Հալէպի Մէջ Աւերուած Են «Սիմոն Վրացեան» Հայկական Կեդրոնի եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Շէնքերը. Կայ 8 Հայ Վիրաւոր
Հալէպի հայաբնակ Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած ռմբակոծութեան հետեւանքով 8 հայ վիրաւորուած է, բարեբախտաբար, զոհեր չկան:
Հայ համայնքի կորուստները նիւթական են` աւերուած է «Սիմոն Վրացեան» հայկական կեդրոնի շէնքը, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած էր Հայոց Բերիոյ Թեմի առաջնորդարանը: Տուժած է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շէնքը: Ամբողջութեամբ կործանուած են 5 բազմայարկ շէնքեր:
Հալէպէն այլ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը:
Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթին մէջ:
Comments are closed.