Թուրքիոյ մաքսային եւ առեւտուրի նախարարութիւնը բոլոր անցակէտերուն գաղտնի հրահանգ ուղարկած է` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հետ կապուած Ապրիլ 22-էն 26 սահմաններուն ուժեղացնել հսկողութիւնը:
Ըստ News.am-ի՝ թրքական Sol.haber կայքը կը փոխանցէ` Թուրքիոյ մաքսային գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Մեհմետ Հաթիփօղլուի ստորագրութեամբ Թուրքիոյ բոլոր անցակէտեր ուղարկուած են գաղտնի հրահանգներ Armenian project 2015 անուան տակ:
Գաղտնի փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ըստ ստացուած տեղեկութիւններուն, Ապրիլ 22-էն 26 Սթամպուլի մէջ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ 1915-ի կոտորածներու հետ կապուած հայկական տեսանկիւնը պաշտպանող շարք մը ձեռնարկներ պիտի իրականացնեն: Փաստաթուղթին մէջ անցակէտերու պատասխանատուներուն կը հրահանգուի յիշեալ ժամանակահատուածին կանխարգելիչ միջոցներ իրականացնել սահմանակէտերուն հնարաւոր բռնութիւններու կանխման համար:
Comments are closed.