Արեւմտեան Հայաստանի Վան քաղաքի մէջ 1891 թուականին Գերմանացի գիտնական Waldemar Belck-ի կողմէ հայտնաբերուած Արարատ-Ուրարտու ժամանակաշրջանին պատկանող 2800 տարուայ պատմութիւն մը ունեցող “Ստել”ը 120 տարի հետոյ Վանի Մուրատիէ կոջուած ավանի մէջ գտնուեցաւ:
“Van Yüzüncü Yıl Üniversitesi” անուան Համալսարանի Հնագիտութեան Բաժինի դասախոս դոցենտ Բիլջան Գյոքչէի գլխաւորութեամբ Վան կենդրոն, Մուրատիէ եւ Թուշբա ավաններուն մէջ “Հնագիտութեան և արձանագրութեան բացահայտումներու լոյսի ներքոյ Վանա լիճի ավազանի Արարատ-Ուրարտական Ժամանակաշրջանի Ճանապարային երթուղիները” անունով սկսած է մակերեսային ուսումնասիրութիւններ:
Ուսումնասիրութիւններու ժամանակ Մուրատիէ ավանին պատկանող թաղամասի մէջ Արարատ-Ուրարտուին պատկանող որոշ արձանագրութիւններ գտած ուսումնասիրող խումբը Թօպուզարչա թաղի մէջ եւս Արարատ-Ուրարտուին պատկանող ստել մը գտան:
Դոցենտ Գյոքչէնը ըսաւ թէ իրենց գտած ստելը բազալդ քարից է եւ առջեւի երեսի վրա արձանագրութիւն մը կայ, երկարութիւնը 2 մետր 20 սանդիմ է: Այս քարի վրա գտնուող արձանագրութիւնները կը պատկանին Արարատ-Ուրարտուի թագաւոր Մենուաին (ՄԹԱ 810-780): Ստելը ցուցատրուելու համար Վան թանգարանի տնօրէնութիւնը հանձման աշխատանքներ կը կատարեն: Արարատ-
Ուրարտուի պատմութեան համար կարեւոր այս ստելը գտնելու համար շատ ուրախ են:
Ստելի վրայ գտնուող 36 տող Արարատ-Ուրարտական սեպագիրը ուսումնասիրող “Epigrafist” Բժիշք Քենան Ըշըքի խոսքին համաձայն ստելը թաթրեցուցած է Մենուա թագաւորի կողմէ խաղողի այգի ստեղծելու պատճառով: Ստելի բովանդակութեան գրուած է որ Մենուա թագավւորը իր կողմէ ստեղծուած խաղողի այգին իր անունով է կոչել, խաղողի բերքահավաքի ժամանակ Արարատ-Ուրարտու գլխաւոր աստուած Խալտիին մէկ ցուլ եւ 3 ոչխար զոհ մատուցելէ հետոյ այգին ստացուելիք գինիով Խալտի աստուած եւ կինը եղող աստուածուհի Արուբանի համար ընել ստելի առջեւ (libasyon) ձոնել հեղուկի արտահոսքի ծեսեր: Ըստ Ըշըքի այս ստելը գտնուող Գերմանացի գիտնականի կողմէ ուսումնասիրուած, պատճենը հանուած եւ թարգմանութիւնը կատարուել ու գիտականորեն ալ արձանագրուած է:
Վերոնշյալ աշխատանքը Գերմանիոյ մի մատենագրութեան մէջ գտնուած ըլլալն ալ ըսող Ըշըքը այդ ժամանակին իրականացող պատերազմ եւ խառնաշփոթութեան ժամանակ անհետացած ստելը 2017 թուականին կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ կրկին գտած ըլլալը ընդգծեց: