Էրտողանի՝ 15 տարիներ առաջ խոստացած, «Չափաւորական Իսլամի
Դեմոկրատիա»ն, խոստումին յաջոորդած առաջին իսկ հնգամեակի վերջին, արդէն
հասած էր իր մտադրած վախճանական փուլին՝ միապետութեան, ոչ թէ
դեմոկրատիայի… քանի որ ան ըսած էր իր մտերիմներուն, որպէս
կանխազգուշացում, թէ՝ «Դեմոկրատիայի շոգեկառքին ճամբորդներէն իւրաքանչիւրը,
որոշած կ՚ըլլայ վար իջնել շոգեկառքէն՝ իր մտադրած կայանին, եւ միայն քիչերն են
որ կը շարունակեն մնալ մինչեւ՝ վերջին կայարանը դեմոկրատիային…»։
Անշուշտ դեմոկրատիան՝ որպէս վարչակարգ, ընկերային ու տնտեսաքաղաքական
հիմքեր ունի, ոչ կրօնական՝ իսլամական, քրիստոնէական կամ այլ։ Այլ խօսքով՝
դեմոկրատիան կրնայ ըլլալ՝ դրամատիրական, սոցիալիստական կամ
համայնատիրական, որպէս աշխարհական համակարգ։
Սակայն կրօնքի մը դաւանած աստուածաբանութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ՝
դրամատիրութեան դրոյթներուն կամ՝ սոցիալիզմի դրոյթներուն։ Դրամատիրութեան
նպաստաւոր աստուածաբանութիւնը՝ կրօնքի մը էսթապլիշմէնթին դպրական
(schollastique) ու պահպանողական հին աստուածաբանութիւնն է։ Իսկ սոցիալիզմին
նպաստաւոր աստուածաբանութիւնը՝ կրօնքի էսթապլիշմէնթին դէմ պայքարող,
կրօնքին բարենորոգումին համար պայքարող յեղափոխական՝ ազատագրութեան
աստուածաբանութիւնն է։
Քրիստոնեայ եկեղեցիի էսթապլիշմէնթին դէմ եւ անոր բարենորոգումին համար
պայքարող առաջին յեղափոխական շարժումը՝ Հայոց Թոնտրակեան Շարժումն էր, որ
արեան մէջ ճզմուեցաւ, եւ միայն 3-4 դարեր վերջ յայտնուեցաւ Եւրոպայի Վերածնունդի
(Renaissance) դարաշրջանին, եւ որոշ երկիրներու մէջ յաջողութիւններ ունեցաւ որպէս
բարենորոգչական շարժում, որ Reformation կոչուեցաւ, վերջ դնելով Վատիկանի
միահեծան իշխանութեան, ծնունդ տալով ազգային եկեղեցիներու, ինչպէս՝
Լուտերական եւ Անկլիքան եկեղեցիները, որոնք սակայն քաղաքական
2
ազատագրութեան չկրցան միացնել նաեւ ընկերային ազատագրութիւնը, զոր
իրականացուցին Լատին Ամերիկայի Կաթոլիկ յեղափոխական կարտինալներն ու
աստուածաբանները՝ 20-րդ դարու 60-ականներուն, հրաժարելով Վատիկանի
միջնադարեան, պահպանողական, դպրական աստուածաբանութեան եւ հիմքերը
դրին՝ ազատագրութեան աստուածաբանութեան, որուն հետեւորդներէն՝
Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս-Այրէսի Առաջնորդ Արք. Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօն՝
երեք տարիներ առաջ ընտրուեցաւ Վատիկանի Քահանայապետ, ընտրելով
Ֆրանչիսկոս պատուանունը.. եւ անյապաղ սկսաւ բարենորոգել Վատիկանը։
Սակայն, իսլամի էսթապլիշմէնթը շարունակեց մնալ նոյն հինը, պահպանողականն ու
դպրականը, զուրկ ազատագրութեան իսլամական աստուածաբանութենէ, քանի որ
իսլամ «թոնտրակեցիները»՝ Քարամիթական Շարժումին, նոյնպէս արեան մէջ
ճզմուեցան իսլամի էսթապլիշմէնթին կողմէ։ Ուրեմն, այսօր, Էրտողան կը խօսի հին
իսլամի անունով, որ ներհակ է դեմոկրատիային… եւ «չափաւորական իսլամ»ի
քարոզչութիւնը անհեթեթութիւն մըն է…։ Էրտողան ոչ միայն չի փորձեր նոր իսլամի մը
կերպար ստեղծել, ընդհակառակը՝ վերականգնեց արիւնարբու Սուլթանի կերպարը,
որուն զոհերն են այսօրուան տասնեակ հազարներով բանտարկեալները։
Իր իշխանութեան առաջին հնգամեակին միայն (2002-2007), Էրտողան՝ Եւրոմիութեան
անդամ ընդունուելու, եւրոպականանալու հմայելով ու անձնական անժխտելի
քարիզմայով, նաեւ՝ «չափաւորական իսլամ»ի փուճ քարոզչութեամբ, յաջողեցաւ՝
երկրի փաստական, այպէս կոչուած խորքային իշխանութիւնը՝ բանակը համոզել,
քաշուելու քաղաքական դաշտէն ու վերադառնալու զօրակայան, եւ այս յաջողութեամբ
ալ շահիլ՝ երկրի բոլոր դեմոկրատական ուժերու նախընտրութիւնը դէպի AKP–ի
իշխանութիւնը, բանակի իշխանութեան փոխարէն, մինչեւ անգամ շահեցաւ
վստահութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն, ոչ միայն արտօնելով քիւրտերուն՝
խօսիլ, գրել ու հրատարակել իրենց մայրենի քրտերէն լեզուով, այլեւ բանակցութիւններ
սկսելով PKK–ի հետ, իբր թէ խաղաղ լուծումի մը յանգելու հեռանկարով։ Եւ՝ պահ մը,
Ապտալլա Էօճալանն անգամ հաւատաց Էրտողանի «չափաւորական իսլամի
դեմոկրատականութեան», քանի որ ան անկախութեան անջատողական ծրագրէն
աւելի՝ կը հետապնդէր ամբողջ Թուրքիոյ դեմոկրատականացումին նպատակը,
3
որուն մէջ՝ երկրի բոլոր ազգութիւններն ու կրօնական համայնքները պիտի հասնէին
իրենց ազատութեան եւ ազգային իրաւունքներուն, համաձայն մարքսեան
յեղափոխական դրոյթներուն, որոնց կը հետեւին Մեքսիքայի զափաթիսթականները՝
Մարքոսի առաջնորդութեամբ, եւ որոնց կը հետեւէր՝ նահատակ Հրանդ Տինք… եւ
որոնց այսօր եւս կը հետեւի HDP կուսակցութիւնը (Ժողովուրդներու Դեմոկրատիայի
Կուսակցութիւն)՝ Սալահետտին Տէմիրթաշի առաջնորդութեամբ։
Թուրքիոյ մէջ՝ այսպիսի հանգուցալուծումին կը հաւատան բոլոր մարքսական ուժերը,
քանի որ այսօր Թուրքիոյ մէջ՝ իրենք են առաջնորդող ուժը Թուրքիոյ
դեմոկրատականացումի պայքարին…։ Սակայն, Սուլթան Էրտողան ստախօս մը դուրս
եկաւ, ճիշդ այնպէս ինչպէս՝ ստախօսներ էին Օսմանեան «յեղափոխութեան»
Երիտթուրք սիոնափանթուրք առաջնորդները՝ Էնվերը, Թալէաթն ու Ճաւիտը…։ Եւ,,
եղերականօրէն, երիտ թուրքերու այս պետական յեղաշրջումին՝ ոչ յեղափոխութեան,
հաւատաց Դաշնակցութիւնը՝ անհասկնալի եւ անարդարանալի շատ երկար
«պահեր». այսինքն՝ մինչեւ Մեծ Եղեռնի Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու
Տարագրութիւնը…, հիւանդագին պատրանասիրութեամբ մը, չարաչար խաբուելով՝
սիոնափանթուրք երիտթուրքերու քարոզչութեան ստայօդ ուլունքներէն՝ «Ազատութիւն,
Հաւասարութիւն, Եղբայրակցութիւն»։
Սուլթան Էրտողան՝ դեմոկրատիայի կեղծ դիմակ հագին, իր գլխաւորած AKP
կուսակցութեան ապահովեց մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ, չարաշահելով՝ ոչ
միայն իր դաշնակիցներուն, Ֆաթհալլա Կիւլէնի, Ապտալլա Կիւլի եւ Ահմէտ
Տաւութօղլուի աջակցութիւնը իրերայաջորդ ընտրութիւններուն, այլեւ՝ դեմոկրատական
միւս ուժերուն, ներառեալ քիւրտերուն աջակցութիւնը։ Եւ երբ արդէն յաջողած էր
քեմալական բանակը մեկուսացնել զօրակայաններէն ներս եւ «մաքրագործել» զայն
քեմալականներէն… եւ հասած էր իր սպասած կայանին, վար իջաւ իր խոստացած
«դեմոկրատիայի շոգեկառքէն», եւ սկսաւ՝ քայլ առ քայլ, երկրի ամբողջ իշխանութիւնը
կեդրոնացնել իր սեփական ափերուն մէջ, մի առ մի հեռացնելով իշխանութենէն ոչ
միայն իր երէկի դաշնակիցները՝ Ֆաթհալլա Կիւլէնը, Ապտալլա Կիւլը եւ իր տեսաբանը
Ահմէտ Տաւութօղլուն, այլեւ՝ … AKP կուսակցութիւնը, եւ՝ վերսկսաւ PKK-ի դէմ իր
պատերազմին ու Ֆաթհալլա Կիւլէնի եւ ալեւիներու դէմ իր հալածանքին։ Եւ երբ
4
անդրադարձաւ, որ իր դէմ թշնամացուցած այս ուժերը արհամարհելի ուժեր չէին
(քիւրտերը՝ 20 միլիոն, ալեւիները՝ 20 միլիոն եւ Ֆաթհալլա Կիւլէնը՝ շատ լաւ
կազմակերպուած շարժում մըն է, որուն ղեկավարը հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ… իսկ
շարժումը լաւապէս թափանցած է ոչ միայն պետութեան վարչամեքենայէն, այլեւ
հանրային կեանքէն ներս, իր դպրոցներու ցանցով եւ հասարակական բարեսիրական
ու մշակութային կազմակերպութիւններով)։ Էրտողան բեմադրեց վիժած պետական
յեղաշրջումի խեղկատակութիւնը իր դէմ, ամբաստանեց իր բոլոր հակառակորդները,
ներառեալ ամերիկեան CIA–ը՝ յեղաշրջումի ետին կանգնած ըլլալու մեղքով, եւ
տասնեակ հազարներ ձերբակալեց ու բանտարկեց։ Ասիկա՝ ներքին ճակատի վրայ։
Արտաքին՝ շրջանային եւ միջազգային հարթակներու վրայ, Էրտողան կը խարխափի
քաղաքական զիկ-զակներու եւ տակտիկական հակասական դիմափոխութիւններու
Բաբելոնի մը մէջ, եւ ցարդ չէ յաջողած շահիլ վստահութիւնը՝ ոչ Եւրոպայի, ոչ ԱՄՆ-ի,
ոչ Ռուսաստանի, ոչ Իրանի, ոչ Եգիպտոսի, ոչ Սէուտական Արաբիոյ, եւ ոչ ալ Իսրայէլի,
որ իր բնական, աւանդական դաշնակիցն էր…։ Ընդհակառակը, ան փաստօրէն շահած
է այս ամէնուն վերապահութիւնն ու հիասթափութիւնը իրմէ, եւ աւելին ըլլալով՝ Սուրիոյ
եւ Իրաքի անդառնալի թշնամութիւնը…։ Էրտողանի միակ անզօր բարեկամներն են
հիմա՝ Իսլամ Եղբայրներն ու Քաթարը, որոնք այսօր մեկուսացուած են
տարածաշրջանին մէջ՝ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ։
Շրջադարձային այս օրերուն, երբ երէկի միաբեւեռ աշխարհի համակարգը կը
նահանջէ բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մակընթացութեան առջեւ, եւ Արեւմուտքը
կը թեւակոխէ իր մայրամուտի հանգրուանին, եւ երբ՝ Հենրի Քիսինճըրն անգամ “The
National Interest” թերթի 4 Փետրուար 2016 թուակիր համարին տուած զրոյցին մէջ կը
խոստովանի թէ՝ «Զարթնող բազմաբեւեռ աշխարհակարգի աշխարհին մէջ,
Ռուսիա կենսունակ դեր մը կը խաղայ՝ որեւէ հարցի լուծումին մէջ, միջազգային
հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար…», Էրտողանի գորշ-գայլային
խորամանկութիւնը անբաւարար է յաղթահարելու Փութինի աղուիսագիտութեան…
մանաւանդ երբ Տոնալտ Թրամփ՝ ի հեճուկս Էրտողանի, ոչ միայն կ՚օգնէ քիւրտերուն,
այլեւ՝ դէմ կը կանգնի Քաթարի մէջ թրքական ռազմախարիսխին եւ հոն 5-6 հազարնոց
թրքական զօրամասի մը տեղակայումին։ Երբ Անճելա Մերքէլ ապահարզան հռչակած
5
է Էրտողանի դէմ, եւ ճանաչում տուած Հայոց Ցեղասպանութեան… եւ՝ կը մերձենայ
Փութինի Ռուսիոյ՝ «Հիւսիսային Հոսք Թիւ 2»ի կազամուղին գծով, որ գործել պիտի
սկսի 2019 թուականին, եւ արդէն՝ 2012 թուականին սկսած է գործել «Հիւսիսային Հոսք
Թիւ 1»ը… ի հեճուկս ԱՄՆ-ի հին՝ Պարաք Օպամայական քաղաքականութեան, որ կը
ջանար ամէն գնով արգիլել Գերմանիա-Ռուսիա ամէն մերձեցումի փորձ։ (Այս մասին
կը վկայէ Շիքակոյի STRATFOR վերլուծումի կեդրոնի հիմանդիրը՝ Ճորճ Ֆրիտման, որ
2015 թուի Յունիսի 15-ին, յայտարարած է հետեւեալը. «ԱՄՆ-ի համար հիմնական
եղած է եւ կը մնայ՝ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ մերձեցումի ամէն փորձի
խափանումը։ Աւելին, հարկ է վարել այնպիսի քաղաքականութիւն, որ անոնց
շահերը միշտ հակադրուին իրարու։ Եւ՝ մասնաւորաբար խանգարել այդ
երկուքին միջեւ այն համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի «Հիւսիսային
Հոսք Թիւ 1» եւ «Հիւսիսային Հոսք Թիւ 2» կազամուղի ծրագրերուն շուրջ,
օգտագործելով Ռուսիոյ հումքային պաշարները եւ Գերմանիոյ թեքնոլոժիք
կարողութիւնները»)։
Վերջապէս, նաեւ չեն պակսիր տուեալներ, եզրակացնելու թէ՝ Տոնալտ Թրամփ
համոզուած է Քիսինճըրի դիտարկումին ճշմարտութեան եւ արդէն՝ նախագահական
ընտրապայքարի օրերէն, գաղտնի համագործակցութիւնը սկսած է Փութինի հետ…։
Այսինքն, Էրտողան այլեւս չի կրնար չարաշահել ԱՄՆ-Ռուսիա նախկին
հակամարտութիւնը՝ ոչ միայն Թրամփի, այլեւ՝ Փութինի մօտ։ Հակամարտութիւն, զոր
չարաշահելով է որ Թուրքիա ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի 5-րդ զօրաւորագոյն բանակը
աշխարհի…։
Ընդհակառակը, այսօր՝ Էրտողան փետրաթափուած իր երէկի դաշնակիցներէն, ինքն է
որ ստիպուած է զիջումներ ընելու Թուրքիոյ պատմական թշնամի Ռուսիոյ առջեւ, որ
ներկայ բազմաբեւեռ աշխարհակարգի ամէնէն աշխուժ բեւեռն է։ Եւ՝ ինչ որ մեր
ժողովուրդին ազգային շահերուն տեսակէտէն մասնաւոր կարեւորութիւն ունի, Ռուսիա
այսօր զինուորական աւելի մեծ կշիռ ունեցող ներկայութիւն է մեր տարածաշրջանին
մէջ, քան՝ ինչ որ էր Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի օրերուն, եւ միւս կողմէ՝
թրքապաշտպան եւ հետեւաբար հակահայ Մեծն Բրիտանիանալ՝ այդ հին օրերու
Բրիտանիան չէ այսօր, եւ վերջին ընտրութիւններուն, Պահպանողական
6
Կուսակցութիւնը նահանջ արձանագրեց, եւ Մարկրիթ Թաչէրի յաջորդ Թերեզա Մէյ
տկարացաւ՝ աշխատաւորական Ճերեմի Գորենի առջեւ…։
Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ այս աննախադէպ շրջադարձային
զարգացումները կ՚աւետեն Էրտողանի միապետութեան եւ փանթուրքական
վարչակարգին «վերջին ահեղ դատաստան»ի օրերուն մօտալուտ ըլլալը…։ Սակայն,
այստեղ եւս կը ցցուի նոյն ցաւատանջ ու կիզիչ հարցումը.
Հայութիւնը, որ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի արդեօ՞ք նախապատրաստուած է
օգտուելու համար այս ոսկի առիթէն… երբ Արեւելահայաստանը կը շարունակէ
տառապիլ ապազգային օլիկարխներու լուծին տակ, եւ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը
տակաւին չէ ստեղծած իր կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ
լիազօր կառոյցը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսը (ՏԱՀՔ,
եւ Համահայութիւնը տակաւին ամբողջութեամբ չէ կլանուած Համահայկականութեան
շունչով եւ իմաստութեամբ, քաղաքական չափահասութեամբ ու պետական
մտածելակերպով։
Գերմանիա-Ռուսիա եւ Ռուսիա-ԱՄՆ յարաբերութեանց մերձեցումի այս շրջադարձը՝
բազմաբեւեռացող ներկայի աշխարհակարգին մէջ, շատ հաւանաբար
վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ոչ միայն միջազգային ու եւրասիական, այլեւ՝
միջին-արեւելեան շարք մը անլոյծ կամ առկախ մնացած հարցեր,
հակամարտութիւններ ու ծաւալապաշտ ծրագրեր, կամ հին դաշնագրերու
բարեփոխութեան, կամ՝ վերջապէս գործադրութեան հարցեր, որոնց կարգին՝
անկատար մնացած Սեւրի դաշնագիրը (unperfected), նախագահ Ու. Ուիլսոնի
իրաւարար վճիռը, նոր-օսմանական ու փանթուրքական ծրագրերը, որոնք
բնականօրէն կ՚ընդգրկեն Քիւրտիստանի եւ Արեւմտահայաստանի անկախութեանց
դատերը, վերջիվերջոյ՝ տեսնելու համար Էրտողանի իշխանութեան ու նոր-
օսմանական, փանթուրքական Թուրքիոյ պետութեան «վերջին ահեղ դատաստան»ը։
Կը վերյիշեցնենք, Թրամփ-Փութին մերձեցումին ստեղծած միջազգային նոր
հաւասարակշռութեան մը պայմաններուն մէջ, երբ հնարաւոր դարձած է Արեւմուտք-
Արեւելքի միջեւ համակարգումի (accomodation) փոխադարձ համաձայնութեամբ
լուծումներու քաղաքականութիւնը։ Եւ՝ երկու կողմերն ալ ունին նոյնանման
7
հասարակարգեր՝ դրամատիրական, Թուրքիա այսօր զրկուած է այսուհետեւ՝ երկու
դասակարգային հակառակորդ մեծերու միջեւ «կռուախնձոր» եղած ըլլալու
հանգամանքը չարաշահելու հնարաւորութենէն, եւ դարձած է արդէն՝ տարանջատումի
ենթակայ պետութիւն մը… երբ՝ Գերմանիա ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու
Տարագրութիւնը, լռելեայն ճանչցած է Արեւմտահայաստանի անկախութեան
իրաւունքը, եթէ՝ ԱՄՆ-ը օգնելով քիւրտերուն ՕԹԱՆ-ի իր դաշնակիցին դէմ, լռելեայն
ճանչցած է Քիւրտիստանի անկախութեան իրաւունքը, եւ երբ՝ Ռուսաստան ոչ միայն
դաշնակիցն է Արեւելահայաստանի, այլեւ՝ կը ծրագրէ վերատեսութիւնը պահանջելու
նախկին ռուս-թրքական համաձայնագրերուն, եւ արդէն տէրն է Սան-Սթեֆանոյի
դաշնագրի Յօդ. 16-րդին եւ «Թուրքահայաստանի Մասին» դեկրետին, եւ՝ շահակիցը
ԱՄՆ-ի հետ, ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռի եւ Սեւրի դաշնագրի Յօդ.
89-րդի եւ 90-րդի գործադրութեան, լռելեայն ճանչցած է Արեւմտահայաստանի
անկախութիւնը դար մը առաջուընէ։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս երեք մեծերը՝
Գերմանիա, ԱՄՆ ու Ռուսաստան, առնուազն, դէմ չեն Թուրքիոյ տարանջատումին…
մանաւանդ որ Գերմանիան, որ կը համագործակցի Ռուսիոյ հետ եւ այլեւս կարիքը
չունի Թուրքիոյ հետ զինակցելու Ռուսիոյ դէմ… եւ թողլքած է Թուրքիան, իսկ ԱՄՆ-ը՝ իր
քաղաքականութեամբ, Գերմանիոյ հետ միասին ժամանակավրէպ կը գտնեն Ռուսիոյ
դէմ փանթուրքական ծաւալապաշտական ծրագիրը, եւ Թուրքիան կը նկատեն
տարանջատելի եւ Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ ինկող երկիր…
Անհաւատալի թուացող եւ այսօր իրականութիւն դարձած այս շրջադարձէն կարենալ
օգտուելու համար, մեր ուսերուն դրուած են երկու հրամայական առաջադրանքներ.
Առաջինը՝ Արեւելահայաստանը ազատագրել ապազգային համակարգի լուծէն, եւ հոն
հաստատել ժողովրդահայրենասիրական համակարգ, որուն այրերը սիրեն հայ
ժողովուրդն ու անոր հայրենիքը, հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամին, եւ
ստեղծեն բարեկեցիկ ու օրինապահ երկիր, ուրկէ հայը չուզէ հեռանալ, այս անգամ ալ
հետեւելով Պերճ Զէյթունցեանի պարզ, վճիտ ու կտրուկ պատգամին…։
Երկրորդը՝ անյապաղ ձեռնարկել Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքահայ
Քոնկրէսի կազմակերպումին, որպէսզի՝ պահանջատէրի լսելի եւ ընդունելի
հանգամանքով, եւ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի նորմերուն համաձայն
8
պահանջենք Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը, շարունակելով եւ ամբողջացնելով
Արմենակ Աբրահամեանի գլխաւորած նախաձեռնութեան ցարդ իրականացուցած
երախտաշատ աշխատանքը, բազմապատկելով անոր ցարդ հաւաքագրած 16,835
տարագիր արեւմտահայերու բանակը, եւ այդ նոր բազմապատիկ բանակին անունով
նաեւ դիմենք՝ Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի պատասխանատուներուն, եւ ապա՝
միջազգային ատեաններուն…։
ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
21 Յունիս 2017