Յարգելի հայրենակիցներ,

Նկատի ունենալով ներկայի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու հնարաւոր լուրջ անդրադարձները՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ բռնազաւթուած տարածքներու ճակատագիրին կապակցութեամբ, եւ մեկնելով մեր ինքնիշխանութեան պարտաւորութիւններէն ու առաջնորդուելով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հանդէպ ստանձնած պատասխանատուութիւններու հրամայականով, որոշեցինք հանդէս գալ համապատասխան հռչակագիրով մը յառաջիկայ Ապրիլեան միջոցառումներուն առթիւ:

Հռչակագիրը պիտի ներկայացուի եւ հրապարակուի, 2017 թուականի ապրիլ 27-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ վեր սլացող Վերածնունդի սիւնի շուրջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` «1894-1923 թթ. Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կապակցութեամբ» միջոցառումի ընթացքին:

Նշենք, որ սոյն Հռչակագիրը բաց պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն, փոքրամասնութիւններուն եւ բնիկներուն համար այն ստորագրելու ու միանալու համար:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւն
14 Ապրիլ 2017 թ.