Արեւմտեան Հայաստանի Կարինի մէջ յայտնաբերուած է 160 միլիոն տարուայ վաղեմութեան բրածոյ ծառերու մնացորդներ: Ծառերու բրածոները, որոնք գոյատեւած են մինչ օրս, կը պահպանեն իրենց նախնական տեսքը:
Տարածքէն վերցուած նմուշներու տարիքը վերջնականապէս կորոշուի Կ․Պոլիսի Ջերրահպաշա համալսարանի լաբորատոր հետազոտութենէն ետք: Փորձաքննութիւններէն ետք բրածոները կը հանեն ցուցադրութեան:
Ծառի բրածոները ամեն տեղ չեն հանդիպիր: Անոնք շատ իւրահատուկ կազմաւորումներ են եւ չեն կարող ամեն տեղ գտնուիլ: Անոնք կը հանդիպին տաք ջրային աղբիւրներու վայրերուն մէջ կամ հրաբուխային տարածքներուն: Որպէսզի տեղի ունենայ քարացման գործողութիւնը, պէտք է տեղի ունենան անհրաժեշտ բնական գործընթացներ։
Այն տարածքը, որտեղ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանը, մոտաւոր հաշուարկներով 160 միլիոն տարի առաջ ամբողջութեամբ ծածկուած եղեր է ծովով: Այն ժամանակ ցամաք չէ եղած։ Սակայն այս ծառերու առկայութիւնը ցոյց կուտայ, որ այստեղ որոշ տեղեր ցամաք եղած է, կամ պարզապէս Կարինը ծովափնեայ վայր եղած է: