ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեանը Արցախի  մէջ հանդիպումներ ունեցած է Արցախի պետնախարար Արտակ Պեգլարեանի, ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի եւ Արցախի գիտական կենտրոնի  տնօրէն Անիուտա Սարգսեանի հետ:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ՝ յայտնած են, որ քննարկած են Արցախի գիտական կենտրոնի զարգացման եւ ուժեղացման հարցերը, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի գիտական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները:

Արցախի գիտական կենտրոնը ստեղծուեր է ՀՀ ԳԱԱ աշխուժ մասնակցութեամբ: 

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեր են ՀՀ ԳԱԱ-ի ինստիտուտներու աջակցութեամբ  Արցախի գիտական կենտրոնին մէջ նոր գիտական ուղղութիւններով լաբորատորիաներ ստեղծելու հնարաւորութիւնները: Նախատեսուած է   ստեղծել  երկրաբանութեան, ռատիոֆիզիկայի, ֆիզիոլոգիայի, աստղաբանութեան ուղղութիւններով նոր գիտական  խումբեր կամ լաբորատորիաներ: