Հեղինակ՝ Գառնիկ Սարգիսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան
Արտաքին գործերու նախարար
Կը պահանջենք մեր պետութիւնը
Ըստ երեւոյթին՝ հայուն մէջ արմատացած լաւատեսութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեզի թոյլ տուած է կարծելու, թէ որոշ պետութիւններ՝ որոնք կը ներկայանան որպէս «Միջազգային ընտանիք» (որոնք իրականութեան մէջ կրճատելով «Միջազգային ընտանիքի» անդամ այլ պետութիւններու թէ՛ իրական եւ թէ՛ բնական մասնակցութեան իրողութիւնը), անդրադառնալու էին՝ որ իրենց ռազմավարական ծրագիրը ձախողած է: Այն ծրագիրը, որ որպէս քօղածածկոյթ ծառայեց Երիտթիւրքերու «Իթթիհատ վէ թերաքի» ոճրագործներու կոմիտէի իրագործած յանցագործութիւններուն համար՝ ընդդէմ մարդկութեան եւ հայ բնիկ ժողովուրդին, անոր իսկ բնօրրանին մէջ: Յետագային այդ հիմք հանդիսացաւ ապահովելու Քեմալական Թիւրքիայի ռազմավարական եւ քաղաքական հովանոցը, պետութիւն մը՝ որ ոչ մէկ օր չթաքցուց թէ «քաղաքակիրթ» իրաւայաջորդն է վերոնշեալ ոճրագործ կոմիտէի: Քեմալի ձեռքերն ազատ արձակեցին՝ ստեղծելու համար արդի Թիւրքիան, ստեղծուած՝ Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու ճակատագիրի հաշուին, ինչպէս նաեւ Հայերու ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան շարունակման միջոցով՝ 1918-1923 թ.թ.-ներու ընթացքին, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ շարունակելու այդ սեւ գործը, որն օսմանական եւ իթթիհատական օսմանցիները չկրցան աւարտին հասցնել 1894-96 եւ 1909-1918 թ.թ.-ին, ինչի նկատմամբ 1919-ին Լինկոլն Ստեֆանսին տուած հարցազրոյցին ժամանակ այնպէս կը դժգոհէր Լոուրենս Արաբացին՝ նկատելով թէ «թիւրքերը չկրցան աւարտին հասցնել հայերու ամբողջական բնաջնջումը»: Բոլոր այս ոճիրները տեղի ունեցան՝ հակառակ Վերսայլի Վեհաժողովի որոշումներուն (1919-1920 թ.թ.), ի խախտումն Սեւրի Խաղաղութեան դաշնագիրին (10 Օգոստոս 1920 թ.) եւ Կիլիկիոյ Անկախութեան հռչակագիրին (4 Օգոստոս 1920 թ.):
Յոյսեր ունէինք, ճիշդ է զգուշաւոր, մանաւանդ 2007 թ.-ի ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն մասին» Հռչակագիրի ընդունումէն ետք՝ որ Միջազգային ընտանիքին մաս կազմող եւ մարդու իրաւունքներու եւ շատ այլ իրաւունքներու պաշտպան ազդեցիկ պետութիւններուն մօտ կը հասուննար ճիշդ կողմնորոշման ունակութիւն եւ իմաստութիւն՝ գիտակցելու, որ թեքնոլոժիներու եւ տնտեսութեան ասպարէզներուն մէջ մեծ նուաճումներու հասնելով եւ ապահովելով յաւելեալ անվտանգութեան խնդիրները՝ պիտի վերադառնան եւ լրջօրէն խորհին իրենց պատմութեան մութ էջերը չէզոքացնելու մասին: Մանաւանդ երբ տեղեկատուական ոլորտի զարգացման պայմաններուն մէջ՝ շատ դժուար է պատիւ չբերող քաղաքականութիւն վարելը, եւ զայն հեռու պահելը միջազգային հանրային կարծիքի տեսադաշտէն: Կ՛ակնկալէինք, որ պիտի սկսէին այնպիսի ծրագիրներու մշակումն ու գործարկումը, որոնք անցեալի սխալները այլ կողմերու եւ պետութիւններու վրայ պիտի բարդէին, անոնց՝ որոնք արդէն ծառայած էին ազդեցիկ պետութիւններու նախորդ ծրագիրներու իրականացման, հետեւաբար այդ ծառայակիցներուն ստիպելով գին վճարելու իրենց ինքնիշխանութիւններուն հաշուին՝ ազդեցիկ պետութիւններուն ապահովելով պարզերես դուրս գալու թէ՛ որպէս միջազգային իրաւունքներու պաշտպան եւ թէ՛ որպէս խաղաղութեան դրօշակակիր:
Սակայն այս ամէնը չիրականացաւ՝ եւ դէպքերը զարգացան ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ, ըստ երեւոյթին այն պատճառով՝ որ մինչեւ 2012 թ. այդ նոյն ազդեցիկ պետութիւնները գրեթէ բացարձակապէս համոզուած էին՝ որ համաշխարհային տիրապետութեան իրենց ծրագիրները յաջողած են եւ աւարտական փուլ մտած են, վերջնական ու ջախջախիչ յաղթանակ ապահովելու համար: Հաշուարկներէն դուրս էր իրենց ծրագիրի ձախողումն ու փլուզումը այնպէս՝ որ նոյնիսկ Բ պլան մշակելու ձանձրոյթը չունեցան, ու այդ պատճառով մտահոգուելու պատճառ չունեցան՝ իրենց պատմութեան մութ էջերը վերացնելու:
Ծայրայեղ այս ինքնավստահութիւնը, այլ խօսքով՝ սխալ հաշուարկները, եւ հակադիր ճամբարներու իրական ներոյժը չգնահատելը, որոնք կը մերժէին ընտրանիներու (էլիտարներու) գերիշխանութիւնը, պատճառ դարձաւ, որ ընտրանիները չհասնէին իրենց նպատակներուն, կրնանք ըսել, թէ այդ նպատակենրը այսօր արդէն շատ հեռու են իրականացուելէ՝ առնուազն երկար ժամանակի կտրուածքով:
Չենք կրնար ըսել, թէ ընտրանիները պարտուեցան, իրականութեան մէջ ոչ ոք կ՛ուզէ որ պարտուին՝ պահպանելու համար աշխարհի փխրուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Այսօր պահանջուածն այն է, որ բոլորը վերադառնան աշխարհի վերաբերեալ այն միտքին, թէ այն կը կայանայ բազմազանութեան հիմքի վրայ, եւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորուածութեամբ, միջազգային օրէնքով ու մարդկային չափանիշներով մշակուած, որու նպատակը խաղաղութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման ապահովումն է աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար, նկատի առնելով բոլորի շահերը՝ զերծ ուժի առանցքներէն եւ խմբաւորումներէն, զերծ՝ տարանջատումներէն:
Այդպիսին էր ԱՄՆ Նախագահ պարոն Վուտրօ Ուիլսընի տեսլականը Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ: Անոր ձգտումն էր՝ այդ պատերազմը վերածել «Պատերազմի՝ որ վերջ պիտի դնէ բոլոր պատերազմներուն»: Այդ սկզբունքով ան մտաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ, որմէ ետք Վերսայլի Վեհաժողովին իր ներդրած ջանքերուն միջոցով փորձեց վեհաժողովի սկզբունքները ձեւաւորել որպէս մեկնակէտ համաշխարհային նոր եւ արդար համակարգի մը, ուր չկան այլեւս պատերազմներ, եւ զէնքի ուժով հարցեր լուծելու փորձեր: Այնպիսի աշխարհ մը՝ ուր բոլորն առիթ ունին վայելելու իրենց ինքնիշխանութիւնը, կայունութիւնը, բարգաւաճումը, զիրար յարգելու հիմունքերու վրայ:
ԱՄՆ Նախագահը 1918 թ.-ի Յունուար 8-ին ԱՄՆ Կոնգրեսին ներկայացուց 14 կէտանոց ծրագիր, ուր ամփոփուած էր արդիական աշխարհի իր տեսլականը: Այդ ծրագիրը յայտնի է որպէս «Նախագահ Ուիլսընի 14 կէտեր», որմէ բխեցաւ Ազգերու Լիգայի ստեղծման գաղափարը, եւ այն՝ ինչի հիման վրայ Նախագահն անձնապէս մասնակցեցաւ Վերսայլի Վեհաժողովին եւ վեց ամիս մնաց Փարիզ, որպէսզի անձամբ իրականացնէ բոլոր բանակցութիւնները: Նախագահը Վերսայլի պալատ մտաւ՝ գրպանին մէջ ունենալով 14 կէտերը, որոնցմէ 12-րդ կէտին մէջ նշուած է. «Պէտք է երաշխաւորել ապահով ինքնիշխանութիւն՝ ներկայ օսմանական կայսրութեան թիւրքական բաժինին համար», «մինչ միւս ազգութիւններուն համար՝ որ այսօր թիւրքական լուծին տակ են, պէտք է երաշխաւորուի ապահով կեանքի ու բացարձակ անկախ բարգաւաճման անարգել պայմաններ»:
Հարկ է յիշել, որ Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովը տէ Ֆակտօ ճանչցաւ Հայկական պետութիւնը (19 Յունուար 1920 թ.), իսկ շուտով նաեւ Սան Ռեմոյի Համաժողովը դէ Ժուրէ ճանչցաւ զայն (25 Ապրիլ 1920 թ.): Յաջորդ օրն իսկ՝ այսինքն 26 Ապրիլ 1920 թ.-ին, երբ Հայկական պետութիւնը ստացեր էր օրինական կարգավիճակ՝ Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան պաշտօնական դիմում յղեցին ԱՄՆ Նախագահին, խնդրելով կայացնել Իրաւարար վճիռ՝ Թիւրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանազատման վերաբերեալ: ԱՄՆ Նախագահը համաձայնեցաւ ընդառաջելու դիմումին, երբ 1920 Մայիսի 27-ին ստացաւ նաեւ պաշտօնական դիմումներ Թիւրքիայէն եւ Հայաստանէն: Սեւրի Խաղաղութեան դաշնագիրը, որ ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին՝ մէկ անգամ եւս 89-րդ յօդուածով շեշտեց, որ բոլոր կողմերը կը պարտաւորուին ընդունիլ ու կատարել ԱՄՆ Նախագահի Իրաւարար վճիռի պահանջները: 1920 թ.-ի Մայիս 11-ին Դաշնակից պետութիւնները հայկական պատուիրակութեան ներկայութեամբ Թիւրքիոյ ներկայացուցինչներուն յանձնեցին Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագիրի կրկնօրինակը, նոյն օրը ԱՄՆ Կոնգրեսը ընդունեց S. Res. 359 – Calendar No. 532 որոշումը, ուր պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս հանգամանքներով՝ իրաւարարութիւնը ստացաւ միջազգային իրաւարարութեան կարգավիճակ, եւ հրապարակուեց ԱՄՆ նախագահի կողմէ 22 Նոյեմբեր 1920 թ.-ին:
http://www.azadkhosk.com/hotvadsner6401.html