Նկատի ունենալով արխիւային նիւթերը ներկայացուած Խաղաղութեան վեհաժողովին (1919 թ.),
Նկատի ունենալով անցեալի բնութագրերը եւ փաստերը, որ Ասորի-Խալդիները հետեւողական հալածանքի ենթարկուած են Միջագետքի մէջ,
Նկատի ունենալով ասորական հնագիտական ժառանգութեան ոչնչացման հայտնի փաստերը (2015 թ.),

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը թիւ 33-06/04/2015 հրամանագրով կը հայտարարէ.

Յօդուած 1.

– Դատապարտել, Ասորի-Խալդիներու հանդէպ իրականացուած կոտորածները, որ տեղի ունէցան Միջագետքի մէջ՝ 1914-1923 թթ. ընթացքին, թուրքական իրարյաջորդ կառավարութիւններու կողմէ, համաձայն ցեղասպանութեան համաժողովի համաձայնագրի 2-րդ յօդուածի, որ կ՛ըսէ կանխարգելել եւ պատժել ցեղասպանութեան հանցագործութիւնը:

Յօդուած 2.

– Դատապարտել Ասորի ժողովուրդի պատմամշակութային հնագիտական ժառանգութեան ոչնչացումը, որպէս քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած հանցագործութիւն:

Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ


Comments are closed.