Այս մասին յայտնած է Մեծ Բրիտանիայի ԱԳՆ կայքը:

«Միացեալ Թագաւորութիւնը ողջունած է ԵԱՀԿ համանախագահներուն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարներուն վերջին համատեղ յայտարարութիւնը, որն կատարուած է ՄԱԿ-ի 76-րդ Գլխաւոր ասամբլեայի ժամանակ: Գոհունակութիւն կը յայտնենք, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը նոյնպէս մասնակցած է հանդիպմանը:

Միացեալ Թագաւորութիւնը վերահաստատած է իր ամբողջական եւ անվերապահ աջակցութիւնը Ֆրանսիայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի ջանքերուն՝ որպէս Մինսքի խումբի համանախագահներ: Կը հորդորենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շարունակել երկխօսութիւնը Մինսքի Խումբի համանախագաներու հետ՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեանը ընդմիշտ վերջ դնելու եւ հակամարտութեանն առնչուող բոլոր հարցերը կարգաւորելու համար»,- կ՛ըսուի Միացեալ Թագաւորութեան ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: