ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
… Ու պիտի զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս նոյն տարուան (2011թ.) մէջ իր պորտը հայութենէ կտրած «ծնունդով (կէս) հայ»-ը, մեծահարուստ թենիս խաղացող Անտրէ Աղասին կը յաջողի իր կնքահայրէն` «աշխարհի ամէնէն
հարուստ հայէն»` Գըրգ Գրգորեանէն, տասնութ միլիոն տոլար ձեռք բերել իր թենիսի դպրոցին համար,… նաեւ, աշխարհի ամէնէն հարուստը նոյն հայը, նոյն տարուան մէջերկու հարիւր միլիոն տոլար կը նուիրէ Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանին… Եւ ո՞վ հարցուց, թէ որո՞ւ ժառանգ կը մնան Գըրգ Գրգորեանի միլիառները:
ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
«Ազդակ», 7 նոյեմբեր 2015
Անշուշտ, յանձնառու մտաւորականին խօսքը հիմնականին մէջ կը վերաբերի հայ վարժարանի գոյավիճակին, անոր պարզած ողբերգական կացութեան, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ առկայ ահաւոր եւ անըմբռնելի ազգային հարցերուն, բայց մանաւանդ` հայաշունչ կառոյցներուտիրութիւն ընելու անյետաձգելի հրամայականին:
Հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, թէ արդեօք սրտցաւ գրողին սա քանի մը դառն ու լուռ ցասումով յագեցած տողերը, միտքերը, մեր կարգին, ինչպէ՞ս հարկ է ըմբռնել, հասկնալ, իւրովի մարսել, որպէսզի կարենանք հայութեան դէմ ցցուող եւ օր ըստ օրէ ճնշող մարտահրաւէրներուն դէմ կանգնիլ եւ պատուաբեր ելք ունենալ:
Ու ամէն քայլափոխի կը խօսինք ազգային արժանապատուութեան մասին, ճառեր կ՛արտասանենք` հայրենասիրական զեղումներէ թելադրուած, սերունդներ կ՛ուզենք դաստիարակել հայրենիքի պաշտպանութեան համար, եւ մասամբ նորին:
Անդին, ազգը կրծող օտարամոլութեան եւ ներքին անհանդուրժողութեան մէյ-մէկ զոհերն ենք դարձեր, տիւ եւ գիշեր զիրար կշտամբելու եւ այպանելու մոլուցքով ենք տարուեր, եւ կը սոսկանք, երբ մենք մեզ կը գտնենք ահաւոր իրականութիւններու եւ դժբախտ պատահարներու դէմ յանդիման:
Ինչո՛ւ այս մտահոգութիւնը շեշտել այսօր, երբ ազգը կը դիմագրաւէ վերջին քսանամեակի ամէնէն ահաւոր կացութիւնը` լինել չլինելու հարցը, Արցախի ճակատագիրը:
Յիշեցում մը կրկին, թէ Արցախի հայոց բանակը 1-4 ապրիլին կասեցուց թշնամի թուրք-ազերիական սանձազերծ յարձակումները: Մեր սրբազան տղաները, մեր օրերու հայրենապաշտ ֆետայիները, հայութեան առասպել հերոսները, աննկուն կամքի տէր մեր սպաներն ու զինուորները, թէեւ անակնկալի եկած, բայց եւ այնպէս անոնք ցոյց տուին այնպիսի սխրանք, հրաշքի համազօր տոկունութիւն, ռազմական թէ ոգեկան առանձնայատկութիւն, որ աշխարհն անգամ զարմացաւ:
Հայոց բանակը կրկին յաղթեց, ծունկի բերաւ վայրագ ու բարբարոս թշնամին` տալով անգին զոհեր ու սուրբ նահատակներ: Հայութիւնը իր բոլոր շերտերով բոլորուեցաւ իր բանակին ու պետութեան շուրջ ու հասաւ անոր օգնութեան:
Սակայն, ստեղծուած լուրջ կացութեան դիմաց եւ յաջորդող օրերուն կը պարզուէր իրականութիւն մը, թէ հայութիւնը դարձեալ կը գտնուէր առանձին, այսպէս ասած քաղաքական թէ ռազմավարական գործընկերներ ցոյց տուին այնպիսի վերաբերում եւ մօտեցում, որոնցմով արդէն կը բացայայտուէր բոլորիս յայտնի ու բացայայտ քաղաքագիտական այն ուսմունքը, որուն մէկ արտայայտութիւնը մենք լսեցինք վերջերս, թէ երկիրներ, կայսրութիւններ կ՛առաջնորդուին իրենց շահերէն մեկնած, ուստի հարկ է ապաւինել բացառաբար սեփական բազուկին միա՛յն:
Եւ այս աշխարհաքաղաքական ու ռազմական նորովի ստեղծուած կացութեան մէջ հայութեան գերխնդիրն է հայոց բանակի անյապաղ սպառազինումը: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ հայ պետականութիւնը հարկաւոր է իր կարգին անյապաղ ստեղծել ռազմական հաւասարակշռութիւն` ի գին ամէն զոհողութիւններու կարենալ դէմ դնելու հետագայ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ պատերազմական վիճակներուն:
Արցախի ու ամբողջ հայութեան դէմ սանձազերծուած հովանաւորեալ յարձակումը պէտք է մեզ զգաստութեան հրաւիրէ, որպէսզի գնահատենք պահուան լրջութիւնը եւ ձեռնարկենք համապատասխան քայլերու որդեգրումին:
Վստահաբար, հայրենի պետականութիւնը իր քաղաքական ու զինուորական համակարգերով դեռ երկար ու խոր քննարկումի պիտի ենթարկէ պատահածը:
Աւելի՛ն. հայրենի քաղաքական աւագանին այսօր աւելի քան երբեք կը գտնուի մեծագոյն պատասխանատուութեան դիմաց, սրբագրելու ինքզինք, մաքրելու արատաւոր իր առօրեան, վերացնելու փտածութիւնը, ջնջելու աւատապետական վարքագիծը, զգաստութեան գալու եւ նետուելու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, փրկելու համար հայութեան մնացորդացը:
Որովհետեւ, կայսերապաշտական տխուր, բայց զգաստացնող պատգամին ականատես եղանք ազգովին: Հասկցողին շատ բարի:
Մինչ այդ, հայութիւնը, ի Հայաստան եւ սփիւռք, պարտաւոր է «գերեզմանել» ներքին տարակարծութիւններն ու տեղայնամտութիւնները, ինքնագոհութիւններն ու հաճոյախօսական զրոյցները, հայրենասիրական սնամէջ քարոզները եւ, իր կարգին, քննել կացութեան ահաւոր հետեւանքները, եթէ ազգովին չկարենանք գէթ այս հանգրուանին ըմբռնել աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու եւ խենեշ ախորժակներու տարողութիւնը:
Ազգային կամակորութիւններ ա՛լ վերջ պէտք է գտնեն: Հայու սրբատաշ ոգին պէտք է կրկին փայլատակէ, սրտցաւ զանգուածներու ականջ պէտք է տալ, անկեղծ մարդոց կանչերը պէտք է լսել, ինքնաքննադատութիւնը պէտք է մեզ առաջնորդէ, ներշնչող ու մշակուած ղեկավարութիւնը ինք ասպարէզ պէտք է կարդայ, հայութիւնը պէտք է զօրաշարժ ապրի, հայ մեծահարուստ անձերու (թիւով անսահման) վստահութիւնը շահելու հարթակներ պատրաստել, ըլլալ անեղծ ու թափանցիկ, եւ այս բոլորը` որպէսզի չկորչի հայ ունեցուածք ու արեամբ շահուած հայրենիք:
Արդարեւ, հայութիւնը իր միլիառաւոր տոլարի հասնող հարստութեամբ չի՛ կրնար մուրացկանի եւ աղերսուի կացութեան մէջ ըլլալ, ո՛չ ալ դարաւոր կախեալութեան տուրք տալ, այսօր աւելի քան երբեք հայ քաղաքական միտքն ու մարտունակ ոգին, բարձրագոռ եւ առանց երկմտանքի պէտք է իր արդար ձայնն ու կանչը լսելի դարձնէ բոլոր անոնց (Արեւելք թէ Արեւմուտք), որոնք կը ժպրհին ծիծաղիլ մեր վրայ, յագուրդ տալով իրենց դրամատիրական ու մարդակերի ախորժակներուն:
Մռաւի լերան թէ Արցախի ամբողջ պաշտպանական սահմանին, հայ քաջարի զինուորը իր արեամբ կռուեցաւ իր զէնքին ու զինամթերքին հետ միատեղ ու կրցաւ հայութիւնը փրկել ստոյգ ցեղասպանութենէ: Մենք ի՛նչ կ՛ընենք:
Մերօրեայ հերոսամարտին երկրորդ պատգամը:
Աշխարհի Մեծերու Դիմակները Վար Առնուած Են Ո՞ւր Են Հայազգի Միլիառատէրները (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Բ.