Նիւթը կը քննարկէ՝

Արմենակ Աբրահամեան

(Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ)

Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2017, երեկոյեան ժամը 19:00-ին,

Հայկազեան Համալսարանի Հանդիսասրահ:

Ամփոփում

Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքները չ՛ենք «պահանջեր», այլ կ՛իրականացնենք անոնք:

Իրաւունքներու իրականացնումը կը կատարուի Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցներու մակարդակով  եւ ոչ համայնքային կամ կազմակերպութիւններու մակարդակով:

Շաբաթ 21 Հոկտեմբեր 2017, երեկոյան ժամը 19:00-ին Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանի բովանդակալից ելոյթը «Արեւմտեան Հայաստանի իրաւական թղթածրարը այսօր» նիւթի մասին:

Ներկայ էին Պէյրութի հայ մտաւորականներ, ազգային եւ հասարակական գործիչներ, արւեստագետներ եւ մանաւանդ զգալի էր բարձրագոյն ուսմունքի երիտասարդութեան ներկայութիւնը: Ելոյթին յաջորդեց խորքային, բազմակողմանի  եւ կառուցողական քննարկումներ ներկաներուն եւ Պրն. Աբրահամեանի միջեւ: /Տեսանիւթը շուտով կը հրապարակուի այստեղ/