armenia TV-ի եթերով ՀՃՈՒ հիմնադրամի տնօրեն Ռաֆֆի Քորթոշեանը պատմեց Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներու եւ գիւղերուն մէջ կատարած աշխատանքներու մասին, ներկայացուց հիմնադրամի անցած ուղին, պեղուած եւ լուսանկարուած հնագոյն խաչքարերը, եկեղեցիները եւ անոնց մնացորդները։ Անդրադարձաւ Ջաւախքի եւ Արցախի մէջ տարուած աշխատանքերու մասին, նշեց այնտեղ գտնուող գտածոներու, անոնց կարեւորութեան եւ հայութեան համար որպէս մշակույթային անձանգիր ըլալու փաստը։
Ներկայացուց այն գիրքերը, որոնք հրատարակուեր են այս տարիներու ընթացքին՝ ինչպէս ՀՃՈՒ հիմնադրամի, այնպէս ալ հայկական մշակոյթի պահպանմանն ու ներկայացմանը նպաստող տարբեր բարեգործներու ջանքերով։