Դեկտեմբեր 11-ին Արևմտեան Հայաստանի հարավարեւելեան Շրնաք նահանգի «Քրդստանի աշխատաւորական կուսակցութեան» զինեալներու դէմ գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորուած թուրք զինծառայողը աւելի ուշ մահացած է հիվանդանոցի մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնի թուրքական պետական «Անադոլու» գործակալութիւնը։
Ըստ աղբիւրի՝ քուրդ զինեալները ինքնաշեն պայթուցիկ սարք պայթեցուցած են, երբ Թուրքական ժանդարմերիայի 23-րդ սահմանապահ դիվիզիոյ զինծառայողները Գաբար լեռան շրջանին գործողութիւններ իրականացուցած են։ Վիրաւորված ժանդարմը տեղափոփոխուած է Շրնաքի հիվանդանոց, որտեղ արդեն մահացած է։
Թուրք ոյժայինները կը շարունակէն քուրդ զինեալներու դէմ գործողութիւնները ինչպէս Շրնաք նահանգի մէջ, նոյնպէսալ մի շարք այլ նահանգներու։
Թուրքական ԶՈւ ԳՇ տվեալներու համաձայն՝ դեկտեմբեր 1-7-ը ոյժայինները «վնասազերծած են» PKK-ի 20 զինեալի։ Նշուած ժամանակահատուածին թուրքական կողմէ կորուստներու մասին տվեալներ չեն փոխանցում։
Թուրք-քրդական բախումները վերսկսած են դեռեւս 2015-ի ամառը ։ Երկու տարի է աւելի շարունակուող բախումներուն երկու կողմերն ալ ունին մեծաթիւ մարդկային և նիւթական կորուստներ։ Բախումները առաւել ակտիվ եղած են 2015-ի ամառ – 2016-ի ձմեռ ժամանակահատուածին, երբ քրդերն առաւել ոյժեղ դիմադրութիւն ցոյց կ’ուտան։
Կը հիշեցնենք, որ 1917թ. Դեկտեմբերի 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհի կողմէ ընդունուած «Թուրքա-Հայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստան) Դեկրետով ճանաչցուած է Թուրքա-Հայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնորոշման իրավունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն:
Իսկ 1920թ. Հունվարի 19-ին՝ Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ, Դաշնակից Տերութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դե ֆակտո (de facto) եւ 1920թ. Մայիսի 11-ին՝ Սան-Ռեմոյի համաժողովի ժամանակ դե յուրէ (de jure) ճանչցաւ այն՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, որի սահմանները Թուրքիոյ հետ 1920թ. նոյեմբերի 22-ին սահմանագծած է ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Վիլսոնը:
Հարկ է նշել, որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանաչցուած՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնազավթուած ըլլալու պատճառով:
Կը հիշեցնենք, թէ 1894-էն միչեւ 1923թ. Արեւմտեան Հայաստանի գրաուած տարածքներուն թուրքական երեք կառավարութեան կողմէ բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարուած է Ցեղասպանութեան: