Թիւրքիայէն դէպի Աֆրին զօրաշարժ – Ձիթենիի Ճիւղ
Արեւմտեան Հայաստան – Հայկական Ակօս թերթի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ էստուքեանը կը հաստատագրէ, թէ Թիւրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի յայտարարութիւնը թիւրքական զինուած ուժերուն դէպի Աֆրին «Ձիթենի Ճիւղ» զօրաշարժին մասին՝ ցնցած է Թիւրքիոյ հայերը, նաեւ կը պնդէ, որ պատրիարքարանը միշտ կը փորձէ իշխանութեան գոհունակութիւնը ապահովել:
Սպուտնիք Արմենիային այս առնչութեամբ տուած հարցազրոյցին՝ Ակօս հայկական շաբաթաթերթի խմբագիր էսդուկեան նշելով Թիւրքիոյ հայերու ցնցուած ըլլալը յայտարարութենէն, կ՛աւելցնէ. «Յունական պատրիարքարնին պէս՝ Հայոց պատրիարքարանը եւս այս առիթով պէտք չէր յայտարարութիւն տարածէր: Քանի որ այդ ձեւով յաջողութիւն կը մաղթէր ռազմական գործողութեան մը՝ որ ուղղուած էր բաւական թիւով հայերով բնակեցուած տարածքին»:
էստուկեան նշեց, որ պատրիարքարանը միշտ կ՛աճապարէ գոհացնել Անկարային, և այդպիսով կը փորձէ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի գնահատականը շահիլ:
«Ստորացնող վերաբերմունք մը»
Էստուքեան նշեց հետեւեալը. «Այսպիսի վերաբերմունքը ստորացուցիչ է յատկապէս հայերու համար: Պատրիարքարանը այս ձեւով վնաս հասցուց Թիւրքիոյ մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կարգավիճակին: Եթէ իրենց հարցնէք՝ կը պատասխանեն թէ ամէն ինչ կ՛ընեն հայերու օգուտին համար, սակայն ճշմարտութիւնը այդպէս չէ»:
Էստուքեան աւելցուց, որ Թիւրքիոյ հայերը կը դատապարեն յայտարարութիւնը, որ հակասական է իրենց մտայնութեան:
«Վերէն եկող ճնշման հետեւանքը»
Մյուս կողմից թիւրքագէտ Տիրան Լոքմակէօզեանը տեսակետ յայտնեց, որ այս յայտարարութիւնը բխած է վերին ղեկավարութեան ճնշման հետեւանքով:
Ըստ Լոքմակէօզեանի՝ «Պետք է մտածել, թէ պատրիարքարանին ովքեր մղած են նման յայտարարություն ընելու: Ըստ երեւոյթին, վերեւներէն եկած ճնշման հետեւանք ըլլայ»:
Լոքմակէօզեան կը բացայայտէ, վերջին տարիներուն պատրիարքարանի Թիւրքիոյ քաղաքականութեան մէջ մտնելու ցաւալի փաստը: