Յառաջիկայ 7 Յունիսին Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնա՞ն Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսին վրայ տարածուող անկայունութեան ստուերը ընդարձակել դէպի Թուրքիա: Այո, կրնան, եթէ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան եւ քիւրտերուն միջեւ նկատուող լարուածութիւնը վերահսկողութենէ դուրս գայ:
Լիպերալ իսլամական «Սուլթանական» կեդրոնական պետութիւն ձեւաւորելու «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան ծրագիրը նախատեսուած է հասնիլ իր լրումին այս ընտրութիւններէն ետք, նախագահ Էրտողանի կուսակցութեան կողմէ Միլ-մէճլիսի մանտաթներու 3 հինգերորդի (330 աթոռ) ձեռք բերումով: Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 170-րդ յօդուածին, Մէճլիսի աթոռներու 3/5րդ տեղերը ապահովելով խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կրնայ սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու իրաւունք ստանալ առանց մնացած ուժերուն հետ քննարկումներ կատարելու: Իսկ սահմանադրական փոփոխութիւնները իշխող կուսակցութեան անհրաժեշտ է, նախագահ Էրտողանի լիազօրութիւնները ընդարձակելու համար…:
Նախագահ Էրտողանի եւ անոր կուսակիցներու ծրագիրն արդէն յայտնի է: Միապետական լիազօրութիւններով զինուած Էրտողան մինչեւ 2023՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման հարիւրամեակ, պիտի մնայ իշխանութեան գլուխ եւ հիմնէ իր գնահատումով՝ Նոր Թուրքիա:
Արդարութիւն եւ Զարգացում՝ AKP կուսակցութիւնը, սահմանադրութիւնը բարեփոխելու համար նախորդ տարիներուն յոյսը դրած էր քրտական ձայներուն վրայ: Սակայն, վերջերս այն կարծես թէ կորսնցուցած է քրտական աջակցութիւնը: Քաղաքական այս կարեւոր իրողութիւնը կը թուայ թէ արդիւնք է մասնաւորապէս Թուրքիայի ազգայնական երիտասարդ ընտրախաւի ճնշումին:
Իշխող վերնախաւի յարաբերութիւնները լարուած են նաեւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութեան հետ եւ Թուրքիոյ ալէուի բնակչութեան հետ: Յետագայ ընտրութիւններուն իշխանութիւններու ծրագրերուն դէմ կատաղի պայքար կը մղեն նաեւ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի հետեւորդները:
Զրկուած Կիւլէնականներու եւ մանաւանդ քրտական զանգուածներու աջակցութենէն, Էրտողանն ու անոր կուսակցութիւնը աւելի եւս դժուար ընտրութիւններ կը դիմագրաւեն, այն պատճառով, որ ըլլալով հանրապետութեան նախագահ, Էրտողան սահմանադրութեամբ կաշկանդուած է անկողմնակալութեան ստիպողութեամբ, եւ չի կրնար կուսակցութեան ընտրական պայքարը անձամբ ղեկավարել, իսկ վարչապետ Տավութօղլուն չունի նախագահին ունեցած հեղինակութիւնը:
Ահա թէ ինչու իշխող կուսակցութիւնը մղուած է թուրք ազգայնական ընտրազանգուածի հրապուրման արշաւին, որ ա՛լ աւելի ճգնաժամային եւ արմատական կը դարձնէ քրտական եւ ձախակողմեան շրջանակներու հիասթափութիւնը:
Մէկ բան ակնառու է, այն՝ որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնամոլական «խորքային պետութեան» դէմ քիւրտ-AKP-կիւլէնական քաղաքական դաշնակիցներու առանցքը ոչ եւս է: Եւ 7 Յունիս 2015-էն ետք, Թուրքիա կրնայ յայտնուիլ բոլորովին նոր իրավիճակի մը մէջ:
Այսպիսով, եւ շատ մեծ հաւանականութեամբ իշխող կուսակցութիւնը պիտի չկարողանայ ապահովել յաջորդ խորհրդարանի աթոռներու 3 հինգերորդը, փոխարէնը պիտի փորձէ նորընտիր Մէճլիսէն ներս թուրք-քրտական խաղաղութեան բանակցութիւններու արդիւնքով հասնիլ սահմանադրութեան բարեփոխումներու:
Այս հեռանկարը հմայիչ կրնայ ըլլալ նաեւ քրտական ուժերուն համար, որոնք այդ միջոցով պիտի փորձեն սահմանադրութեամբ ձեռք բերել լայն իրաւունքներ քրտաբնակ շրջաններէն ներս, փոխարէնը հանդուրժելով, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը իրականացնէ միահեծան իշխանութեան համար անհրաժեշտ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Ահա 7 Յունիսի Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու շահերու բախման առանցքը:
Եթէ Էրտողանի կուսակցութիւնը չկարողանայ ապահովել խորհրդարանի ձայներու երեք հինգերորդը եւ խորհրդարանէն ներս համաձայնութիւն չկայանայ քրտական ուժերուն հետ, ապա Թուրքիան կը մտնէ երկարաժամկէտ ճգնաժամային հանգրուանի մէջ, որուն վախճանն այսօր ոչ ոք կանխատեսել չի կրնար:
Թուրքիոյ ընտրութիւններու ամենաթէժ ժամանակահատուածը դեռ մեր առջեւն է՝ եւ ահա, միլիոնաւոր բազմութիւններ կը լեցուին հրապարակները: Իսլամական զանգուածներ, թուրք ազգայնականներ, թուրք իսլամիստներ, քիւրտեր, քիւրտ, թուրք ու արաբ ալէուիներ, Տաէշի (ISIS) համակիր թուրքեր եւ քիւրտեր, ազերի, թուրքմեն, չեչեն եւ այլ վերաբնակներ, բոլորն ալ անխտիր տարածաշրջանի խնդիրները կը փորձեն լուծել Թուրքիայէն ներս: Ու հարիւր հազարներով կը լեցընեն հրապարակները: Լրագրողներու նկատմամբ սպառնալիքներ կը հնչեն: Ռումբեր կը պայթին քրտական HDP կուսակցութեան կեդրոններուն առջեւ:
Թուրքիոյ մէջ ամուր կեդրոնական ղեկավարութեան կայացման ծրագրի վերջնական ձախողման պարագային, տարածաշրջանի խնդիրները կրնան անվերահսկելիութեամբ ներխուժել Թուրքիոյ սահամններէն ներս: Մերձաւոր Արեւելքը կուլ տուող Սիւննի-Շիիթ համատարած եւ կործանիչ պատերազմի ընթացքը, իսլամական պետութեան վերահսկողութեան եւ ձեռնածութեան (մանիբուլացիա) համաղետային գործողութիւնները, Իրաքի Քիւրտիստանի տարածաշրջանային դերակատարութեան հեռանկարները, Կովկասի եւ Ղրիմի շուրջ վերաշխուժացած եւ լուծում չգտնող հիմնախնդիրները, բոլորն անխտիր կապուած են Թուրքիոյ հետ:
Միլիոնանոց բանակներ կը ձեւաւորուին, սպառազինման ամենավերջին միջոցները կը բերուին ի պատրաստութիւն Սիւննի-Շիիթ համատարած պատերազմներուն: Թուրքիան՝ Մերձաւոր Արեւելեան Օսմանեան տարածքներու վրայ վերահսկողութիւնը վերականգնելու նպատակներէն երբեք չէ հրաժարած: Բացայայտօրէն կը խօսուի սահմաններու վերանայման մասին: Իսլամական Պետութեան վերահսկողութեան տակ կ’անցնին Սուրիայի եւ Իրաքի կարեւորագոյն քարիւղի դաշտերը, քաղաքներ, ամբողջական նահագներ:
Թուրքիոյ ընտրութիւններէն յետոյ սկսող ժամանակաշրջանը ճակատագրական է տարածքաշրջանի բոլոր պետութիւններուն համար: Այս պայքարին մէջ հայութիւնը ցարդ կրեց տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու հասնող նոր վնասներ: Հայութիւնն արդեօ՞ք պատրաստ է դիմագրաւելու սպասուող ալիքի նոր հոսանքը: Հալէպը, Քէսապը, Գամիշլին, Այնճարը …:
Որոշ հայ քաղաքական շրջանակներ իրենց յոյսը կապած են Թուրքիոյ հնարաւոր թուլացման եւ տարածաշրջանի վերաբաժանման հեռանկարներուն հետ, ինչպէս Արմէն Գարոն՝ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման կը սպասէր: Ան 4 Յունիս 1914-ին Խալիլ Պէյի տան մէջ, Թալիաթին կ’ըսէր. «Մեր ազգային գիտակցութիւնը այնքան զարգացած է, որ մենք պիտի նախընտրենք քարուքանդ ընել այս մեծ շէնքը, որուն անունն է օսմանեան կայսրութիւն եւ ձեզ թոյլ չտալ, որ տեսնէք Հայաստանը առանց հայու…»:
Այս անգամ ի՞նչ կը սպասենք եւ ինչպէ՞ս կը սպասենք: