Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող Պորտասար պաշտամունքի վայրը, որը ամեն տարի աւելի յայտնի կը դառնայ, 2018 թուականի Յուլիսի 1-ին ընդգրկուած է ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին:
Ըստ BBC-ի ճանապարհորդ-գրող Անտրու Քարիի, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Պորտասարի մէջ գրանցուած նոր յայտնագործութիւններու եւ նախորդ պեղումներու արդիւնքներուն աւելի սերտ դիտարկումը կը փոխէ Պորտասարը յայտնաբերող Կլաուս Շմիդտի աւելի վաղ առաջ քաշած տեսակէտները:
Կենտրոնական կառոյցը պաշտպանող հովանիի գլխաւոր պեղումներու ընթացքին հնագէտները ստիպուած եղան աւելի իջնելու այն խորութենէն, որը փորած էր Շմիդտը: Գերմանական հնագիտական ինստիտուտի խումբը, որուն կը գլխաւորէր Շմիդտին փոխարինող դոկտ. Լի Քլերը, պարզեր է, որ մեծ մոնումենտալ կառոյցներու հիմքերէն մի քանի մետր ներքեւ կը գտնուին տուներ եւ մշտական բնակելի տարածքներ:
Այս բացայայտումները կը նշանակէին նախապատմական ժամանակաշրջանի վերաշարադրում: Կը պարզուի, որ Պորտասարը պարզապէս մեկուսացուած տաճար չէ եղած, որտեղ մարդիկ հաւաքուած են հատուկ ծեսերու համար, այլ՝ աճող ու զարգացող գիւղ, որու կենտրոնին եղած են հատուկ կառոյցներ: Խումբը նաեւ յայտնաբերած է բլուրի վրայ կառուցուած մեծ ջրամբար եւ անձրեւաջուրեր հաւաքող խողովակներ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր աղացող գործիքներ, որոնք օգտագործուեր են վարսակի շիլա եւ հացահատիկէն գարեջուր պատրաստելու համար: