(Ա.)

Գա­միշ­լին, որ կը գտն­ուի Սուր­իոյ հիւ­սիս-արե­ւել­եան շր­ջա­նին մէջ, թր­քա­կան սահ­մա­նին վրայ, յետ­պա­տե­րազմ­եան շր­ջա­նի հա­յա­կերտ քա­ղաք­նե­րէն է: Եօ­թա­նա­սու­նամ­եայ Գա­միշ­լին կա­ռուց­ուած է պատ­մա­կան Մծ­բի­նի պա­րիսպ­նե­րէն 500 մեթր դէ­պի հա­րաւ: Ան եր­կա­թու­ղա­գի­ծով հիւ­սի­սէն կը մի­ա­նայ Իրա­քի Մու­սուլ քա­ղա­քին, իսկ հա­րա­ւէն Սուր­իոյ Հա­սի­չէ, Տէր Զօր, Ռագ­գա, Հա­լէպ, Հոմս եւ Դա­մաս­կոս քա­ղաք­նե­րուն:

Գա­միշ­լին իր անու­նը ստա­ցած է Թուրք­իոյ մէջ հա­մա­նուն գիւ­ղէն, որ Խա­պուր գե­տի Ճաղ­ճաղ վտա­կի ափին կը գտն­ուէր: Այլ ստու­գա­բա­նու­թիւն մը «Գա­միշ­լի» բա­ռը յա­ռա­ջա­ցած կ՛են­թադ­րէ «Գա­միշ» եղեգ բա­ռէն եւ զայն կը թարգ­մա­նէ իբ­րեւ «Եղէգ­նուտ»: Դա­րեր առաջ, այս գիւ­ղա­քա­ղա­քին մօտ, Տաւ­րոս­եան լեռ­նե­րու փէ­շե­րուն, կը բարձ­րա­նար Մի­ջա­գետ­քի նշա­նա­որ մեծ քա­ղա­քը` Մծ­բին (յու­նա­րէն Նի­սի­պին):

Մծ­բին քա­ղա­քը Մեծն Տիգ­րա­նի օրով մաս կազ­մած է հայ­կա­կան պե­տու­թեան: Եղած է hա­յոց ար­քա­յին աթո­ռա­նիստ քա­ղաք­նե­րէն, ուր կը պահ­ուէր անոր գան­ձե­րուն մէկ մա­սը: Մծ­բին Է. դա­րուն կը գրաւ­ուի արաբ­նե­րուն կող­մէ եւ բնակ­չու­թիւնը աս­տի­ճա­նա­բար փո­փո­խու­թիւն կը կրէ, որուն հե­տե­ւան­քով, պար­սիկ­նե­րու եւ հա­յե­րու կող­քին, այս­տեղ բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տեն արաբ­ներն ու թուր­քե­րը, իսկ թր­քա­կան նուա­ճու­մե­րէն ետք` առա­ւե­լա­բար թուր­քե­րը:

20-րդ դա­րուն սկիզ­բը բնակ­չու­թիւնը կը հաշ­ուէր 7000 անձ, որուն 1/7-րդը հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած էր: 1915 թուա­կա­նին, են­թարկ­ուե­լով թըր­քա­կան բռ­նու­թիւն­նե­րուն, հա­յե­րուն մէկ մա­սը կ՛ոչն­չա­նայ, իսկ միւս մա­սը կը տա­րագր­ուի զա­նա­զան եր­կիր­ներ: Այն հո­ղե­րը, որոնք այ­սօր Գա­միշլիի կը պատ­կա­նին, անց­եա­լին կը պատ­կա­նէ­ին Մծբ­նայ ժո­ղո­վուր­դին: Պատ­մա­կան Մծ­բի­նէն պահ­պան­ուած են պա­րիսպ­նե­րու մնա­ցորդ­ներ եւ քա­նի մը եկե­ղե­ցի­նե­րու աւե­րակ ու փլա­տակ շէն­քեր: Մին­չեւ Ա. Աշ­խար­հա­մարտ, Գա­միշ­լին անն­շան վայր եղած է: Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք, դաշ­նա­կից­նե­րը նա­հան­ջած են թր­քա­կան հո­ղե­րէն, ֆրան­սա­ցի­նե­րը այս­տեղ` Այնտիւա­րի մէջ հաս­տա­տած են իրենց զօ­րա­նոց­նե­րը ու կազ­մած բա­նակ: 1926-ին ֆրան­սա­ցի­նե­րուն կող­մէ հիմն­ուած է քա­ղա­քը:

Գա­ղու­թի կազ­մու­թիւնն ու ազ­գա­յին կեան­քը

Կ՛են­թադր­ուի, թէ Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը կը սկ­սի 1927-ին, ֆրան­սա­ցի­նե­րուն գրա­ւու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք: Որոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տեն սա­կայն, թէ 1925 թուին Գա­միշլիի մէջ իրենց բնա­կու­թիւնը հաս­տա­տած էին ար­դէն Հա­սի­չէ­էն, Տէր Զօ­րէն, Ռագ­գա­յէն, Ռաս ուլ Այ­նէն եւ Հա­լէ­պէն հայ ըն­տա­նիք­ներ: Ֆրան­սա­կան բա­նա­կի ներ­կա­յու­թիւնը կը քա­ջա­լե­րէր Թուրք­իոյ մէջ գտ­նուող սահ­մա­նա­մերձ քրիս­տոն­եա­նե­րուն գաղ­թը դէ­պի Սուր­իա:

1927 թուա­կա­նէն ետք, հոսք մը կը սկ­սի դէ­պի վե­րո­նշ­եալ վայ­րե­րը: Գաղ­թող­ներ ընդ­հան­րա­պէս եկած էին քր­տաբ­նակ գա­ւառ­նե­րէն` Ճէ­զի­րէթ Պո­թա­նէն կամ Պշերիի լեռ­նե­րէն, եւ տե­ղա­նու­նի հի­ման վրայ կոչ­ուած էին «պշերկ­ցի­ներ», նա­եւ` Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Խար­բեր­դի, Բա-   լ­ուի եւ Մար­տի­նի շր­ջան­նե­րէն: Անոնք ապաս­տան գտած էին մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­սի­չէ, Գա­միշ­լի եւ Ռաս ուլ Այն: Անոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նէր իր բար­բա­ռը, իսկ Տիգ­րա­նա­կեր­տի եւ Մու­շի շր­ջա­նի հայ գիւ­ղա­ցիու­թիւնը մեծ մաս կը կազ­մէր:

Տեղ­ւոյն հո­գա­տար կա­ռա­վա­րու­թիւնը Գա­միշ­լի եւ Հա­սի­չէ ապաս­տա­նած գաղ­թա­կան­նե­րուն բնա­կու­թեան եւ տե­ղա­ւոր­ման հա­մար կը տրա­մադ­րէ ըն­դար­ձակ եւ բա­րե­բեր հո­ղեր` թր­քա­կան սահ­մա­նէն 50 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ: Իսկ Հա­լէ­պի Գաղ­թա­կա­նաց Են­թա­յանձ­նա­խում­բին կող­մէ Գա­միշ­լի կը ղրկ­ուի Վե­րա­պատ­ուե­լի Ահա­րոն Շի­րաճ­եան` նո­րեկ գաղ­թա­կա­ննե­րուն կե­ցու­թիւնը ու­սում­նա­սի­րե­լու նպա­տա­կով:

Բնա­կու­թեան հա­մար կը նշա­նակ­ուին գիւ­ղեր եւ աւանն­-         եր` բնակ­չու­թիւնը այն­տեղ տե­ղա­ւո­րե­լու եւ զայն ինք­նա­բաւ դարձ­նե­լու հա­մար: Կ՛որո­շեն բնա­կու­թեան վայր դարձ­նել Չգըր Պա­զա­րը , Թէլ Պրա­գը եւ Ղա­րա­տուն: Վեր­ջինս, իր առող­ջա­րար օդին, բա­րե­բեր հո­ղե­րուն եւ եր­կու գե­տե­րուն մի­ջեւ գտնը­ւե­լուն հա­մար, կ՛ըն­կա­լէ 500 ըն­- տա­նիք: Իսկ Հա­սի­չէի մօ­տե­րը, Թէլ Պրա­գի սահ­մա­նին շուրջ, Ճաղ­ճաղ գե­տէն ոչ հե­ռու, իրար­մէ կէս ժամ հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտ­նուող եր­կու բլուր­նե­րու վրայ կ՛որո­շեն շի­նել Սա­հա­կա­շէն եւ Մես­րո­պա­շէն անու­նով եր­կու գիւ­ղեր: Այս­տեղ ապաս­տան պի­տի գտ­նէ­ին 1929-ի Դեկ­տեմ­բե­րին Թուրք­իա­յէն Ճէ­զի­րէի կող­մե­րը գաղ­թած 600 տուն, քր­տա­խօս հա­յե­րէն 130 ըն­տա­նիք:

Նո­րա­հաս­տատ եր­կու գիւ­ղե­րը կա­ռուց­ուած էին ՀԲԸՄ-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ բաց­ուած հա­մազ­գա­յին հան­գա­նա­կու­թեամբ: 1931 թ. Սա­հա­կա­շէ­նի մէջ 75 միա­յարկ բնա­կա­րան­ներ կը կա­ռուց­ուին եւ մաս­նա­ւոր շէնք մըն ալ կ՛օգ­տա­գործ­ուի որ­պէս դպ­րոց ու եկե­ղե­ցի: Այս­տեղ հա­յոց թիւը կը հաշ­ուէր 344 հո­գի: Իսկ Մես­րո­պա­շէ­նի մէջ կը շին­ուին 62 միա­յարկ բնա­կա­րան­ներ, 5 ամ­բա­րա­նոց եւ 10 մաս­նա­բա­ժին­նե­րով գոմ: Հա­յոց թիւը կը հաշ­ուէր 229 հո­գի, մօ­տա­ւո­րա­պէս 150 ըն­տա­նիք: Բնա­կիչ­նե­րը առ­հա­սա­րակ կը զբա­ղէ­ին հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ: Ու­նէ­ին բա­ւա­կա­նա­չափ հո­ղեր, որոնց­մով կր­նա­յին իրենց ապ­րուս­տը ապա­հո­վել:

Առա­ջին տա­րին, երաշ­տի հե­տե­ւան­քով բնակ­չու­թիւնը անա­պա­հով կը մնայ եւ խնա­մա­կա­լու­թիւնը երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով սնունդ ու սեր­մա­ցու կը տրա­մադ­րէ նո­րաբ­նակ­նե­րուն եւ հա­ւա­նա­կան նոր երաշ­տէ մը խու­սա­բե­լու հա­մար Ճաղ­ճաղ գիւ­ղին առ­ջեւ թումբ մը կանգ­նեց­նե­լու փոր­ձեր կը կա­տար­ուին: Հետզ­հե­տէ դէ­պի Սուր­իա, ի մաս­նա­ւո­րի Գա­միշ­լի ար­տա­գաղ­թող հա­յե­րուն թիւը կը բազ­մա­նայ եւ Գա­միշլիի շր­ջա­կայ­քը կը հիմն­ուին 21 փոքր հայ­կա­կան գիւ­ղեր. « Ճուխ, Հէլ­լի­քօ, Գզըլ­ճա, Մլ­լուքս­րա­յա, Վու­վուտիէ… եւ այլն», առ­հա­սա­րակ 10-15 ըն­տա­նիք­նե­րով: Հե­տա­գա­յին կ՛աւել­նայ գիւ­ղե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն թիւը:

Այս­տեղ ապաս­տան գտած հայ կա­րօտ­եալ ըն­տա­նիք­նե­րը կը բնա­կէ­ին վրան­նե­րու տակ: Իրենց տըր­ուած էր հար­կա­ւոր իրեր հո­ղամ­շա­կու­թեան եւ տու­նե­րու շի­նու­թեան հա­մար: Ըստ Հա­լէ­պի Գաղ­թա­կա­նաց Խնա­մա­տա­րու­թեան տե­ղե­կա­գի­րին, 1929-1930 թ. Թուրք­իա­յէն գաղ­թող հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն թիւը կը հաս­նէր 800 ըն­տա­նի­քի, շուրջ 5000 հո­գի: Անոնց­մէ 600-ը տուն ապաս­տան կը գտ­նէ Իրա­քի եւ Թուրք­իոյ սահ­մա­նա­մերձ Գա­միշլիի եւ Հա­սի­չէի շր­ջան­նե­րուն մէջ, իսկ 200 ըն­տա­նիք ալ Հա­լէպ:

1932-ին Բեր­իոյ Թե­մի Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի տու­եալ­նե­րով, Գա­միշլիի Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն թիւը կը հաշ­ուէր շուրջ 3000 անձ: Այս­տեղ պէտք է ընդգ­ծել, թէ վե­րոնշ­եալ թուա­կան­նե­րուն գա­ղու­թին մէջ կազ­մա­կերպը­ւած Ազգ. Իշ­խա­նու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նէր, մար­դիկ իրա­րու կապ­ուած էին հա­մա­քա­ղա­քաց­ի­ա­կան կա­պե­րով:

1934-ին կ՛ընտր­ուի 7 ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած նշա­նա­կո­վի թա­ղա­կան խոր­հուրդ մը, որ կը վա­ւե­րաց­ուի Կեդ­րո­նա­կան Իշ­խա­նութ­եան կող­մէ: Ֆրան­սա­կան բա­նա­կի առ­կա­յու­թիւնն ու ստեղծ­ուած բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րը մղիչ ուժ պի­տի հան­դի­սա­նա­յին ոչ միայն հա­յե­րու` այ­լեւ սահ­մա­նա­մերձ քրիս­տոն­եա­նե­րու` բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու վե­րոնշ­եալ վայ­րե­րուն մէջ:

Այս­պէս, խումբ մը գի­տա­կից հա­յե­րու նիւ­թա­կան օժան­դա­կութ­եամբ եւ Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան ձեռըն­տուու­թեամբ հի­մը կը դր­ուի դպ­րո­ցին, գլ­խա­ւո­րու­թեամբ տոքթ. Գրի­գոր Սար­գիս­եա­նի: Վար­ժա­րա­նի առա­ջին ու­սու­ցիչ­նե­րը եղած են` Ար­շակ Երէց­եան եւ Մուխ­թար Մով­սէս Մու­րատ­եան: Իսկ տնօ­րէն­նե­րը, յա­ջոր­դա­բար` Խա­չիկ Քա­րուկ­եան, Արամ Սար­գիս­եան, Ստե­փան Եա­ղուպ­եան, Կա­րա­պետ Պետ­րոս­եան եւ ու­րիշ­ներ:

Հա­մադ­րեց

Յա­կոբ Սրկ. Պար­սում­եան

 

Օգ­տա­գործ­ուած Աղ­բիւր­ներ

-Անի Ֆի­շէնկճ­եան,«Գամիշլիի հայ գաղութին կազմաւորումը», «Շաւիղ», պարբերաթերթ Ա.Ք.Ե.Ճեմարանի Շրջ. Միութեան, Գ. տարի, Հալէպ, 2002:

-Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի ար­խիւ­ներ

 

 

http://www.kantsasar.com/news/?p=5224