«1894-1923 թթ. Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կապակցութեամբ» միջոցառումի ընթացքին, 27.04.2017
Ինձ թոյլ տուէք որ խոսքս սկսիմ առանց Հայոց ցեղասպանութեան մասին նախաբանի:
Այն ինչ ըսուեցաւ աշխարհի չորս կողմերը Հայկական համայնքներու կողմէ կազմակերպուած ապրիլեան միջոցառումներու ընթացքին, արդեն բավարար է:
Հիմնական իրողութիւնը, որ այսօր մենք պետք է գիտակցինք եւ ընդունինք այն է, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ազատագրման գործընթացն անմիջականորեն առնչուած է թէ տարածաշրջանի եւ թէ համաշխարհային քաղաքական եւ ռազմավարական բոլոր զարգացումներուն հետ:
Հայ եւ տարածաշրջանի այլ ժողովուրդներու իրավունքներու իրականացման հարցերն անխուսափելի կերպով կապուած են տարածաշրջանի նկատմամբ ապագայ կարգավիճակի ամբողջական ձեւավորումին հետ: Չ’կան մեկը միւսեն անջատուած լուծումներ: Հետեւաբար, անջատ անջատ հարցեր արծարծելու փորձերը մեր աջքերուն փոշի ցանելէ զատ ոչինչ է: Մեզ որպես գործիք կամ լարուածութեան դաշտ դարձնելով, մեր իրավունքներու իրականացման իսկական ուղիէն կը շեղեն, եւ նորեն տարածաշրջանի խնդրոյ առարկայ ժողովուրդները կը չարաշահուին ու արիւնահեղութեան կ’ենթարկուին ի նպաստ այլոց շահերուն:
Փաստ՝ Արցախի, Քուրտերու, Եզտիներու, Քրիստոնիայ փոքրամասնութիւններու եւ այլ հարցերը:
Այս համոզումով, մեր այսօրուա հրապարակած Հռչակագիրի տրամաբանութեամբ պիտի խոսքս դիմեմ երեք կողմերու.
1. Միջազգային ընտանիք
Միջազգային ընտանիքն ըստ ՄԱԿ-ի Սահմանադրութեան՝ ընդունուած է, որպես
միջազգային օրենքի հեղինակ ու անոր արդար կիրառման երաշխիք ու պահապան:
Արեւմտեան Հայաստանի միջազգային ճանաչումի եւ Կիլիկիոյ անկախութեան մասին
առկայ են արդեն բազմաթիւ դաշնագրեր, որոշումներ, հռչակագրեր, Իրաւարար վճիռ եւ
այլ փաստաթուղթեր եւ որոնք ունին միջազգային ուժ եւ շարադրուած են՝ ըստ միջազային
օրենքի հոդվածներուն:
Պատմութեան փորձառութիւնը ցոյց կ’ուտայ, որ միջազգային ընտանիքի կարգ մը
ազդեցիք անդամներ, գերադասելով իրենց սեփական շահերը՝ ոտնակոխ ըրին թէ
միջազգային օրենքը եւ թէ Հայ եւ այլ ժողովուրդներու իրավունքները: Այդ անդամներու
վարած քաղաքականութիւնը տարածաշրջանը բերավ մինչեւ կործանման եզրին, եւ
անպատասխանատու վերաբերմունքներու պատճառով հնարաւոր դարձաւ հազարաւոր
տարիներու պատմութեան եւ լուսաւոր մշակոյթի տեր բազմաթիւ ժողովուրդներու
օրրանը վերածել խաւարի հետեւորդ բարբարոս եւ արիւնարբու ոճրագործներու որջի:
Կոչ կ՛ուղենք միջազգային ընտանիքին վերադառնալ եւ վերականգնել միջազգային
օրենքի սկզբունքներու գերակայութիւնը, ապա հարգելով նախ իրենց իսկ
ստորագրութիւնները իրենց կողմէ շարադրուած ու ընդունուած դաշնագիրներու եւ
իրավարար վճիռներու տակ, ուստի սրբագրելով անցեալի սխալները, գլուխ գլխի նստիլ
միջազգային ընտանիքի հին-նոր անդամ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան
ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ
կայունութեան գործնական պայմանները՝ նկատի առնելով բոլոր կողմերու շահերն ու
երաշխիքները, հանուն ողջ աշխարհի խաղաղութեան եւ կայունութեան: Հայ ժողովուրդը՝
ինչպես եղած է միշտ, այսօր նոյնպես պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը առաջարկելով
ճանապարհային իրապաշտ քարտեզ Արեւմտեան Հայաստանի վերահաստատման եւ իր
ապագա դերի մասին թէ տարածաշրջանի եւ թէ աշխարհի բոլոր ազգերու
բարգավաճումի ճանապարհով:
2. Տարածաշրջանի կողմեր, բնիկ, ժողովուրդներ եւ ազգային ու կրոնական
փոքրամասնութիւններ
Տարածաշրջանի կողմերուն, բնիկ, ժողովուրդերուն եւ ազգային ու կրոնական
փոքրամասնութիւններուն կը վստահեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութեան վերահաստատումը միջազգային օրենքի հիմքերով ոչ մեկ կերպ
սպառնալիք պիտի չի հանդիսանայ տարածաշրջանի ոչ մեկ այլ մոտիկ կամ հեռակայ
դրացի բաղադրիչի մը նկատմամբ: Ընդհակառակը, Արեւմտեան Հայաստանի
Հանրապետութիւնը, ընդունելով զինեալ չեզոքութեան սկզբունքը, պիտի կանգուն
աջակիցը դառնայ տարածաշրջանի եւ միջազգային խաղաղութեան հաստատման
ճիգերուն: Իսկ ազգային եւ կրոնական փոքրամասնութիւններու համար պիտի ըլլայ
անոնց անվտանգութեան եւ ազատ կյանքի հավերժ եւ անխախտ երաշխիքը: Անոնք
պիտի վաելեն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու բոլոր
իրաւունքները ինչպես պիտի կատարեն քաղաքացիներու բոլոր պարտականութիւնները՝
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշի ներքոյ:
3. Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ գրաւեալ տարածքներու մէջ ապրող եւ
աշխահասփիւռ տարագիր Հայ ազգի զավակներ
Գալով մեր հարազատներուն, այս պատմական եզակի հանգրուանին, կը հորդորենք
զարթնիլ ու ձերբազատուիլ ողջ դարաշրջան մը շարունակ փակուղիներ առաջնորդող
պարտուողական քարոզչութիւններեն եւ անցնիլ ազգային իրավունքներու գիտակցութեան դաշտ:
Ցեղասպանութեան բարոյական ճանաչումները ուժ չ’ունին միջազգային օրենքներու աշխարհին մէջ: Միայն դատապարտումները, որոնց բանաձեւերու մէջ առկայ են հստակ հղումներ միջազգային կարգ մը օրենքներուն` որոշ լրացուցիչ ուժ կրնան տալ մեր իրավունքներու վերականգման իրաւական-քաղաքական գործընթացին, բայց երբեք ճանաչումը նախապայման չէր եւ չի կրնար ըլլալ մեր Հայրենիքի ազատագրման հարցում:
Գալով «պահանջատիրութիւն» եզրոյթին, իմացեք որ ինչքան ալ մեր իրավունքներն արդարացի ըլլան եւ համապատասխան միջազգային օրենքներուն, անոնք «պահանջելով» իրականութեան չե՛ն վերածուիր: Դուք կրնաք հազար տարի եւս ցոյցեր կազմակերպել թշնամիի կամ այլ դեսպանատուներուն առջեւ, բայց ոչինչ չ՛եք կ’րնար ստանալ:
Իրավունքները քայլ առ քայլ կ’իրականացուին եւ ոչ թէ կը պահանջուին:
Շնորհակալութիւն Ձեր ներկայութեան համար հարգելի հարազատներ, միասին քայլ առ քայլ մեր բոլորին իրավունքերը փաստաթուղթերեն կը բերենք իրականացման դաշտ, եւ արդեն բաւական ճանապարհ կտրած ենք:
Գառնիկ Սարգիսեան
Արտաքին Գործոց Նախարար
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւն
27.04.2017
Ծիծերնակաբերդ
Երեւան