Արարատ լեռին վրայ, որտեղ իջած է Նոյան տապանը, ոգեւորիչ զարգացումներ տեղի կ՛ունենույ: Տարածքին մէջ աշխատող հնագետները գտած են 7000 տարուայ վաղեմութեան կենդանութիւն վկայող մնացորդներ:

Կովկաս համալսարանի ուսումնասիրող ​​խումբերու կատարած վերջին յայտնագործութիւնը եւս մէկ անգամ բացայայտեց, թէ որքան կարեւոր է Արարատ լեռի տարածաշրջանը, որտեղ գտնուեր է նաւը եւ ի յայտ եկեր են 7000 տարուայ վաղեմութեան կեանքի հետքեր:

Հետազոտող խումբի ղեկավար, Կովկաս համալսարանի դասախօս, դոկտ. Այհան Եարդըմջըելը այս առնչութեամբ պատմած է որ․«Բազմաթիւ տեղացի եւ օտարերկրեայ հետազոտողներու ուշադրութեան կենտրոնին մէջ յայտնուած Դողուպայազեթ նահանգի Ուզենգիլի գիւղի սահմաններուն գտնուող Նոյան տապանին շատ մոտ գտնուող  տարածքի մը մէջ յայտնաբերուեր են խեցեղենի, կաւէ առարկաներու մնացորդներ ու օբսիդիանից պատրաստուած կտրող գործիք, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ կեանքը տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցեր է 6500-7000 տարի առաջ»:

Այս վերջին յայտնագործութիւնէն կերեւի, որ Դողուպայազեթ քաղաքի պատմութիւնը տարածուած է մինչեւ 6500-7000 տարի առաջ: