Այս հարցազրոյցը կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Պարոն Արմենակ Աբրահամեանի հետ իր պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան առիթով:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Վարչապետ Պարոն Գառնիկ Սարգիսեանը:
Հարցում.
Պարոն Աբրահամեան, ի՞նչ է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Պրն.Աբրահամեան.
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ին մեծ պետութիւններու կողմէ ճանչցուած պետութիւն մըն է: Վերսայի վեհաժողովին մաս կազմած Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Ճաբոնը, Իտալիան, Ռուսիան եւ ԱՄՆ-ը ճանչցած են այդ պետութեան գոյութիւնը:
Այս պետութիւնը կոչուած է Հայաստան եւ կ’ընդգրկէր Բաղէշի, Վանի, Կարինի եւ Կարսի չորս նահանգները: Այդ տարածութենէն դուրս կը մնային Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի շրջանները: Այս պետութեան այրերը ստորագրեցին քանի մը համաձայնագիրներ, որոնք մինչեւ հիմա ի զօրու են իրաւականօրէն:
Սեւրի դաշնագիրն է հիմնական համաձայնագիրը, որ մեզի կու տայ մեր օրինականութիւնը, որպէս Հայաստանի հողին վրայ ապրող բնիկ ժողովուրդ: Պօղոս Նուպար Փաշան մեծ դեր ունեցաւ այս համաձայնագրի ստորագրութեան մէջ եւ ան ստորագրած է ենթապայմանագրի մը տակ:
1912-ին կոնդակով Ս.Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Պօղոս Նուպար Փաշան նշանակած էր բանակցող Հայկական հարցին մէջ: 1916-էն ի վեր Պողոս Նուպար Փաշան մեծ աշխատանք տարած էր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ հայ ժողովուրդին դատը յառաջ մղելու համար: Որպէս մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան, մենք ընդունեցինք սահմանադրութիւն մը Մայիս 9, 2016-ին, որուն մէջ նշուած է մեր պետութեան շարունակող ըլլալը:
Հարցում.
Ե՞րբ հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի կառոյցը:
Պրն.Աբրահամեան.
Արցախի պատերազմի ազատամարտիկները եւ մտաւորականները կը կազմեն ներկայի կառոյցին կորիզը: Կոմիտաս Դանիէլեան, Վիթալի Բալասանեան, Արմենակ Աբրահամեան, Աշոտ Պապայեան այդ հիմնադիր մարմնին մաս կազմեցին:
17 Դեկտեմբեր 2004-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի կազմութեան յայտարարութիւնը տեղի ունեցաւ Շուշիի մէջ:
2005-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան համագումար:
Այդ համագումարին որպէս արդիւնք, տեղական ներկայացուցչական խորհուրդներ ստեղծուեցան Արցախի, Փարիզի, Մարսէյի եւ Հայաստանի մէջ:
Արձանագրուած են որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու համագումար ոչ կառավարական կազմակերպութիւն-ngo եւ նշուած է նպատակը որպէս Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
2006-ին Արեւմտեան Հայաստանը արձանագրուեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ, որպէս բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչ: Առաջին անգամն էր որ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովուրդը կը ներկայացուէր ՄԱԿ-ի մէջ: Բնիկ կը համարուի այն ժողովուրդը որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած է այդ հողամասին վրայ եւ եղած է առաջինը: Այս որպէս բնիկ ժողովուրդ արձանագրուիլը մեզի տուաւ մեծ կարելիութիւններ ՄԱԿ-ի մէջ: Սկսանք օգտուիլ բնիկ ժողովուրդներու մասնագէտներու կարողութիւններէն եւ խորհուրդներէն: Այդ փորձագէտները մեզի ցոյց տուին աշխատելու ձեւը մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար:
Յոյն տիկին Կայէն, որ մեծ ջանք թափած է 1984-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին մէջ եւ Պարոն Կոնզալէս մեզի ցուցմունքներ տուին մեր Դատը պաշտպանելու համար: Մեր մասնակցութեամբ պատրաստուած Բնիկ ժողովուրդներու յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ ՄԱԿ-ի անդամ 140 երկիրներու կողմէ: Մենք Թրքահայստան անունը փոխարինեցինք Արեւմտեան Հայաստանով եւ ներկայիս կը մասնակցինք ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու կազմակերպած բոլոր ձեռնարկներուն որպէս Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ ժողովուրդ: Մենք բնիկ ժողովուրդ ենք ամբողջ Անաթոլիայի, Արեւմտեան Հայաստանի, Արեւելեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Մենք արդէն երեք տարի առաջ փողոք ներկայացուցած էինք Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին եւ ժխտական պատասխան ստացած էինք: Փերինչէքի Հայոց Ցեղասպանութեան դրժումին դէմ դատը աւարտեցաւ յատուկ յօդուածով մը, ուր յիշուած է բնիկ հայ ժողովուրդին ջարդի եւ տեղահանութեան ենթարկուիլը: Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր դրացի ժողովուրդներու՝ յոյներու, ասորիներու, ալեւիներու եւ այլ մարդկային իրաւունքները: Պօղոս Նուպար Փաշայի 1920-ի Օգոստոսին ստորագրած Սեւրի դաշնագրի պայմաններուն մաս կը կազմեն այդ պարտաւորութիւնները:
Հարցում.
Ի՞նչ է վիճակը ներկայիս Արեւմնտեան Հայաստանի մէջ:
Պրն.Աբրահամեան.
Արեւմտեան Հայաստանի իսլամացած եւ քրտացած հայեր սկսած են վերադառնալ իրենց արմատներուն: Տերսիմի, Մուշի, Տիգրանակերտի եւ Էրզրումի մէջ սկսած են հիմնուիլ հայրենասիրական միութիւններ: Մարդիկ իրենց ակունքին կը վերադառնան: 2015-ի Համահայկական Խաղերուն մենք 850 հոգինոց Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցանք Խաղերուն: Մարդոց ուրախութիւնը աննկարագրելի էր:
Հարցում.
Ի՞նչ մարմիններէ կը բաղկանայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Պրն.Աբրահամեան.
Մենք կը փորձենք մեր ժողովուրդը ընդգրկել հոլովոյթին մէջ: Անոր համար 17 հազար քուէներով ընտրուեցաւ 64 հոգիէ բաղկացած Խորհրդարան մը: Ան ալ իր կարգին ընտրեց կառավարութեան անդամները: Ունինք 12 նախարարներ տարբեր մարզերու մէջ, որոնք հաշուետու են Խորհրդարանին: 2018-ի ընտրութիւններուն կը փափաքինք ընտրողներուն թիւը աւելցնել, ինչպէս նաեւ Խորհրդարանի անդամներուն թիւը աւելցնել: Անոր համար մարդիկ պէտք է դիմեն մեզի ստանալու համար Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն, որպէսզի մասնակցին 2018-ի ընտրութիւններուն:
Մեր կայքէջն է www.western-armenia.eu
Այդ կայքէջին վրայ մարդիկ կը ծաօթանան մեր գործունէութեան եւ կրնան դիմել դառնալու համար քաղաքացիներ: Մեր ժողովուրդը արժանի է ամենալաւ ղեկավարութեան: Պէտք է մասնակցի ընտրութիւններուն ընտրելու համար իր ապագայ ղեկավարները:
Հարցում.
Ի՞նչ կապեր ունիք արեւմտահայ միութիւններու հետ:
Պրն.Աբրահամեան.
Մենք բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու հետ շատ լաւ կապեր ունինք: Մեր նպատակը բոլորը ընդգրկելն է պետականաշինութեան գործին մէջ: Մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր հայու ինչ կուսակցութեան կամ միութեան որ ալ անդամակցի:
Հարցում.
Ինչպէ՞ս կ’օգտուիք ՄԱԿ-ի ձեր անդամակցութենէն:
Պրն.Աբրահամեան.
Մենք կ’օգտուինք ՄԱԿ-ի մասնագէտներ պատրաստելու ծրագիրէն: Ամէն հայորդի, որ կ’ուզէ մասնակցիլ ՄԱԿ-ի այս ծրագրին, կրնայ դիմել մեզի եւ ընդգրկուիլ մեր մասնագէտներու խումբին մէջ:
Հարցում.
Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Պրն.Աբրահամեան.
Արդէն մօտ օրէն կը տեղեկացնենք մեր ինթերնեթային պատկերասփիւռի կայանի հիմնադրութեան մասին: Այս ձեւով մեր ժողովուրդը տեղեակ կը պահուի զինք յուզող հարցերուն մասին: Լիբանան մեր այցելութեան նպատակն է հիմնել այս հայաշատ եւ կարեւոր գաղութին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհուրդ, այս ձեւով մեր ժողովուրդը մասնակից դարձնելու համար հայրենիքի հզօրացման եւ մեր իրաւունքներու ձեռք բերման հոլովոյթին:
Թղթակից. Աւարտին Պարոն Աբրահամեան, ձեզի կը մաղթենք կորով եւ համբերութիւն այս ծանր գործը յառաջ մղելու համար:
Հարցազրոյցը վարեց Վիգէն Թոսունեան