ԼԻՈՆ – Թիւրքիոյ ֆաշիստական կառավարութեան կողմէ Աֆրին քաղաքի դէմ մղուած ռազմական գործողութիւններուն պատճարով՝ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ ֆրանսացի հայրենասէր յեղափոխականներն ու դեմոկրատները քայլերթով բողոքեցին:
Քայլերթն սկսեցան մետրո Պրոտոքսէն, եւ Ռուսական հիւպատոսարանին դիմաց ծաղկեպսակ դնելէ ետք՝ քալեցին մինջեւ վերջին կանգառ, ուր թիւրքական հիւպատոսարաններն են:
Ամբողջ քայլարշաւի ժամանակ՝ «Թող անիծուի Թիւրք կարավարութիւնը» , «Մարդասպան Էրդողան», եւ «Ամէնուր Աֆրին է, ամէնուր պայքար» բարձրաձայն կոչերով քալեցին:
Իրենց դրօշակներով զանգուածային ձեւով բողոքի երթին մասնակցեցան «Մեսոպոթամիա մշակութային միութիւն»-ը, «Պարտիզան»-ը, «Հայրենասիրական յեղափոխութեան երիտասարդական կառոյց»-ը, «Նոր կին»-ը, «Լիոնի երիտասարդ կոմունիստներ»-ը, «Լիոնի հակաֆաշիստներ»-ը, «CGA»-ն: