Օրեր առաջ Գամիշլիի մէջ վիրաւորուած հայորդիին վիճակը կը բարելաւուի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասկոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ «Սոթորո» խմբաւորման հայ զինեալներէն ՝ Թովմաս Ժան Յակոբեան , որ շաբաթ մը առաջ Գամիշլիի «Հայ ալ ուասթանի» թաղամասին մէջ վիրաւորուելէ եւ բուժման նպատակով Դամասկոս փոխադրուելէ ետք ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան եւ երկու օրէ ի վեր անոր վիճակը կ’ընթանայ դէպի յաւելեալ բարելաւում:
Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հայորդիին մօտ կը գտնուի վերջինիս մայրը, որ մօտէն կը հետեւի բժիշկներու ձեռք առած քայլերուն:
Նոյն ծիրին մէջ «Արեւելք» իմացաւ, որ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան հիւանդանոց այցելութիւն մը տալով առողջութիւն մաղթած ու օրհնութիւնները բաշխած է վիրաւորեալ հայորդիին:
Յիշեցնենք, որ Յակոբեան վիրաւորուած էր Գամիշլիի շուրջ գործող քրտական «Ասայէշ» ջոկատներուն հետ եղած բախումի մը ընթացքին:
Դէպքէն անմիջապէս ետք շրջանի պատասխանատու մարմինները ի մի գալով արագօրէն լուծած էին հարցը եւ շրջանի ընդհանուր իրադրութիւնը վերադարձած էր իր նախկին խաղաղ եւ բնականոն հունին:
http://arevelk.am/am/content/2/2198/%D4%B9%D5%B8%D5%BE%D5%B4%D5%A1%D5%BD-%D4%BA%D5%A1%D5%B6-%D5%85%D5%A1%D5%AF%D5%B8%D5%A2%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB–%D5%BE%D5%AB%D5%B3%D5%A1%D5%AF%D5%A8-%D5%AF%D5%A8-%D5%A2%D5%A1%D6%80%D5%A5%D5%AC%D5%A1%D6%82%D5%B8%D6%82%D5%AB.-%D5%8F.-%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A1%D5%B7-%D4%B1%D6%80%D5%A2%D5%A1%D5%A6%D5%A1%D5%B6–%D5%A1%D5%B5%D6%81%D5%A5%D5%AC%D5%A1%D5%AE-%D5%A7-%D5%B0%D5%AB%D6%82%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%81.html