Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ քննարկած է Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին Չաւուշօղլուն գրած է «Թուիթր»-ի իր էջին վրայ:
Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկած են նաեւ Աֆղանիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնները։