Արեւմտեան Հայաստանի Վան նահանգի Գիւրփնար գաւառին մէջ գտնուող Իրեմիր Բլուրին մէջ այս տարի կատարուած պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած է ուրարտական ​​քաղաքակրթութեան հուղարկաւորութեան աւանդոյթներն արտացոլող երկու դամբարաններ:

Գերեզմանները, որտեղ  ​​հուղարկաւորումն տեղի ունեցած է ուրարտական ոճով, գտնուած է գանձագողերու կողմէ աւիրուած տարածքին մէջ, բացի այդ, հնագէտները  հասած են տարբեր դարաշրջաններ լուսաբանող գտածոներու:

Ընդգծելով, որ պեղումներու ժամանակ գտած են կեանքի հետքեր, որոնք կը թուագրուին մոտ 5 հազար տարուայ, պեղումներու խումբի ղեկավարը կատարած է հետեւեալ գնահատականները. «Բլուրին մէջ յայտնաբերուած առաջին գտածոներու լոյսի ներքոյ մենք կը տեսնենք վաղ երկաթի դարի եւ վաղ պրոնզէ դարի ժամանակաշրջանի գտածոներ: Մենք կասկածներ ունէինք, որ այս վայրին մէջ եղածէ թէ բնակավայր, թէ կենցաղավարութիւն։ Նախ յայտնաբերեցինք միջ երկաթէ դարաշրջանին պատկանող գերեզմանոց տարածքի մը մէջ, որը որոշ չափով աւիրուած էր գանձախոյզներու կողմէ: Պեղումներու ժամանակ գտանք տարբեր ժամանակաշրջաններ մատնանշող գտածոներ: Մենք գիտենք, որ ուրարտացիներու թաղման արարողութիւններու ժամանակ մահացածի հետ նուէրներ կը դնեն: Պեղումներու ժամանակ, տարբեր խեցեղենի հետ մենք գտանք մեծ եղջերաւոր անասուններու եւ նոյնիսկ եղջերուներու ոսկորներ, ինչպէս նաեւ ծէսին առնչուող մանր եղջերաւորներու ոսկորներ, որոնց ընդունուած է անուանել հանգուցեալի սնունդ: Մահացածի մոտ գտնուած է նաեւ անվտանգութեան քորոց»: