2018 թ. դարադարձի սեմին, կ’ուզենք վերյիշեցնել պատմական իրողութիւն մը, եւ քաղաքական ճշմարտութիւն մը՝ անշպար, անպաճոյճ, անողոք եւ առարկայական խօսքերով։

20-րդ դարի երկայնքին ստեղծուած՝ Արեւելահայաստանի երեք հանրապետութիւնները՝ վճռորոշ, կամ՝ որոշիչ հետեւանքը չէին, մեր կողմէ նախաձեռնուած ազգային ազատագրական արիւնալի պայքարին, կամ՝ համակարգային երկու յեղափոխութիւններու՝ դրամատիրականին յառաջընթաց սոցիալիստականի անցումին, եւ՝ սոցիալիստականէն յետընթաց դրամատիրականի վերադարձին համար, այլ՝ դուրսէն հարկադրուած ու պայմանադրուած էին. դրսեկ էին, եւ միայն մասնակիօրէն հետեւանքն էին ներսէն՝ ինքնապաշտպանութեան արիւնալի ճակատամարտին, համակարգային արիւնալի ապստամբութեան եւ ոչ արիւնալի համակարգային փոփոխութեան զանգուածային ցոյցերու։

Առաջինը՝ հետեւանքն էր Անդրկովկասեան ՍԷՅՄին տարանջատումին, որ ճամբան բացաւ Արեւելահայաստանի մեկուսացումին, եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ Պաթումի խաղաղութեան դաշնագիրը ստորագրելու համար պայման դնելու՝ Արեւելահայաստանի անկախութեան հռչակումը, անոր պարտադրելու համար ստրկական դաշնագիրը, եւ Արեւելահայաստան ստորագրեց զայն, եւ հռչակեց անկախութիւն, հակառակ՝ Սարդարապատի յաղթանակին, նախընտրելով՝ ստրկական խաղաղութիւնը, քանի որ կարող չէր շարունակելու պատերազմը…։ Եւ Սիմոն Վրացեան գրեց՝ որ թուրքերը պայման էին դրել անկախութեան հռչակումը, եւ մենք՝ հիւանդ զաւակ ծնած մօր մը պէս՝ յայտարարեցինք անկախութիւնը… («Հայաստանի Հանրապետութիւն»)։

Երկրորդը՝ հետեւանքն էր Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան յաղթանակին, եւ թէեւ՝ 1920 թ. Մայիսեան ապստամբութիւնը ճզմուած էր, Նոյեմբեր 29-ին՝ Արեւելահայաստանի իշխանութիւնը յանձնուեցաւ Խորհրդային Յեղկոմին։

Երրորդը՝ հետեւանքն էր Սովետ Միութեան կազմալուծումին, եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած ՀՀՇ-ն՝ զանգուածային խաղաղ ցոյցերով՝ առիթէն օգտուեցաւ յայտարարելու՝ անկախութիւն։

Այսքանը վերյիշեցնելու համար պատմական իրողութիւնը։

Իսկ քաղաքական ճշմարտութեան վերյիշեցումին համար կը գրենք հետեւեալը։

Ներկայիս՝ Սէուտ-Արաբիան ստանձնած է Թուրքիոյ դերը ՕԹԱՆ-ի մէջ, Իսրայէլի հետ գործակցաբար՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի որոշումով, քանի որ Թուրքիա ձախողած ըլլալով Սուրիոյ մէջ, եւ Ռուսաստան՝ Սուրիոյ մէջ իր հզօր միջամտութեան շնորհիւ՝ տարածաշրջանին մէջ շահած ըլլալով անմրցելի հեղինակութիւն, Էրտողան՝ դիմաշրջում կատարած է Արեւմուտքէն՝ Արեւելք…։ Մանաւանդ՝ երբ ամերիկացի հեղինակաւոր լեզուաբան եւ քաղաքակրթական վերլուծաբան Նօամ Չոմսքի կը խօսի ամերիկեան երազին հոգեհանգիստին մասին, իր “Requiem of American Dream” գիրքին մէջ…։

Այս դիմաշրջումը Թուրքիոյ՝ Էրտողանի իրատեսութեան արժանիքին, փրակմաթիզմին, պատեհապաշտութեան, կարելիին գիտակցելու ռէալ փոլիթիքին հետեւանքն է, ուր կարելի միակ նպաստաւորն է Թուրքիոյ համար, իսկ մասնակիօրէն հայանպաստ եւ միաժամանակ հայավնաս զարգացում մըն է…։ Մասնակիօրէն հայանպաստ՝ քանի որ դէպի Ռուսաստան դիմաշրջումով եւ ՕԹԱՆ-էն հեռացումով՝ Թուրքիա պարտաւոր է հրաժարելու, գէթ ժամանակաւորապէս, իր փանթրքական ծրագրէն (որ ուղղուած է՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի դէմ), եւ յարգելու՝ Ռուսաստանի դաշնակից Հայաստանի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Կը մնայ՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան խնդիրը, որուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ այս դիմաշրջումը՝ մասնակիօրէն հայավնաս է, որովհետեւ՝ կրնայ մասնակիօրէն տկարացնել Փութինեան Ռուսաստանի վճռականութիւնը՝ Թուրքիոյ պարտադրելու՝ ոչ միայն «Թուրքահայաստանի անկախութեան մասին» դեկրետին գործադրութեան հարցին մէջ, այլեւ՝ Սեւրի դաշնագրին եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռին կապակցութեամբ։ Այսինքն՝ այս երեք միջազգային վաւերագրերուն ամբողջական գործադրութիւնը։ Անոնք, որոնք ցանկատեսութիւն կը նկատեն Փութինեան Ռուսաստանի մտադրութիւնը՝ Թուրքիայէն պահանջելու այս երեք միջազգային վաւերագրերու գործադրութիւնը գէթ մասնակիօրէն, պէտք է ուշադրութեամբ կարդան Ռուսաստանի ներկայի եւ ապագայի գործակից Գերմանիոյ «Տէ Վելթ» թերթի 11 Նոյեմբեր 2012 թուակիր համարի «1918-2018… Հին Հակամարտութիւններ Կը Վերադառնան Իրենց Սկիզբին» վերնագրով վերլուծողական գրութեան հետեւեալ տողերը.

«Թուրքիա եւս այսօր՝ որեւէ ժամանակէ աւելի, մտահոգուած է իր երէկի դիրքին կորուստով… աշխարհ կ’ապրի այսօր՝ 1918 թուի անկայանութեան իրավիճակը… եւ հին հակամարտութիւնները առաջնահերթ պիտի ըլլան՝ 2018 թուին» (տես՝ «Ալ-Հայաթ»ի 22 Նոյեմբեր 2017 թուակիր համարը)։

Այս համոզումը ունի նաեւ պետական վերնախաւը, եւ այս համոզումին հետեւանքն էր Գերմանիոյ ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան։

Սակայն, այս երեք միջազգային վաւերագրերուն գէթ մասնակի գործադրութիւնն անգամ՝ կախեալ է Տարագիր Արեւմտահայութեան եւ Արեւելահայաստանի պետութեան միատեղ աշխատանքէն ու իրաւա-քաղաքական հետեւողական պայքարէն՝ միջազգային հարթակի վրայ, հրաժարելով՝ մեր ցարդ վարած աղաչական պահանջատիրութեան կրաւորական ու ձեռնպահ քաղաքականութենէն, որ կարծէք՝ հիմնուած է մեր երեք հանրապետութիւններուն դրսեկութեան նախընթացներուն կրկնուելու հաւանականութեան պատրանքին վրայ…։

Մինչեւ երբ՝ պիտի շարունակենք խաբուիլ մեր իսկ կողմէ յօրինուած պատրանքներէն ու ցանկատեսութիւններէն, եւ մնանք՝ անշարժ ու ձեռնպահ, երկինքէն սպասելով՝ մանանան…։

Ուր մնաց մեր ժողովուրդին յեղափոխական սարդարապատեան ու արցախեան ոգին։ Կորսնցուցա՞ծ ենք մեր հաւատքը՝ մեր վերստին ծառանալու ուժին հանդէպ։ Արդէն սկսած ենք հաւատա՞լ Մատթէոս Առաքեալին վերագրուած սա ստրկամիտ ու հալածախտական քարոզին. «Երանի սգաւորներուն. երանի հեզերուն. երանի անոնց որ հալածուած են՝ արդարութեան համար. երանի ողորմածներուն…», որոնք չեն պատկանիր Առաքեալի մը, այլ՝ շահագործող ու հալածող իշխաններուն ու դասակարգերուն։

Իմաստութեան սկիզբը՝ Աստուծմէ վա՞խն է, թէ՝ մօտիկ անցեալի Արցախի դասը սորվիլն է։ Աստուած՝ հաւատացեալէն, հաւատաւոր մարդէն՝ ոչ վախ եւ ոչ ալ ստրկութիւն կը պահանջէ, այլ՝ կը պահանջէ հաւատալ՝ Արցախի դասին։ Այս ուրացող վերեւներու  անհաւատները ժամանակավրէպ դարձած են այսօր՝ երբ մեր թշնամին, հիւլէական «ԱՔՈՓՕ» կայանը կը հիմնարկէ՝ Ռուսաստանի՝ մեր դաշնակիցին օգնութեամբ…։ Արթնցէ՛ք պարոնայք անհաւատներ, որպէսզի չկորսնցնենք նաեւ մեր վերջին ստրատեգիական դաշնակիցը, որուն շահերը կը համընկնի՛ն մեր ազգային գոյութենական շահերուն հետ՝ փանթրքական վտանգին դէմ…։

Այսպիսի անհաւատներ՝ վա՛ր թող տապալուին իրենց ղեկավարի աթոռներէն։ Թող սասանին ու փշրին անհաւատներու բարձր բերդերն անառիկ, եւ իյնան վար՝ անոնց պատնէշները՝ զրահապատ եսութեանց մենաշնորհային, եւ թող շուտով բացուին դռները՝ մեր ժողովուրդին կենսունակ ու մարտնչող ուժերուն առջեւ…։

Այստեղ կ՚ուզենք վերյիշեցնել Էդիկ Յովհաննիսեանի հետեւեալ կանխագուշակումը՝ «ԴՐՕՇԱԿ»ի 15-28 Յուլիս 1993 թուակիր համարին մէջ, իր «Ուր Ենք Մենք» խորագրով գրութենէն.

«Մենք պէտք է ունենանք յստակ դիրքորոշում՝ դաշնակիցներ շահելու համար, եւ չասել այն աբսուրդը, թէ մենք անկախ ենք։ … Ռուսական ազգային շահերի ոլորտում է, որ Հայաստանը որոշ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում։ … Աշխարհը շարժւում է դէպի ազգային կառոյց։ Հաւանաբար մօտիկ ապագայում՝ Չինաստան, Ճապոնիա, Գերմանիա եւ Ռուսաստան դառնան ազգային բեւեռի պաշտպաններ, եւ՝ ջախջախիչ հարուած տան՝ ամերիկա-սիոնական ապազգային բեւեռին։ Ազգային բեւեռի յաղթանակը անխուսափելի է… եւ ապազգային բեւեռը կը խորտակուի վերջնականապէս։ Հետեւաբար, մեր ներկայ կացութիւնը ստիպում է մեզ կանգնել՝ պատնէշի ազգային կողմում կանգնած բանակի շարքերում»։

 

Հայ Սփիւռքը, որուն տուժած հայրենազրկեալ մեծամասնութիւնը՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է, որ պէտք չէ սահմանափակուի՝ լոկ բարոյական ճանաչում ու դատապարտում մուրալու քաղաքականութեամբ, այլ՝ պէտք է կեդրոնանայ իրաւաքաղաքական պայքարի միջազգային դաշտին մէջ, հետապնդելով սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւն, կեդրոնաձիգ ինքնակազմակերպումով, Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներու ստեղծման նախաքայլերը առնելով, եւ Տարագիրի գիտակցութեան ընդհանրացումով, որ ոչ միայն կ՚առաջնորդէ հայրենազրկեալի քաղաքական պայքարի յանձնառութեան, այլեւ՝ շօշափելի, ստոյգ եւ գործնական նպատակ մը կը հայթայթէ հայապահպանումի ճիգին, որ պէտք չէ մնայ՝ ինքնանպատակ քարոզ, որ չունի հայրենազրկեալութեան գիտակցութեան քաշողական հզօր շարժառիթն ու հիմնաւորումը՝ հայապահպանումին։

Այսպիսի սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեամբ միաւորուած եւ հզօրացած Հայ Սփիւռքը՝ շատ աւելի հզօր նեցուկ մը կը հանդիսանայ Արեւելահայաստանին, քան՝ Հայաստանակեդրոն (Արեւմտահայաստանը նկատի չառնող) քաղաքականութիւնը։ Արեւմտահայաստանը նկատի չունեցող Հայաստանակեդրոն քաղաքականութեան մահաբեր հետեւանքին մասին, Յ. Պալեան «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»ի 26 Յունուար 2010 թուակիր համարին մէջ գրած է հետեւեալը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Հայ Ժողովուրդի Շահերու Շփոթ Կայ» վերնագրին տակ.

«Բռնագրաւեալ Հայաստանը եւ անոր ժողովուրդը՝ Արեւմտահայութիւնը, որպէս այդպիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղ չունին։ Սփիւռքը եթէ այս կացութիւնը ըստ արժանւոյն չտեսնէ եւ չգնահատէ՝ կը կնքէ իր լուծարքը, կը թաղէ ազգի իրաւունքները…»։

Նաեւ՝ միայն այսպիսի միաւորուած, միակ գլուխ ունեցող Սփիւռքի գոյառումով է որ կարելի կը դառնայ ստեղծումը՝ իրօք եւ ճշմարտապէս «Համազգային Խորհուրդ»։ Ճիշդ է թէ՝ Արեւելահայաստանի առկայութիւնը այսօր՝ շօշափելի իրականութիւն է, իսկ ստեղծուելիք Սփիւռքը այսօր գոյութիւն չունի տակաւին, սակայն Սփիւռքը՝ համահայութեան թիւին 80 տոկոսը կը կազմէ, որուն միաւորումով եւ հզօրացումով միայն՝ կարելի կրնայ դառնալ ուռճացումը՝ Արեւելահայաստանի 20 տոկոսին։ Ուրեմն, սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւնը համահայկական գերագոյն եւ հեռանկարային շահերուն տեսակէտէն՝ առաջնահերթն է։

Այս գրութեան հեղինակը բնա՛ւ յաւակնութիւնը չունի միա՛կ մունետիկը եղած ըլլալու սփիւռքակեդրոն քաղաքականութեան առաջնահերթութեան, քանի որ ամէն հայրենասէր ու տեսլական ունեցող անհատ կամ կազմակերպութիւն, արդէն անդրադարձած կ՚ըլլան այս քաղաքականութեան ճշմարիտ առաւելութեան՝ Հայաստանակեդրոն (Արեւմտահայաստանը անտես առնող) քաղաքականութեան վրայ, եւ կարիքը չունին ու չեն սպասեր մէկու մը կոչին, կանչին կամ քարոզին, քանի որ՝ ինչպէս ըսած է ֆրանսացի հիւլէագէտ Ժօլիօ Գիւրին, «Ճշմարտութիւնը առանց վիզայի կը ճամբորդէ…» բոլոր պայծառատես միտքերէ ներս։

Եւ սակայն, կրաւորական անդրադարձումը՝ ապարդիւն կը մնայ, եթէ պայծառատեսները դանդաղին, տնտնան ու ձեռնպահ մնան։ Անհրաժեշտ է որ անոնք արագ շարժին, կազմակերպուին եւ զօրաշարժի մղեն Տարագիր Արեւմտահայութեան ներուժի բոլոր բաղադրիչները՝ հետապնդելու համար սփիւռքակեդրոն քաղաքականութիւնը, որպէսզի՝ կարողանան աւելի լայնածաւալ աշխատանքներ իրականացնել, քան՝ իրարմէ անջատ անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը մնան տկար եւ կեդրոնախոյս, կամ՝ իրար խաչաձեւող, յամրաքայլ ու ոչ արագաշարժ, մինչդեռ այսօր՝ աշխարհի քաղաքական զարգացումները արագընթաց են, եւ կը պահանջեն՝ որ մեր քաղաքական կամքը դրսեւորուի ոչ միայն հաւաքականօրէն, այլեւ արագընթաց ձեւով, ստեղծելու համար Տարագիր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ իրաւական միակ լիազօր կառոյցը։

Ներկայացուցչականի, այսինքն՝ ընտրեալի հանգամանքը, այն նախապայմանն է Միջազգային Հանրային Իրաւունքին, որպէսզի՝ այդ կառոյցը օժտուած նկատուի՝ իրաւական անձնաւորութեամբ (personne juridique), եւ հետեւաբար, Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ենթակայի (sujet) կարգավիճակով, որպէսզի ընդունելի եւ լսելի դառնայ միջազգային ատեաններու կողմէ։

Ցարդ մեզի ծանօթ միակ կառոյցը Սփիւռքի մէջ՝ որ ընտրուած է, «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան» այն «Ազգային Ժողով»ն է, որ ընտրուած է 2014 թուին, 17,832 «քաղաքացի»ներու կողմէ, եւ՝ կը բաղկանայ 64 երեսփոխաններէ, որոնք եկած են հայկական 10 գաղթօճախներէ եւ գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի մի քանի տակաւին չբացայայտուած քաղաքներէ…։

2004 թուին, Արցախի մէջ՝ ազատամարտիկներու եւ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան Ազգային Խորհուրդ»ի նախագահը՝ Արմենակ Աբրահամեան, որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր 21-ին, բանախօսութիւն մը տուաւ Հայկազեան Համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, յիշեց նաեւ, թէ՝ արդէն «Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան գրանցուած քաղաքացիներու թիւը այսօր հասած է՝ մոտ 22,000-ի», եւ թէ՝ «2018 թուի Դեկտեմբերին կայանալիք Ազգային Ժողովի նոր ընտրութիւններուն մասնակից պիտի ըլլան շատ աւելի մեծ թիւով գրանցուած քաղաքացիներ»։ Եւ աւելցուց. «Իսկ եթէ Տարագիր Հայութեան ունեցած ահռելի մեծ միջոցներն ու ունեցած հնարաւորութիւնները գործի լծուին սոյն նպատակին համար, վստահ ենք, որ այս թիւը՝ շատ կարճ ժամանակի մէջ՝ կը դառնայ տասնապատիկ եթէ ոչ հարիւրապատիկ»։

Հետեւաբար, եթէ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը հիմնական շրջադարձ չկատարէ եւ չյեղաշրջէ իր աւանդական կրաւորականութիւնը, եւ միջազգային քաղաքական արագընթաց զարգացումներուն հանդէպ մնայ դիտորդի կարգավիճակին մէջ, մենք չենք կրնար օգտուիլ նոյնիսկ՝ միջազգային հայանպաստ զարգացումներէն։ Հարկ է որ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը գիտակցի իր հայրենազրկեալի ստիպողական դերի ուժին, եւ կիրարկէ զայն ճիշդ պահուն եւ ճիշդ ձեւով։ Այս հարցին մէջ՝ մեր ներուժի տարբեր շերտերու որակական, կազմակերպուած եւ համադրական մասնակցութիւնը խիստ անհրաժեշտ է։

Ֆրիդրիխ Նիցչէ ըսած է. «Անցեալը՝ ապագան կը լուսաւորէ, իսկ ապագան՝ անցեալը»։ Անցեալը մոռցած շարժում մը՝ չի կրնար լաւ ապագայ կերտել։ Դժբախտաբար, միջազգային հարթակի վրայ՝ 1912-1920 տարիներուն, Պօղոս Նուպարի ծաւալած դիւանաքաղաքական կարեւոր աշխատանքին ունեցած իրաւական առանցքային ձեռքբերումները՝ մենք ոչ միայն չշարունակեցինք հետապնդել, այլեւ՝ ըստ արժանւոյն  չկրցանք գնահատել, եւ մեր մամուլին ու քաղաքական գրականութեան մէջ չունեցան բաւարար անդրադարձում։ (Այս մասին օգտակար աղբիւր մըն է Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի խմբագրութեամբ, այս տարի, Տպարան Շիրակէն լոյս տեսած վաւերագրերու ժողովածուն. «Արեւմտահայաստանի Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916» վերնագրով)։ Ընդհակառակը, Արեւելեան Հայաստանի իրերայաջորդ երեք նախագահները՝ Արեւմտեան Հայաստանի ի նպաստ այդ ձեռքբերումները գերեզմանեցին իրենց պարտուողական անպատասխանատու ելոյթներով ու քայլերով։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ մեր պատմական իրաւունքները համարեց իռացիոնալ ռոմանտիկա, Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց. «Ես ռոմանթիք չեմ՝ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիայից», իսկ Սերժ Սարգսեան, «ֆութպոլային» դիւանագիտութիւն վարելով, ստորագրեց «Ցիւրիխեան Փրոթոքոլ»ները, առանց նախապայմանի…։ Ասոնք մոռցան անցեալը եւ անցեալի ոչ միայն պատմական իրաւունքները, այլեւ՝ այդ իրաւունքները հիմնաւորող Պօղոս Նուպարի ձեռքբերումները։

Կասկած չկայ թէ՝ մեծ տէրութիւնները լաւ կը ճանչնան Արեւմտահայաստանի հարցը, բայց, անոնց հարցին պարզապէս իրողական, հրապարակային ճանաչումին անգամ հասնելու համար, մենք պարտաւոր ենք՝ քաղաքականօրէն ներկայ ըլլալու միջազգային հարթակին վրայ՝ մեր զանգուածային ցոյցերով, հաւաքներով, իրաւատէրի ելոյթներով եւ մեր ներուժին ու վճռակամութեան ցուցադրումով։ Որովհետեւ՝ մեծ տէրութիւններու նեցակցութիւնը մեզի՝ կրնայ իրականանալ միայն այն ժամանակ, երբ մենք կը յաջողինք անոնց ցոյց տալ ոչ միայն մեր ուժականութիւնը, այլեւ՝ մեր եւ անոնց փոխադարձ շահերը։ Իսկ մենք այդ փոխադարձ շահերը կրնանք ցոյց տալ միայն այն տէրութիւններուն, որոնց ազգային շահերը կը համընկնին մերիններուն հետ՝ մեր երկու կողմերուն հասարակաց թշնամիին դէմ, ինչպէս է պարագան՝ փանթրքական ծրագրին դէմ՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շահերուն համընկնումին։ Ֆրանսացի պատմաբան Էմիլ Տումերկ (Emile Doumèrgue), Սան-Սթեֆանօ–Պերլինի օրերէն, խօսած է այս ճշմարտութեան մասին, զոր մէջբերած է Մեթր Կարապետ Իզմիրլեան՝ իր «Հայ Ժողովուրդի Քաղաքական Ճակատագիրը» հատորին մէջ.

Դիտորդի կարգավիճակին մէջ մնալով՝ մեր պահանջատիրութիւնը կը զգենու՝ աղաչանքի, մուրացիկութեան հանգամանք…։

Ներուժի ցուցադրումն ու փոխադարձ շահերն են, որոնք կրնան ցոյց տալ մեր «երկաթէ շերեփ»ը։

 

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէյրութ
26 Նոյեմբեր 2017