Turkey’s Incirlik base built on lands belonging to Armenians: clergy VIDEO
Թուրքիոյ ինջիրլիք օդանաւակայանը կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան հայկական սեփականութիւն հանդիսացող հողերու վրայ:
Այս մասին Վաշինկտոնի մէջ կայացած կրոնական ազատութեան միջազգային խորհուրդի ժողովի ընթացքին հայտարարած է եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Վիգեն Արքեպիսկոպոս Հայկազեանը:
Ըսած է նաեւ, թէ Թուրքիան օդանաւակայանը կը տրամադրէ ԱՄՆ-ին:
«Մենք այդ երկրի մէջ երբեք փոքրամասնութիւն չենք եղած, մենք Կոստանդուպոլիսի եւ Փոքր Ասիոյ բնիկ ժողովուրդ ենք»,- ըսած է Վիգեն Արքեպիսկոպոս Հայկազեանը:
Իր խոսքով՝ միայն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ ցեղասպանութիւն գործած է 2600 է աւելի Հայկական եկեղեցի եւ վանք, իսկ այսոր կը գործէ միայն Ախթամար կղզիի եկեղեցին, բայց՝ տարին միայն մէկ օր:
«Վերջին 10 տարիներու ընթացքին մենք փորձած ենք Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետ կապ հաստատենք իրաւաբաներու միջոցով, սակայն՝ ապարդիւն»,- ըսած է Արքեպիսկոպոսը:
Կը հիշեցնենք, թէ 1917թ. Դեկտեմբեր 29-ին խորհուրդային Ռուսաստանի ժողկոմխորհի կողմէ ընդունուած «Թուրքահաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայատանի) դեկրետով ճանչցուծ է Թուրքահայաստանի (Արեւմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնաորոշումի իրաւունքը՝ ընդհուպմինչ եւ լիակատար անկախութիւն:
իսկ 1920թ. Հունուարի 19-ին՝ Փարիզի վեհաժողովի ժամանակ, դաշնակից տերութիւններու գերագոյն խորհուրդը դե ֆակտո (de facto) եւ 1920թ. Մայիսի 11-ին՝ Սան-Ռեմոի համաժողովի ժամանակ դե յուրէ (de jure) ճանչցուեցաւ այն՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն, որու սահմանները Թուրքիոյ հետ 1920թ. Նոյեմբերի 22-ոն սահմանը գծած է ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Վուդրոյ Վիլսոնը:
Ի հարկ է նշենք որ Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած չէ՝ Թորքիոյ կողմէ բռնազավթուած ըլլալու պատճաով:
Կը հիշեցնենք, թէ 1894-է մինչեւ 1923թ. Արեւմտեան Հայաստանի գրաուած տարածքներու մէջ Թուրքական երեք կառավարութեան կողմէ բնիկ Հայ ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան: