Արդէն քանի օր է, որ Թիւրքիան ներխուժած է Սուրիա, եւ հարուածներ կը հասցնէ քրդերու ուժերուն: Թիւրքիան կը շարունակէ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը՝ հակառակ շարք մը երկիրներու կողմէ արտայայտուած տարբեր գնահատականներուն, ըսաւ Թիւրքիոյ նախագահ Ռեջեպ Թայիպ Էրդողանը՝ թիւրք զինուորի յուղարկաւորութեան ժամանակ, ով զոհուած էր Սուրիոյ Աֆրինի մարտական ընդհարումներուն ժամանակ։ Էրդողանի խօսքով՝ Թիւրքիան կը հաւատայ «Ձիթենիի ճիւղ»-ի գործողութեան յաջողութեան, որ ուղղուած է PYD-ի եւ YPG-ի ահաբեկիչներուն դէմ։
Ան նշած է, որ բոլորը պէտք է գիտնան, որ Անկարան տրամադրուած է իր սահմաններուն մօտ ահաբեկչութեան օջախներուն լիարժէք ոչնչացումին։
Թիւրքիոյ հարաւային Քիլիս նահանգի համանուն զինուորական կեդրոնն ու Հաթայ նահանգի Ռեյհանլի քաղաքի ուժերը կրկին հրթիռակոծումի ենթարկած են Սուրիական Աֆրինի տարածքը։ «Աֆրինի կողմէ Քիլիսի ուղղութեամբ հրթիռ արձակուած է, անմիջապէս դէպքի վայր գացած են արտակարգ ծառաիւթիւններու նախարարութիւնը, ոչ ոք տուժած է»,- գրուած է Քիլիսի նահանգի վարչակազմի տարածած հաղորդագրութիւններուն մէջ։ Սուրիական տարածքի շրջանին կողմէ, որու վրայ կատարուած է յարձակումը՝ թիւրքական թնդանօթին պատասխան կրակ բացուած է։
Աշխարհը կը շարունակէ հետեւիլ Թիւրքիոյ գործողութիւններուն: Թիւրքիոյ ղեկավարը կը քննարկէ իրավիճակը՝ առաջնորդներուն հետ միասին: Էրդողանը զանգած է Պուտինին, եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք՝ Կրեմլինի հաղորդագրութեան համաձայն, Պուտինը ընդգծած է, որ պէտք է յարգել Սուրիոյ ամբողջական տարածքը եւ ինքնիշխանութիւնը: Միջազգային ԶԼՄ-ները կը յիշեցնեն իրենց աղբիւրներով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Դոնալդ Թրամփը եւս կը ծրագրէ «շուտով» խօսիլ Էրդողանի հետ ռազմական գործողութիւններուն կապակցութեամբ, իր անհանգստութիւնը արտայայտելու համար:
Արդէն յայտնի է, որ Թիւրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահները Չորեքշաբթի հեռախօսազրոյց պիտի ունենան: Թիւրքիոյ արտգործերու նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն կը յայտնէ Փարիզէն՝ ԱՄՆ-ի պետքարտուղար Ռեքս Թիլեսոնի հետ հանդիպմումին արդիւնքները։ Չաւուշօղլուի խօսքով՝ զրոյցը անցուցած է ամերիկեան կողմը։ «Պարոն Թրամփը կը ցանկանայ զրուցել Թիւրքիոյ նախագահին հետ,
զրոյցի յստակ ժամանակն արդէն համաձայնեցուած է»,- ըսած է դիւանագէտը։
Թիւրքիոյ ԱԳ նախարարը նաեւ նշած է, որ Թիլեսոնի հետ հանդիպումին ժամանակ քննարկած է Սուրիոյ իրավիճակը։ Չաւուշօղլուն ամերիկեան կողմին տեղեկացուցած է Անկարայի անհանգստութեան մասին՝ Սուրիայի PYD/PKK-YPG ահաբեկիչներուն զէնք մատակարարելուն հետ կապուած. «Ես յիշեցուցի Թիլերսոնին՝ Թիւրքիոյ լուրջ անհանգստութեան մասին Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու բանակ ստեղծելու ծրագիրին առնչութեամբ։
Պետքարտուղարը պատասխանած է, որ Վաշինգտոնը պիտի չաջակցի YPG-ի գաղափարին։ Չորեքշաբթի օրը նախագահները կը քննարկէն այս նիւթը»։
«Թիւրքիոյ բանակը Սուրիոյ հիւսիսին մէջ սկսած գործողութիւնները պիտի շարունակէ երկար ժամանակ, քանի որ խնդիրները դեռ լուծում չեն գտած երկրի քաղաքականութեան ղեկավարնեուն կողմէ», Սերինյոի բնակավայրի այցելութեան ժամանակ նշած է Թիւրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Հուլուսի Աքարը:
