Արեւմտեան Հայաստանի Քիլիսի նահանգապետարանն յայտարարութիւն տարածած է , ըստ որուն՝  մինչեւ Սեպտեմբերի 30-ը արգիլուած է մուտք գործել անտառային տարածքներ:

Նահանգապետարանի գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ օդերեւութաբանութեան վարչութեան եղանակի կանխատեսուած շրջանակներուն ` սեզոնային ջերմաստիճանի բարձր ըլալլու պատճառով շրջանին մէջ կարող է աճիլ անտառային հրդեհները, որու պատճառով կայացեր են նախազգուշական նոր որոշումներ:Այս համաթեքսթին յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ իշխանութիիւններէն բացի այլ քաղաքացիներ չեն կարող մտնել Քիլիսի սահմանները գտնուող բոլոր անտառային տարածքներ մինչեւ Սեպտեմբերի 30 -ը. «Անտառներու շրջակայքին եւ անոնց հարակից ճանապարհներն արգիլուած է կազմակերպել ցերեկային հանգիստ: Անտառային օրէնքի 31-րդ եւ 32 -րդ կէտերու համաձայն՝ մասնաւորապէս անտառի հարակից գիւղեր ու գաւառներ, ինչպէս նաեւ  անտառի հետ կապ չունեցող բնակիչներուն արգիլուած է այրել կոճղեր, խաղողի այգիներէն, ձիթապտուղի այգիէն եւ դաշտի  գոյացած ճիւղերը եւ ցանկացած տեսակի բուսականութիւն: