Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մարգարետա Սեդերֆելտն անհրաժեշտ համարոած է կատարել աւելին Արցախի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:
Արմենփրես-ի փոխանցմամբ, այս մասին ան խօսած է ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի նիստին իր ելոյթի ժամանակ:
Ան ընդգծեր է, որ բացի այն որ Արցախի մէջ հրադադարի ռեժիմ է, սակայն պէտք է աւելի շատ քայլեր ձեռնարկել՝ երաշխաւորելու տեւական խաղաղութիւնը եւ թեթեւացնել քաղաքացիներու տառապանքները:
«Հենուելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններու հետ մեր յաջող համագործակցութեան վրայ՝ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովը կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ նպաստել միջխորհրդարանական երկխօսութեանը՝ աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին»,- ըսած է ան: