Արեւմտեան Հայաստան- Աշխարհի բոլոր երկիրներու ֆուտբոլային ֆեդերացիաները, որպէս օրէնք՝ կապուած են Ֆիֆա-ին: Կայ նաեւ համաշխարհային միութիւն, որ կազմուած է այն թիմերէն, որոնք չեն ներգրաւուած այս միութեան մէջ:
Անունը CONIFA է, Անկախ ֆուտբոլային կազմաւորումներու միութիւն:
Հիմնադրուած է 2013 թ., եւ կը ներկայացնէ այն երկիրները, որոնք չեն ստացած պետական կարգավիճակ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան եւ որոշ տարածաշրջաններու կառոյցներուն կողմէ, եւ ինքնավար կառոյցներ, դե ֆակտո ազգեր՝ բնակչութեան փոքրամասնութիւններ:
Կը կազմակերպեն միջազգայն օրեր այդ տարածաշրջաններու խումբերուն միջեւ՝ ինչպէս Ֆիֆաի հաւաքականները կը կազմակերպեն դէմ դիմած գալով:
Հիւսիսային Կիպրոսի Թիւրքական Հանրապետութիւնը նույնպէս այս լիգային մէջ կը գտնուի «Հիւսիսային Կիպրոսի» անունով, եւ կը պատրաստուի ազգային հաւաքականներուն հետ հանդիպելու: CONIFA-ի խումբը կազմուած է մօտաւորապէս 50 մասնակիցներէ, ուր յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ Արեւմտեան Հայաստանի թիմը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչը նախկին կապիտան Յարութիւն Վարդանեանն է:
Արեւմտեան Հայաստանի conıfa կայքը կ՛ընդգրկէ «Այսօրուայ Թիւրքիայի տարածքներուն մէջ յայտնուած արեւմտեան մարզը», եւ Ակրնայ ներառնել նաեւ Կիպրոսը, Արեւմտեան Հայաստանի ֆուտբոլի միութիւնը կը գտնուի Էրզրումի շրջակայքին:
Միասնութեան լաւագոյն կազմակերպութիւն է, եւ Ֆիֆա-ի Աշխարհի Գաւաթի խաղին հավասար է CONIFA-ի Աշխարհի Գաւաթը:
Այս կազմակերպութիւնը երկու տարին մէկ հանդէս կուգայ մրցոյթներով, եւ այս տարի Մայիս-Յունիսին Լոնդոնի մէջ տեղի կ՛ունենան խաղերը, որոնց մասնակից խումբերը արդէն հաստատուած են վիճակահանութեամբ:
Հիւսիսային Կիպրոսի թիմը, որ նախորդ գաւաթի համաշխարհային խաղերուն ընթացքին երրորդ տեղը զբաղցուցած էր, եւ Աբխազիան հիւրընկալած էր զայն, անոր մէջ ընդգրկուած էին Տիբեթի եւ Ֆելվիդեկի խումբերը, ինչպէս նաեւ վերջին ախոյեան Աբխազիան:
Այն թիմերը, որոնք գրաւած են առաջին երկու տեղերը՝ շատ մեծ հաւանականութեամբ հանդիպին ու մրցակցին Հիւսիսային Կիպրոսի եւ Արեւմտեան Հայաստանի խումբերուն հետ:
Կը հիշեցնենք, թէ 1917թ. դեկտեմբերի 29-ին Խորհուրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհի կողմէ ընդունուած «Թուրքահայաստանի մասին» (Արևմտյան Հայաստան) Դեկրետով ճանչցուած է Թուրքահայաստանի (Արևմտյան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնայ որոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութեան: Իսկ 1920թ. հունուարի 19-ին՝ Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ, Դաշնակից Տերութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դե ֆակտո (de facto) ճանաչցուեցաւ այն՝ որպես անկախ և ինքնիշխան պետություն, որու սահմանները Թուրքիոյ հետ 1920թ. նոյեմբերի 22-ին սահմանագծած է ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Վիլսոնը: Պարտադիր է նշել, որ Արևեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չի ճանչցուած՝ Թուրքիոյ կողմէ ձեռբակալուած ըլլալու պատճառով: