Արեւմտեան Հայաստան:Արեւմտեան Հայաստանի բնակիչները Ամառը իրենց հաւաքած խոտերը կը պահեն շտեմարաններու մէջ, ձմռան ձիերուն կապած սահնակներով պահեստէն կը տանին մինչեւ ախոր, որպէսզի կերակրեն իրենց անասունները:

Բեզիջերը «Իջմելեր» գաւառին կապուած գիւղի մը մէջ ամէն առաւօտ լուսածագին՝ կ՛երթայ մօտ 600 մետր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակելի տարածքը, ուր Ամառը հաւաքած կ՛ըլլան խոտի թեզերը:
Շտեմարանի խոտերէն Բեզիջերը կը բարձէ ձիերով կապուած սահնակներուն վրայ, եւ մեծ դժուարութիւններով կը հասնի գիւղ: Բեզիջերը ամբողջ Ձմեռ այս խոտերով կը կերակրէ իր անասունները:

Բեզիջեր ընտանիքէն Էմրէ-ն կը նշէ, որ Ձմեռը կենդանիները կերակրելն ու անոնց յոգատարութիւնը շատ աւելի դժուար է:

Էմրէն կը պատմէ, որ օրուայ ընթացքին երկու անգամ անասուններուն խոտ կուտան, «Մենք խոտի խուրձը կը կրենք, բայց հեռու շտեմարաներէն ձիերով կը բերենք, ձիերուն կապուած սահնակները անփոխարինելի միջոց են, որովհետեւ Ձմեռը ձիերուն կապուած սահնակներով կը կրենք նաեւ փոքր կենդանիները, միեւնոյն ժամանակ կը կատարենք ուրիշ աշխատանքներ ալ»:

Աղբիւր dogubayazitgazetesi.com