Կիլիկիայ – Աֆրինի մէջ կատարուող ներխուժման պատճառով թիւրքական BBC-ին կը տեղեկացնէ բազմաթիւ քաղաքացիներուն մահը: ՄԱԿ-ը, ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը, SOHR- ը, եւ BBC-ին տեղական աղբիւրներ են, որոնք հաղորդած են քաղաքացիներու մահուան թիւերը յայտարարութեան ժամանակ, գլխաւոր շտաբի եւ կառավարութեան մամուլի քարտուղար Բոզդաղը կը շարունակէ «Քարոզչութիւն» ընել:
Թիւրքիոյ Աֆրին գործողութեան 10-րդ օրն է, գլխաւոր շտաբի պետը կը պատասխանէ թիւրքական BBC-ի հարցերուն, կը ժխտէ այն փաստը, որ Աֆրինի գործողութեան ժամանակ անթիւ անհամար անմեղ քաղաքացիներ կը մահանան, եւ Թիւրքիոյ քաղաքացիներուն համար միջոցներ ձեռնարկած են, որպէսզի խուսափեն շատ կորուստ տալէ:
Բոզդաղը իր խօսքին մէջ կը նշէ, որ «քաղաքացիական զոհերու մասին տեղեկութիւնները Աֆրինի մէջ գործող քրդական խումբերու քարոզչութիւն են»:
ՄԱԿ-ի եւ UNICEF- ի նկարագրությունը՝ քաղաքացինրու մահուան հետ առնչուող
ՄԱԿ-ը այն կազմակերպութիւնն էր, որ առաջին զեկույցը փոխանցեց քաղաքացիներու մահուան մասին, ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղար Անտոնիո Գուտերեսի խօսքերով՝ անցեալ Երեքշաբթի օրը կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, Ստեֆան Դուջարիչը ըսած է. «Որոշ խաղաղ քաղաքացիներ մահացած են ռմբակոծուներու եւ բախումներու հետեւանքով»: Ստեֆան Դուջարիչը կոչ ուղղղած է բոլոր կողմերուն՝ «պաշտպանելու քաղաքացիները»:
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը՝ Յունիսեֆը, Ուրբաթ օրուայ յայտարարութեան ժամանակ ընդգծեց Աֆրինի մէջ մահացած երեխաներու իրողութիւնը, ներառեալ ընելով հետեւեալ յայտարարութիւնը. «ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը ստացած է ահազանգեր, որ Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնութիւններուն պատճարով՝ Աֆրինի հիւսիս- արեւմուտքին առնուազն 11 երեխայ զոհուած է, եւ շատ շատերն ալ վիրաւորուած են:
Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակի հաղորդմամբ՝ սպաննուած քաղաէացիներէն 17 հոգին երեխայ են
Թիւրքական BBC-ին կըսէ, լրաբերի ժամանակ Անգլիոյ մէջ գտնուող «ՍԻՊԳ»-ն Կիրակի օրը իր ելոյթին յայտարարած է, որ բախումներուն ժամանակ զոհուած էն 51 քաղաքացի: Գործողութիւնը տեւած է մինչեւ Կիրակիի առաւօտ, մեռեալներուն թիւը 51-ն է, 17-ն երեխաներ են, 7-ն ալ կին, կան նաեւ ծանր վիրաւորներ, եւ որովհետեւ Աֆրինի գործողութիւնը դէր չէ աւարտուած՝ թիւը փոփոխման եթակայ է:
ՍԱՆԱ. 86 ՔԱՂԱՔԱՑԻ Է ՄԱՀԱՑԱԾ
Սուրիոյ պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ Կիրակի օրը «BBC Turkish»-ի հրապարակած աղբիւրը կը հաղորդէ, թէ սպաննուած են ընդհանուր 86 խաղաղ բնակիչ, եւ վիրաւորուած են 198 քաղաքացի:
ՍԱՆԱ-ն նաեւ կը յայտարարէ, որ քարոզարշաւի եւ հակամարտութեան ժամանակ՝ քաղաքացինրուն տուները խիստ վնասուած են, նաեւ պատմական վայրերը՝ օրինակ «Սելահադդին Այուբի մզկիթը»-ը, «Ջենդարիսի գերեզմանատուն»-ը եւ Այլն:
Բոզդաղ. Մեր բարոյականութիւնը կ՛արգիլէ.
Բեքիր Բոզդաղն իր խօսքին մէջ կը նշէ. «Անհնար է որ TSK-ն վնաս պատճառէ քաղաքացիներուն, քանի որ մեր կրօնը, աւանդութիւնները եւ դաստիարակութիւնը զինուորականնեուն, յարգանքը կնոջ, երեխաներուն, տարեցներուն, քաղաքացիներուն, գիտնականներուն եւ անմեղներուն հանդէպ ՝ իրաւունք չի տար անոնց վնաս պատճառելու»:
Յիշեցնենք, որ 1917թ. Դեկտեմբերի 29-ին՝ Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհին կողմէ ընդունուած «Թիւրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Դեկրետով ճանչցուած է Թիւրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն: 1920 թ.-ի Յունուար 19-ին` Փարիզի Վեհաժողովին ժամանակ, Դաշնակից Տերութիւններու Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ դե ֆակտո (de facto), իսկ 1920 թ.-ի Մայիս 11-ին Սան Ռեմոյի վեհաժողովի ժամանակ դե յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: 1920 թ.-ի Նոյեմբեր 22-ին՝ ԱՄՆ նախագահ Վուդրո Ուիլսոնի Իրաւարար վճիռով որոշուեցաւ հայ-թիւրքական սահմանը:
Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանաչցուած առայժմ՝ Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալուն պատճառով:
Յիշեցնենք, որ 1894-1923թթ. Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներուն վրայ՝ թիւրքական երեք կառավարութիւններուն կողմէ ալ, բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարկուեր է Ցեղասպանութեան: