(Հարցը ուղղուած է գործող մարդոց՝
ոչ ձեռնպահ շաղակրատներու)
Այս աներեւակայելի թուացող հարցումին ելակէտը այն փաստն է, որ այսօր՝
գոյութիւն ունին արդէն 17,837 արեւմտահայեր, որոնք կ’ըսեն, թէ իրենք
քաղաքացիներն են Արեւմտահայաստանի շարունակուող Պետութեան…։
Բայց, Հայոց Պատմութեան մէջ՝ այդ ե՞րբ գոյութիւն առեր է Արեւմտահայաստանի
անկախ Պետութիւնը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ ընդհատուեր է, եւ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսեր է
շարունակուիլ։ Ահա այս կարեւոր հարցումներուն է, որ կը պատասխանէ 17,837
արեմտահայերու շարժումը, եւ այդ պատասխանին ծանօթացումն է այս գրութեան
նպատակը, տողերուս հեղինակին դիտարկումներուն եւ առաջարկներուն հետ
միասին։
Ա. ԸՍՏ ԱՅՍ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ՝ Ե՞ՐԲ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԵՐ Է
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ։
1) Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի Յօդ. 16-րդը կը հաստատէ առաջին անգամ ըլլալով, որ
ռուսական զօրքին գրաւած օսմանեան վիլայէթները կը հանդիսանան՝
Արեւմտահայաստանի նահանգները։
2) 1895 թ. Մայիսին, Պոլսոյ մէջ գումարուած դեսպանաժողովին՝ Մեծն Բրիտանիոյ,
Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները կ’որդեգրեն «Մայիսեան
Բարենորոգումներու Ծրագիր»ը՝ Արեւմտահայաստանի վեց վիլայէթներուն՝
Էրզրումի, Պիթլիսի, Վանի, Սեբաստիոյ, Տիգրանակերտի եւ Մա’մուրէթ Ա-Ազիզի, եւ
միւս հայաբնակ Հաճընի եւ Զէյթունի մէջ։
2
3) 1913 թ. Յուլիսին, Պոլսոյ դեսպանաժողովին որդեգրուեցաւ «Մայիսեան
Բարենորոգումներու Ծրագիր»ի բարեփոխուած եւ լրացուած նախագիծը, որ
հայկական բոլոր վիլայէթներէն կազմած էր մէկ հայկական նահանգ, որու
նահանգապետ պիտի ընտրուէր հինգ տարուան համար, օսմանահպատակ
քրիստոնեայ մը, կամ՝ եւրոպացի մը, եւ երկու ընդհանուր տեսուչներ՝ հոլանտացի
Վեսթենենկը եւ նորվեկիացի Հոֆը։
4) 1915 թ. Հոկտեմբեր 27-ին, կնքուած համաձայնագիրը՝ Հայկական Կիլիկիոյ
ինքնավարութեան շուրջ, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի
ներկայացուցիչ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Ֆրանսայի արտգործնախարարութեան
Արեւելեան բաժնի պետ Ֆրանսուա Ժորժ-Փիքոյի միջեւ։
5) 1918 թ. Հոկտեմբեր 30-ին, Լեմնոս կղզիի Մուտրոս նաւահանգիստին մէջ կնքուած
զինադադարի փաստաթուղթի՝ Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ, Յօդ. 16-րդը կը
պահանջէ Հայկական Կիլիկիան եւս պարպել թրքական զօրքերէն, իսկ Յօդ. 24-րդը՝
Դաշնակիցներու բանակներուն իրաւունք կու տար գրաւելու Հայկական վեց
վիլայէթներէն այն մէկուն մէկ մասը, ուր խառնակութիւններ կը ծագին։
6) 1918 Յունուար 13 թուակիր յեղափոխական Ռուսաստանի «Դեկրետ
Թուրքահայաստանի Մասին» հրամանագիրը, որ կը ճանչնայ Արեւմտահայաստանի
անկախութիւնը Թուրքիայէն։ Այս հրամանագրի տեքստը, որ եզրափակիչ մասն է՝
Վահան Տէրեան բանաստեղծի կողմէ Լենինին ներկայացուած «Զեկուցագիր
Թուրքահայաստանի Մասին» աշխատասիրութեան, նոյնութեամբ զետեղուած է Սովետ
Միութեան 1936 թուի Սահմանադրութեան Յօդ. 6-րդին մէջ։
7) 1919 թ. Յունուար 19-ին, de facto ճանաչում տուաւ Արեւմտեան Հայաստանին
Փարիզի Հաշտութեան Խորհրդաժողովը, երբ ընդունեց Ամբողջական Հայաստանի
միացեալ պատուիրակութիւնը, համանախագահութեամբ՝ Արեւմտեան Հայաստանի
Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Արեւելեան Հայաստանի
Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի։
8) 1915 թ. Մայիս 24-ի երեք Դաշնակիցներու (Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ռուսաստան)
դատապարտող ազդարարագիրը Բարձր Դուռին։
3
9) 1919-1920 թուականներուն Օսմանեան Զինուորական Գերագոյն Ատեանին
վճիռները՝ Ցեղասպանութեան եւ Տեղահանութեան ոճիրներուն երիտթուրք
պարագլուխներուն դէմ։
10) 1920 թ. Օգոստոս 4-ի հռչակումը Կիլիկիոյ Հայկական Պետութեան անկախութեան։
11) 1920 թ. Օգոստոս 10-ի Սեւրի Դաշնագիրը, որ թէեւ անկատար (unperfected) մնաց,
բայց գործադրուեցաւ մասամբ միայն, եւ բնաւ չեղեալ չհռչակուեցաւ, ոչ ալ՝
բարեփոխութեան ենթարկուեցաւ մինչեւ այսօր։
12) 1920 թ. Նոյեմբեր 22-ի ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռը, որ անջատ է
Սեւրէն, եւ՝ ուժի մէ է մինչեւ այսօր։
13) 2007 թ. ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրին մէջ յատուկ
փորձագիտական մեքանիզմը՝ բնիկ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի
պաշտպանութեան վերաբերեալ։
Անշուշտ բոլոր վերոյիշեալները իրաւաքաղաքական հաստատ հիմքերը կը
հանդիսանան մեր հողային պահանջատիրութեան, նաեւ՝ անհերքելի փաստերը
Արեւմտահայաստան կոչուած պատմական հողատարածքի մը գոյութեան մասին,
որուն սակայն պետական սահմանները վերջնական օրինական-իրաւական
սահմանագծում չունին, եւ որուն պետական կառոյցները նոր ստեղծելի են, որուն
նուիրուած է այս շարժումը։
Բ. Ե՞ՐԲ ՍԿՍԵՐ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ։
Ոչ-ցուցամոլ, խոնարհ, ջինջ հայրենասէր եւ լուռ ու մունջ աշխատող մարդոց այս
շարժումը, որ սկիզբ առած է 2004 թուականին, «Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութիւն» անունով, 2015 թուին հրատարակած էր փաստաթուղթերու
ժողովածուի մը երկրորդ լրամշակուած հատորը՝ «Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի
Եւ Արեւմտեան Հայաստանի Իրաւունքների Պաշտպանութեան Իրաւական-
Քաղաքական Միասնական Փաթեթ» վերնագրով, որուն Գլուխ I-ին մէջ
մանրամասնուած է նախորդող հարցումին պատասխանը, զոր մենք սղագրեցինք
ներկայ գրութեան Ա. Մասին մէջ։ Փաթեթի Գլուխ II-ին մէջ տրուած է երկրորդ
4
հարցումին պատասխանը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերի Պետականաստեղծ
10-ամեայ Գործունէութիւնը վերնագրով, զոր մենք կ’ամփոփենք այս (Բ.) մասին մէջ,
հետեւեալ կերպով.
1) 2004 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին, Շուշիի մէջ, Արմենակ Աբրահամեան,
Յովսէփ Յովսէփեան, Աշոտ Պապայեան, Վաչական Իշխանեան, Հրաչեայ
Փիլիպոսեան, Վիթալի Պալասանեան, Կոմիտաս Դանիէլեան, Մելանիա Պալայեան,
Սամուէլ Կարապետեան, Ժիրայր Սեֆիլեան եւ Գագիկ Սարգիսեան, կը գումարեն
Հիմնադիր Ժողով, եւ միաձայնութեամբ
ա) Հիմնուած կը յայտարարեն՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային
Խորհուրդը։
բ) Կը յանձնարարեն պատրաստել Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու
Իրաւունքներու Մասին Հռչակագիր մը, Ազգային Խորհուրդին կողմէ։
գ) Ազգային Խորհուրդի աշխատանքները համակարգող եւ կազմակերպիչ
կ’ընտրեն՝ Արմենակ Աբրահամեանը։
դ) Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Իրաւունքներու Մասին Ազգային
Խորհուրդին հրապարակելիք Հռչակագրի նախաբանը կը համաձայնին որ
ըլլայ հետեւեալը.
«Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Ազգային Խորհուրդը՝ Տարագիր Հայ
ժողովուրդի միասնական կամքը արտայայտելով, բոլոր հայերու
ձգտումներուն իրականացման եւ պատմական արդարութեան
վերականգնումին յանձնառու հայ ազգի ճակատագրին հանդէպ իր
պատասխանատուութեան գիտակից, մարդու իրաւանց Հռչակագրի
համընդհանուր սկզբունքներուն եւ առհասարակ միջազգային հանրային
իրաւունքով ընդունուած ձեւաչափերուն հիմնուելով, ժողովուրդներու
ինքնորոշման իրաւունքը կիրառելով, կը յայտարարէ՝ Հայ ազգի
վերակենդանացման գործընթացի մեկնարկը»։
2) 20 Յունուար 2007 թուին, Փարիզի մէջ կ’որդեգրուի Արեւմտեան Հայաստանի
Հայերու Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կողմէ հրապարակուելիք Հռչակագիրը,
5
ԱՀ-ի հայերու իրաւունքներու մասին, որ կը բաղկանայ 45 յօդուածներէ, 9
բնագաւառներէ ներս, համաձայն ՄԱԿ-ի 2007 թուի բնիկ ժողովուրդներու իրաւանց
Հռչակագրին։
3) 4 Փետրուար 2011 թուին, Ազգային Խորհուրդը կը հրապարակէ ԱՀ-ի Հայերու
իրաւունքներուն մասին Հռչակագիրը, զոր յանձնարարած էր պատրաստել իր
Հիմնադիր Ժողովին մէջ (Շուշի, 17 Դեկտեմբեր 2004 թ.), որ կը բաղկանայ չորս
յօդուածներէ եւ 20 կէտերէ, որոնց կարեւորագոյններն են.
– Դեկրետ Թուրքահայաստանի մասինը,
– 2 Յունուար 1918 թ. Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութեան դիմումը
ֆրանսական կառավարութեան՝ ճանչնալու Արեւմտահայաստանի
անկախութիւնը,
– Սեւրի դաշնագիրն ու Ուիլսոնեան Վճիռը, որոնք կը ճանչնան de jure
Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը,
– 14 Դեկտեմբեր 1960 թ. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի որոշումը՝ գաղութային
երկիրներու եւ ժողովուրդներու անկախութեան իրաւունքը,
– 13 Սեպտեմբեր 2007 թ. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի յայտարարութիւնը, որ
կը ճանչնայ բնիկ ժողովուրդներու անկախութեան իրաւունքը,
– Ամէն տարագրեալ հայու շառաւիղը իրաւունք ունի վերադառնալու
պապենական հայրենիք,
– Թուրքիա պարտի Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան
վերադարձնելու 1894-1923 թուականներուն իրերայաջորդ թրքական
իշխանութիւններուն կողմէ զաւթուած հողերն ու յափշտակուած գոյքերն ու
Ցեղասպանութեան զոհերու փոխան հատուցումը,
– Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ունի իրաւունքը Արեւմտեան Հայաստանի
քաղաքացի ըլլալու,
– Արեւմտեան Հայաստանի հարստութիւնը, հողը, ընդերքը, ջրային եւ այլ
բնական պաշարները հայերու սեփականութիւնն են,
6
– Նաեւ՝ Արեւմտահայաստանի կառավարութիւնը մասնաբաժինի իրաւունքը
ունի Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ոսկիի
պաշարներուն եւ ալմաստի ու արտարժոյթի հիմնադրամներուն։
4) 24 Մայիս 2013 թուին, կը հրապարակուի Հռչակագիր՝ Արեւմտեան Հայաստանի
Ազգային Ժողով (խորհրդարան) ձեւաւորելու մասին։ Խորհրդարանի ձեւաւորումի
գործին համար ստեղծուած է Յատուկ Յանձնաժողով։
Այս Յատուկ Յանձնաժողովը կը ստեղծէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով
(ԿԸՅ), որ լիազօրուած է կազմակերպելու եւ կայացնելու ընտրական ողջ գործընթացը,
հետեւեալ հանգրուաններով.
1. Գրանցում քաղաքացիներու՝ 2013 թ. Մայիսի 24-էն մինչեւ
Դեկտեմբեր 1, այս նպատակով ստեղծուած հետեւեալ կայքէջին վրայ.
http;//www.western-armenia-election.org/votes/Enregistrement2013-frarm.php)։
Այս վեց ամիսներու տեւողութեան պիտի ընթանան երկու
զուգահեռ գործողութիւններ. ա) քաղաքացիութեան դիմում-ստացում, եւ բ)
արձանագրութիւն որպէս ընտրող՝ պատգամաւորներու ընտրութեան, յետ
քաղաքացիութեան փաստաթուղթի ստացման։
2. Գրանցում՝ պատգամաւորական թեկնածուներու, որ ունի երկու
փուլեր. ա) 2013 թ. Յունիս 1-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 30, դիմում՝ ստանալու
համար՝ քաղաքացիութեան փաստաթուղթ եւ պատգամաւորական
ստորահաւաքի յատուկ ձեւաթուղթեր, եւ բ) դիմում՝ բուն թեկնածութեան,
2013 թ. Հոկտեմբեր 1-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 22, ներկայացնելով՝
1 – քաղաքացիութեան փաստաթուղթը,
2 – 100 ստորագրութիւններու ձեւաթուղթերը,
3 – հակիրճ ինքնակենսագրական, եւ
4 – գործունէութեան ծրագիրը։
3. Ընտրութիւնները կը սկսին 2013 թ. Նոյեմբեր 22-ի առաւօտեան ժամը 8-
էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1 ժամը 24, հաստատուած կայքէջին վրայ կամ
գրաւոր։
4. ԿԸՅ-ը արդիւնքները կը հրապարակէ Դեկտեմբեր 17-ին։
7
Այս հռչակագիրը՝ 24 Մայիս 2013 թուակիր, ստորագրած են՝
Արմենակ Աբրահամեան (ԱՀ Ազգային Խորհուրդի Նախագահ)
Տիգրան Փաշապէզեան (ԱՀ կառավարութեան Վարչապետ)
Եւ՝ ԿԸՅ
5. 23 Փետրուար 2014 թուականի թիւ 12 նախագահական յատուկ
Հրամանագիրը՝ կը յիշեցնէ թէ՝ ներկայ Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութիւնը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ 1920 թուին
Դաշնակիցներու կողմէ ճանաչում ստացած (19 Յունուար 1920-ին de facto եւ
11 Մայիս 1920-ին de jure) Հայկական Պետութեան։
Այս Թիւ 12 հրամանագիրը կը վերյիշեցնէ՝ 1918 թ. Յունուար 11-ի «Դեկրետ
Թուրքահայաստանի Մասին» յեղափոխական Ռուսաստանի
հրամանագիրը, որ կը ճանչնայ Արեւմտահայաստանի (Թուրքահայաստանի)
անկախութիւնը։ Կը վերյիշեցնէ նաեւ՝ Դաշնակից Տէրութիւններու Գերագոյն
Խորհուրդի 19 Յունուար 1920 թուականի որոշումը՝ ճանչնալու Հայաստան
Պետութիւնը եւ կառավարութիւնը՝ առանց կանխորոշելու Հայկական այս
պետութեան սահմաններու հարցը։ Կը վերյիշեցնէ նաեւ՝ որ Թուրքիա 1920
թ. Մայիս 11-ին կը հրաւիրուի Փարիզի Վեհաժողովին ամբողջական
Հայաստանի Միացեալ Պատուիրակութեան հետ միասին… եւ՝ Սեւրի
Դաշնագրի նախաբանին մէջ յիշուած է նաեւ Թուրքիոյ հետ միասին
Հայաստան Պետութիւնը իբրեւ դաշնադիր պետութիւն, որ համազօր է de
jure ճանաչումի։
Ուրեմն,
1) 17 Դեկտեմբեր 2004 թուին հիմնուած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային
Խորհուրդը։
2) 4 Փետրուար 2011 թուին կազմուած է Արեւմտեան Հայաստանի վտարանդի
կառավարութիւնը։
8
3) 24 Մայիս 2013 թուին հրապարակուած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային
Խորհուրդի Հռչակագիրը, Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանը (Ազգային Ժողով)
ձեւաւորելու մասին։
4) Յաջորդող վեց ամիսներուն խորհրդարանը ձեւաւորելու աշխատանքը՝ 16
Դեկտեմբեր 2013 թուին պսակուած է ԱՀ-ի Ազգային Ժողովի ստեղծումով։
5) 23 Փետրուար 2014 թուին ԱՀՀ նախագահի Թիւ 12 Հրամանագրով՝
պաշտօնական յիշեցում եղած է, թէ ներկայ ԱՀՀ պետութինը շարունակութիւնն է 19
Յունուար 1920 թուին ճանաչում ստացած Հայաստան պետութեան։
Գ. ՓԱԹԵԹԻ ԳԼՈՒԽ III-Ը ԿԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ,
ՈՒՂԵՐՁՆԵՐԸ, ԵՒԱՅԼՆ։
1) 18 Ապրիլ 2011 թուակիր դիմումը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլին,
պահանջելով ամբողջական ճանաչումը 1894-1923 թուականներուն գործադրուած
Հայոց Ցեղասպանութեան, ստորագրութիւններովը ԱՀ-ի Ազգային Խորհուրդի
նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի եւ ԱՀ-ի վտարանդի կառավարութեան
վարչապետ Տիգրան Փաշապէզեանի, Փարիզը ունենալով առժամեայ նստավայր։
2) 12 Մարտ 2014 թուակիր դիմումը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ
պետութիւններուն, Սեւրի Դաշնագրի դաշնադիր պետութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի անդամ
պետութիւններուն, ԱՀ հայերու իրաւունքներուն վերաբերեալ, ստորագրութեամբը
վարչապետ Տիգրան Փաշապէզեանի։
3) 6 Ապրիլ 2014 թուակիր Յուշագիրը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ,
ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն եւ Սեւրի դաշնադիր պետութիւններուն, Մերձաւոր
Արեւելքի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ուժեր կազմակերպելու մասին,
ստորագրութեամբը ԱՀՀ նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի։
4) 24 Ապրիլ 2015 թուակրի ուղերձը՝ Համայն Հայութեան, համախմբուելու ԱՀՀ
պետականաստեղծ կառոյցներուն մէջ եւ շուրջ, միասնաբար պաշտպանելու եւ
հաստատելու համար մեր իրաւունքները, ստորագրութեամբը ԱՀՀ նախագահ
Արմենակ Աբրահամեանի։
9
5) 25 Ապրիլ 2015 թուակիր ուղերձը՝ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու
խորհրդարաններուն, խնդրելով ձեռնարկել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ
իրաւական-քաղաքական գործընթացի մը ստեղծումին, իրականացնելու համար
Արեւմտեան Հայաստանի բնիկներու սերունդներուն իրաւունքը՝ իր բնօրրան
հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու, զարգանալու եւ ապագայ ունենալու® Արեւմտեան
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հովանիին տակ, ստորագրուած ԱՀ
խորհրդարանի նախագահ՝ Արմէն Տէր Սարգիսեանի կողմէ։
6) 26 Ապրիլ 2015 թուակիր ուղերձը՝ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու
կառավարութեանց, խնդրելով՝ նախորդ ուղերձին բովանդակութեան նմանակը,
ստորագրութեամբը ԱՀՀ կառավարութեան վարչապետ Տիգրան Փաշապէզեանի։
Յիշեցնենք, որ ԱՀ-ի Ազգային Խորհուրդը եւ ԱՀ Հայերու Համագումարը
արձանագրուած են ՄԱԿ-ի հետեւեալ յանձնախումբերուն.
Մտաւոր Սեփականութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն (ՄԱՀԿ)
Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներու Փորձագէտ Կազմութիւն (ԲԺԻՓԿ)
Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդ (ՏԸԽ)։
Նոյնպէս, ԱՀ-ի վտարանդի կառավարութիւնը, որոնք որպէս նստավայր առժամեայ
կարգով ընտրած են Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, եւ յատուկ պատուիրակութիւն
ունին ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին մօտ։
ԱՀ-ի Ազգային Խորհուրդի նախագահը՝ Արմենակ Աբրահամեան, Բնիկ
Ժողովուրդներու Իրաւունքներու Փորձագէտ Կազմութեան 2012 եւ 2015 տարիներու
նստաշրջաններուն մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է։
2012 թ. նստաշրջանին՝ 10 Յուլիսի նիստին, երկու անգամ՝ թիւ 4 եւ թիւ 5 օրակարգի
կէտերու քննարկման ժամանակ, իսկ 2015 թ. նստաշրջանին՝ 20 Յուլիսի նիստին։
2012 թ. նստաշրջանի 10 Յուլիսի նիստին, օրակարգի թիւ 4 կէտը կը վերաբերէր բնիկ
ժողովուրդէն զաւթուած երկրի հանածոներու ոլորտին, իսկ թիւ 5 կէտը՝ բնիկ
ժողովուրդներու մշակութային իրաւունքներուն եւ ինքնութեան պահպանումին ու
պաշտպանութեան կը վերաբերէր։
10
Իսկ 2015 թ. նստաշրջանին՝ 20 Յուլիսի նիստին օրակարգի գլխաւոր կէտը կը
վերաբերէր «Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցումի Փաթեթ»ի հարցին, եւ Արմենակ
Աբրահամեան՝ գլխաւոր զեկուցաբերը այս նիստին, ֆրանսերէն լեզուով։
Դ. ՓԱԹԵԹԻ ԳԼՈՒԽ IV-Ի ԲՈՎԱՆԴԱԿԱԾ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐԸ։
Այս գլուխին մէջ զետեղուած են.
1) 16 Դեկտեմբեր 2013 թուին ԱՀ-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները
կազմակերպող ԿԸՅ-ի կողմէ հրապարակուած ամբողջական ամփոփագիրը
ընտրութեանց արդիւնքներուն,
2) ԱՀՀ Առաջին Խորհրդարանի Ա. Նստաշրջանի Ա. Նիստին (18 Յունուար 2014)
եւ Բ. նիստին (20 Յունուար 2014) ամբողջական ատենագրութիւնները, Փարիզի մէջ
գումարուած, ժամը 10-17, ստորագրութեամբը խորհրդարանի նախագահ՝ Արմէն Տէր
Սարգիսեանի եւ քարտուղար՝ Պիաթրիս Նազարեանի,
3) 19 Հոկտեմբեր 2014 թուին խորհրդարանին կողմէ հրապարակուած
Յայտարարութիւնը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ
հատուցման հարցերուն շուրջ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան
ռազմավարութեան մասին» վերնագրով,
4) 6 Ապրիլ 2015 թուին հրատարակուած նախագահական թիւ 33 Հրամանագիրը,
որ կը դատապարտէ Յոյներու եւ Պոնտացիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը,
5) Նոյն թուականին հրատարակուած նախագահական թիւ 34 Հրամանագիրը, որ
կը դատապարտէ Ասորիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութինը, եւ
6) 17 Յունիս 2015 թուին հրապարակուած ԱՀՀ Օրէնքը՝ լեզուի մասին, 12
յօդուածներով։
Ստորեւ պիտի մատնանշենք վերոյիշեալ վեց հրապարակումներէն իւրաքանչիւրին
բովանդակած եւ հանրութիւնը հետաքրքրող կէտերն ու տեղեկութիւնները։
1) ԿԸՅ-ը կը բաղկանար 15 անձերէ, տարբեր երկիրներէ։
11
Ներկայացած են 75 թեկնածուներ, ընդունուած են 64 թեկնածուներ միայն, որոնք
կրցած են ներկայացնել պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը։
Գրանցուած 17,837 ընտրողներէն, 41 երկիրներէ, ընտրութեան մասնակցած են 17,155
ընտրողներ եւ ընտրած 64 պատգամաւորներ, 10 երկիրներու 27 քաղաքներէ։ Այդ 10
երկիրներն են՝ Հայաստան, Ռուսաստան, Ֆրանսա, ԱՄՆ, Գերմանիա, Աբխազիա,
Ջավախք, Տանըմարք, Հունգարիա եւ Շուէտ։ Ընտրուած 64 պատգամաւորներէն 20-ը
կիներ են, 44-ը՝ այրեր։ Ասոնց տարիքային պատկերն է. 60-էն վեր՝ 7, 50-60՝ 20, 40-50՝
16, 30-40՝ 11, 30-էն վար՝ 10։ Կրտսերագոյնը՝ 21 տարեկան, երիցագոյնը՝ 78։
2) ԱՀՀ առաջին խորհրդարանի Ա. Նստաշրջանի, Ա. Եւ Բ. նիստերուն մասնակցած
են 50 պատգամաւորներ՝ 29 Փարիզի դահլիճին մէջ, 21 համացանցի վրայ։ Հնչած է
ԱՀ Ազգային Խորհուրդի օրհներգը եւ պարզուած ԱՀՀ դրօշը, նաեւ՝ 1 վայրկեան
յոտնկայս յարգուած է 1894-1923 տարիներու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու
յիշատակը։
Լսեցին եւ հաստատեցին օրակարգը եւ խորհրդարանի կանոնակարգը, եւ մինչեւ
խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւն, նիստը կը վարէ երիցագոյն անդամը՝ Վրէժ
Աբրահամեան։
Ընտրեցին խորհրդարանի Հաշուիչ Յանձնաժողովը, նախագահ՝ Տիգրան Պապայեան,
տեղակալներ՝ Վիոլեթա Ղազարեան եւ Արամ Յարութիւնեան։
Լսեցին եւ հաստատեցին ԿԸՅ-ի զեկոյցը եւ 64 պատգամաւորներու լիազօրութիւնները,
եւ հաստատեցին Արմէն Տէր Սարգիսեանի նախագահութիւնը խորհրդարանին, եւ՝
Պիաթրիս Նազարեանի եւ Սաթենիկ Ալեքսանեանի քարտուղարութիւնը, եւ՝
խորհրդարանի նախագահի տեղակալներ ընտրեցին՝ Տիգրան Պապայեանը եւ Հայկ
Յարութիւնեանը։
Լսեցին եւ հաստատեցին խորհրդարանի Մշտական Յանձնաժողովներու անունները,
եւ հասկնալի պատճառներով՝ միայն նախագահները հետեւեալ յանձնաժողովներուն.
Արտաքին՝ Պասսամ Թահան
Հայրենակցական միութիւններու՝ Դաւիթ Ալեքսանեան
Ֆինանսներու՝ Վարդան Մանճիկեան
Կրթութեան եւ Գիտութեան՝ Կարինէ Հայրապետեան
12
Մշակոյթի՝ Եուլիա Կիւլոյեան
Ընտանիքի–Կանանց՝ Սաիտա Օհանեան
Երիտասարդներ–Սփոր՝ Վաղարշակ Մահգելտեանց
Լրատւութեան՝ Տիգրան Յարութիւնեան
Հոգեւոր–Կրօնական՝ Արմենակ Հարմանտանեան
Վեթերաններու՝ Վրէժ Աբրահամեան
Ներքին կանոնակարգի եւ աշխատակարգի՝ Արամ Յարութիւնեան
Հաստատեցին բոլոր մշտական յանձնաժողովներու կազմերու անուանացանկը, եւ
նախագահներու առաջարկած աշխատանքներու ծրագրերը։
Որոշեցին՝ մինչեւ ԱՀՀ նախագահական, վարչապետական ու խորհրդարանական
կառոյցներուն բնօրրանի մէջ հաստատուիլը, ԱՀՀ նախագահի ընտրութիւնը կատարել
խորհրդարանին կողմէ, եւ նախագահ ընտրեցին երկու թեկնածուներէն Արմենակ
Աբրահամեանը, իսկ երկրորդ թեկնածուն՝ Արամ Մկրտչեանն էր։
Լսեցին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի նախագահական քաղաքական
յայտարարութիւնը, եւ որոշեցին.
ա) Հաստատել նախագահական յայտարարութեան դրոյթները եւ
գնահատեցին անոր իբր Ազգային Խորհուրդի նախագահ կատարած 10-
ամեայ աշխատանքը։
բ) Հաստատել՝ որ Ազգային Խորհուրդը շարունակէ իր գոյութիւնը եւ
աշխատանքը ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու փորձագիտական ձեւաչափին
մէջ, որպէսզի վերջնականապէս հոն հաստատուին Արեւմտահայաստանի
հայերուն իրաւունքները՝ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։
Ըստ կանոնակարգի, նախագահը ընդունեց, այս Բ. նիստին, Վտարանդի
Կառավարութեան վարչապետ Տիգրան Փաշապէզեանի դահլիճին հրաժարականը.
դահլիճ, որ գործած էր նախորդ երեք տարիներուն։
Նախագահի առաջարկով, վարչապետ կը նշանակուի դարձեալ Տիգրան
Փաշապէզեանը միաձայնութեամբ, եւ կը լսէ ու կը հաստատէ նախորդ դահլիճին
հաշուետուութիւնը 2011-2014 տարիներուն վերաբերեալ։
13
Նորանշանակ վարչապետը նախարարութեան թեկնածուներու կազմը պիտի
ներկայացնէ նախագահին, որ կազմին մասին խորհրդարանի կարծիքը առնելէ յետոյ,
յատուկ հրամանագրով պիտի հաստատէ նոր դահլիճին կազմը։
Լսեցին նորանշանակ վարչապետին կառավարական յայտարարութիւնը Աշխատանքի
Ծրագրի մասին եւ որոշեցին յաջորդող երկու ամիենրու ընթացքին քննարկել զայն
հանգամանօրէն, եւ հաստատել զայն ամբողջութեամբ, կամ՝ ներկայացնել
բարեփոխութեան առաջարկներ։
Լսեցին եւ հաստատեցին, որ ԱՀՀ դրօշը պիտի ըլլայ Ազգային Խորհուրդի միեւնոյն
դրօշը։
3) ԱՀՀ խորհրդարանի 19 Հոկտեմբեր 2014 թ. Յայտարարութիւնը, Փաթեթի 7
էջերուն մէջ, կը յստակացնէ հետեւեալ երեք հարցադրումներու տրուելիք ճշգրիտ
պատասխանները.
ա) Ե՞րբ գործադրուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ո՞ր տարիներուն եւ
որո՞նց ձեռամբ. եւ ուրեմն, ո՞րն է անոր ժամանակագրութիւնը։
բ) Ո՞րն է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Հայութեան եւ
Հայաստանին հասցուած վնասը. գոյութիւն ունի՞ արդեօք այդ վնասի
հատուցման հաշուարկումի ամբողջական ու վերջնական փաթեթ։
գ) Ե՞րբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու գործընթացը սկսած է,
ե՞րբ սկսած է անոր ճանաչման խնդիրը եւ ե՞րբ ծագած է անգամ մը եւս զայն
դատապարտելու անհրաժեշտութիւնը։
Յայտարարութեան եզրափակիչ պարբերութեան մէջ կ’ըսուի. թէեւ Հայոց
Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը կ’երկարի 1894-1923, սակայն անոր
հետեւանքով մեզի հասցուած վնասը կը շարունակէ մեծնալ, շարունակական է, մինչեւ
մեր վերադարձը՝ ազատագրուած մեր բնօրրանին…։
Դ. ՄԵՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ
Մենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի (ՏԱՀՔ)
երեսնամեայ քարոզիչի եւ տեսաբանի եւ ՏԱՀՔ-ի Ծրագիրը որդեգրած վեթերան
իրաւաբաններու, բժիշկներու, պատմաբաններու եւ գրողներու հոյլին գործող
14
քարտուղարի եւ ՏԱՀՔ-ի մասին հատորներու եւ հարիւրաւոր յօդուածներու եւ
բանախօսութիւններու հեղինակի մեր հանգամանքով, կը խոնարհինք Արմենակ
Աբրահամեանի գլխաւորած այս Շարժումին 13-ամեայ երախտաշատ, լուռ ու մունջ,
նուիրումով տարած աշխատանքին առջեւ։ Երբ չի մնում ելք ու ճար, «խենդերն» են
գտնում հնար…, ըսած է Պարոյր Սեւակ։
Մենք՝ վերացապաշտ մօտեցումով սպասեցինք երեսուն երկար տարիներ, որպէսզի
ՏԱՀՔ-ը որդեգրուի համահայկականօրէն, ընդհանուրին կողմէ, եւ՝ տակաւին կը
սպասենք։ Բայց այս Շարժումը՝ գործնապաշտ մօտեցումով, գործի ձեռնարկեց,
սկսելով մասնաւորէն, ոչ ընդհանուրէն, եւ այդ մասնաւորը հասցուց 17,837
արեւմտահայու թիւին…։ Ինչ որ բաւական չէ՝ ներկայացնելու համար շուրջ 8 միլիոն
Արեւմտահայութիւնը…։
Եւ՝ Շարժումին տալու կեդրոնական, ներկայացուցչական եւ միակ լիազօր կառոյցի
իրաւական անձնաւորութեան կարգավիճակը (personne juridique), եւ հետեւաբար
ալ՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի ենթակայի (sujet) հանգամանքը…։ Սակայն,
17,837 թիւը արհամարհելի թիւ մը չէ, եւ կրնայ շօշափելի ՍԿԻԶԲ-ը դառնալ ՏԱՀՔ-ի
հազար մղոնանոց ճանապարհին, ԵԹԷ Հայութիւնը այսօր կողքին կանգնի այս
Շարժումին ստեղծած պետականաստեղծ կառոյցներուն՝ համահայկականօրէն, եւ
բոլորուի անոնց շուրջ եւ համախմբուի անոնց մէջ…։
Որովհետեւ, այսօր կ’ապրինք շրջադարձային տարիներու մէջ, որոնք աւելի
նպաստաւոր են Հայութեան, եւ աննպաստ՝ Թուրքիոյ համար։ Քանի որ, Թրամփ-
Փութին մերձեցումը եւ Ռուսաստան-Գերմանիա գործակցութիւնը աննպաստ են
Թուրքիոյ համար, եւ՝ Թրամփի քրտանպաստ եւ Փութինի հայանպաստ ծրագրերը կը
պահանջեն Թուրքիոյ տարանջատումը…։ Եւ երբ մեծ տէրութիւնները անհրաժեշտ
գտնեն Թուրքիոյ տարանջատումը, Քիւրտ ժողովուրդը արդէն փաստած է իր գոյութեան
իրաւունքը, եւ կը մնայ՝ որ Հայ ժողովուրդը զօրացնէ Շարժումին ՍԿԻԶԲ-ի
պետականաստեղծ կառոյցները, եւ չմնայ ձեռնածալ…։
Այս խօսքերը հասկցողներուն՝ ջերմ բարեւներ…։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Պէյրութ, 10 Յուլիս 2017