Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) ՀԱՒԱՏՔԻ եւ հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնը՝ ուղղուած Հայկական բոլոր լրատուամիջոցներուն:
ՀԱՒԱՏՔԻ եւ հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնախումբերը կը հրաւիրեն բոլոր լրատուամիջոցները՝ մասնակցելու եւ լուսաւորելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը /ԹԵՄԱՅ:(Այլակրօն) ՀԱՅԵՐԸ ԾՐԱԳԻՐին շուրջ/:
Այսու կը հրաւիրենք բոլոր լրատուական աշխատակազմերը, թղթակիցները, լրագրողները, կուսակցական գործիչները, պետական պաշտօնեաները, իրաւաբանները, պատմաբանները, հայագէտները, հայագիտութիւն ուսանողները, մշակոյթի գործիչները, արուեստագէտները, կղերականները, հայրենակցական միութիւնները, երիտասարդական միութիւնները, օգնութեան խաչերու կազմակերպութիւնները, պատանեկան միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները, դպրոցներու տնօրէնները, ուսուցիչ ուսուցչուհիները, ուսանողները, դպրոցականները եւ, ընդհանրապէս, բոլոր հայերուն իրենց կարծիքը արտայայտելու այս Թեմային շուրջ:
ՀԱՐՑՈՒՄԸ
Մենք պատրա՞ստ ենք ընդունելու մեր Այլակրօն, Հեթանոս եւ այլ Կրօններու հետեւող ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐԸ, ինչպէս որ են: /մեր Բնօրրանին մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ ապրողները/:
Ձեր պատասխանները կրնաք ուղղել հետեւեալ հասցէին:
Պատասխանելու նմուշը պարտադիր է:
Այս ծրագիրին շուրջ Օգոստոս–Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ լսարան հաւաք համագումար մը՝ որոշում մը առնելու միտումով։ Լսարան համագումարին օրը եւ վայրը կը յայտարարուի մամուլով։ Հրաւիրուած են բոլոր հայրենակիցներն անխտիր:
ՀԱՐՑՈՒՄ – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողով (Խորհրդարան)
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական Հարցերու Մշտական յանձնախումբի հարցումը, աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն:
Պատրա՞ստ ենք արդէօք ընդունելու այլակրօն եւ հեթանոս մեր հայրենակիցները՝ հայրենի բնօրրանի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող: Պատրա՞ստ ենք ընդունելու իրենց այնպէս, ինչպէս որ ե՛ն: Ձեր կարծիքը…
Հարցումին պատասխանելու համար → https://goo.gl/7iTpN5