Աֆրինի ծաւալուած «Ձիթենիի ճիւղ» զին-գործողութիւնը կը շարունակուի երկար ժամանակ, քանի դեռ չէզոքացուած չէ վերջին ահաբեկիչը: «Մենք այդ գործողութիւնը սկսած ենք, որպէսզի կարենանք պաշտպանել մեր երկրի սահմանները միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ` հեռու մնալով քաղաքացիական անձերէն ոեւէ մէկուն վնաս հասցնելէ», կը վստահեցնէ թիւրքական բանակի հրամանատարը` դիմելով ցամաքային, ծովային եւ ռազմաօդային ուժերու բարձրաստիճան սպաներէն կազմուած անդամներուն:
Սուրիացի քիւրտերը կը պնդեն, որ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են Թիւրքիոյ օդուժերուն կողմէ կատարուած յարցակումնրուն պաճարով, նամանաւանդ քրտական ուժերէն կազմուած «Սուրիոյ ժողովրդական ուժեր»-ու ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ երեկուայ օդային հարուածներուն պաճարով Աֆրինի մէջ զոհուած են 18 բնակիչ, որոնց մեծ մասը կին եւ մանուկներ են:
«Սուրիոյ ժողովրդավարութեան ուժեր»-ը վստահ է, որ Թիւրքիան չէր համարձակէր ռմբակոծել իրենց գիւղերը, եւ չէր սպաններ մարդոց՝ եթէ Ռուսիան չհրաժարուէր իր բարոյական պարտականութիւններէն, եւ յոյս չտար Թիւրքերուն», կը նշէ Սուրիացի քիւրտերու պաշտօնական ներկայացուցիչ Կինո Գաբրիէլը:
Աֆրինի մէջ կատարուած ռազմական գործողութիւններուն հաւասար՝ Թիւրքիոյ մայրաքաղաք Անկարան կը փորձէ նաեւ ներքին լայն աջակցութիւն ապահովել: Թիւրք փաստաբանները աշխուժօրէն կը դիտարկեն ընկերային ցանցերուն մէջ տիրող տրամադրութիւնները` լռեցնելու համար Աֆրինի մէջ ընթացող գործողութեան որեւէ քննադատութիւն:
Թիւրքական աղբիւրներուն հիմքին վրայ՝ մէկ օր առաջ ամբողջ երկիրը համացանցին մէջ կը քննադատէր, «Ձիթենիի ճիւղ»-ի գործողութիւնը, որու պատճառով 42 հոգի օգտատէր ձեռբակալուած են: Թիւրքական դատախազութիւնը զիրենք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան քարոզչութիւն ընելու» մէջ:
Զգալի ձեւով, թիւրքական կառավարութիւնը կրցած է ունենալ նաեւ ընդդիմութեան աջակցութիւնը: Անկարա` վարչապետի նստավայրին մէջ հանդիպած են Թիւրքիոյ կառավարութեան ղեկավար Բինալի Յըլդըրըմը եւ առաջատար ընդդիմադիր կուսակցութեան` Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչդարօղլուն:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն վերջ՝ թիւրքական ընդդիմութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ «Աֆրինի գործողութիւնը անխուսափելի» է:
Թիւրքիոյ մայրաքաղաք Անկարան կը փորձէ ձեռք բերել նաեւ Թիւրքիոյ մէջ ապրող կրօնական փոքրամասնութիւններուն` նաեւ հայերուն աջակցութիւնը, եւ կը յաջողի: Երկուշաբթի ուշ գիշեր Պոլսոյ Հայերու պատրիարքարանի ֆեյսբուքի էջին յայտնուեցաւ կարճ յայտարարութիւն մը, ուր գրուած էր․ – «Պոլսոյ Հայերու պատրիարքարանը Թիւրքիոյ զինուած ուժերու ձեռնարկած «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան յաջողութիւն կը մաղթէ։ Հայոց պատրիարքարանը կ՛աղօթէ Թիւրքիոյ Հանրապետութեան պահպանման, հայրենիքի ամբողջականութեան եւ ժողովուրդի միասնութեան համար»:
Այս զեկոյցին ի պատասխան՝ Թիւրքիոյ նախագահական խօսնակ Իբրահիմ Քալընը Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է․ «Կրօնական համայնքային հիմնադրամները, Հայոց պատրիարքարանն ու Թիւրքիոյ հրեական համայնքը մեր բանակի եւ պետութեան կողքին են: Երախտապարտ ենք»: