Արեւմտեան Հայաստանի Ամասիայի Օլուզ Բլուրին մէջ ի յայտ եկած են 2500 տարուայ պատմութիւն ունեցող Արքայական ճանապարհի հետքերը: Պեղումներու ղեկավար պրոֆ. Դոկտ. Շեւքէթ Տոնմեզն պատմած է. «Արքայական կամ Պարսկական ճանապարհը, որը եզակի գտածոյ է, Արեւմտեան Հայաստանի ամենահին ճանապարհային համակարգերէն է»:
Օլուզ Բլուրն այնպիսի բնակավայր է, որն ուշադրութիւն կը գրաւէ իր արտասուոր գտածոներով, որոնք մինչեւ այսօր չեն հանդիպած Արեւմտեան Հայաստանի երկաթէ դարաշրջանի հնագիտութեան մէջ:
Տոնմեզը յայտարարած է, որ 28 մետր երկարութիւն եւ 8,5 մետր լայնութիւն ունեցող Պարսկական ճանապարհը, որու մէջտեղը բաց ջրատար կայ, գտածոներու ցանկի ամենակարեւորներէն է:
Բացատրելով, որ քարքարոտ ճանապարհը բնակավայրը երկու մասի կը բաժնէ, պրոֆեսորն կ՛ըսէ, որ հիւսիսային մասը հիմնականը կը գտնուին քաղաքացիական տարածքները, պալատներն ու առանձնատուները, իսկ հարաւային հատուածը առկայ են կրոնական, պաշտամունքային վայրերը։