ՄոռցուածՔանդակապատկերիՊատմութիւն մը

Այս քանդակապատկերի մասին առաջին տեղեկութիւնը յայտնած է գրականագետ եւ արուեստաբան Գարեգին Լեւոնեանը, ով արտասահմանեան ամսագիրներէն մէկի մէջ կը տեսնէ այդ քանդակապատկերի նկարը, որու մասին գրած է իր յօդուածին մէջ (Գարեգին Լեւոնեան, առեղծուածային քանդակապատկեր մը, Սովետական Արուեստ, 1941, №2-3, էջ 69-70) համոզմունք կը յայտնէ, որ բարձրաքանդակը ակնյայտօրէն կը պատկանի հնագոյն հայ-հեթանոսական ժամանակներուն: 

Ահա թէ ինչպէս կը նկարագրէ Գարեգին Լեւոնեանը քանդակապատկերը. 

Պատկերը  պաշտամունքային է, երկրպագութեան եկած է  ամբողջ ընտանիք մը, Թագաւորը, Թագուհին եւ վեց երեխայ, ովքեր իրենց նուերներն բերած են պատուանդանի վրայ տեղադրուած ցուլի գլխին,  Թագաւորն ու Թագուհին՝ ծառի ոստեր, իսկ երեխաները՝ անոթներով ծիսական  իւղեր: Բարձրաքանդակն կատարուած է մեծ վարպետութեամբ ու արուեստով, այն քանդակուած է քարի վրայ (հաւանաբար մարմար) եւ ձուլածոյ չէ: Այս բոլորը հետաքրքիր է, բայց  զարմանալին այն էր, որ այս հնագոյն հեթանոսական ժամանակներուն պատկանող քանդակապատկերի տակ կայ երկու տող արձանագրութիւն…  հայերէն տառերով:  Չնայած նկարի ցած որակին, բայց պարզորոշ են Ա, Գ, Ի, Ռ, Տ, Ն, հ տառերը, ճիշդ է, որոշ տառեր կը թուի  նման չեն հայերէնին, բայց կը կարծեմ, որ քանդակապատկերի որոշակի քայքայուածութիւնը եւ նկարի որակը թոյլ չի տար վերջնական կարդալու արձանագրութիւնը: Նոյնիսկ միջնադարեան արձանագրութիւնները, իրենց հնութեան եւ քայքայուածութեան հետեւանքով, երբեմն անհնար կ՛ըլլայ կարդալ, իսկ այս պարագային առկայ է ընդամենը 1940-ական թուականներու անորակ  լուսանկար:

Սակայն, չենք գիտեր ի՞նչու, մեր արուեստագետ ու գրականագետ պրոֆեսորը կ՛ենթադրէ, որ արձանագրութիւնը, հաւանաբար կեղծ է:  Եթէ Գարեգին Լեւոնեանը միայն կ՛ենթադրէր կեղծիքի մասին, ապա այս նկարի յաջորդ հետազոտողը՝ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Աշոտ Աբրահամեանը իր «Հայոց գիր եւ գրչութիւն» գիրքին մէջ  ուղղակի յայտարարած է, որ բարձրաքանդակը կեղծ է:

Տարօրինակ է, որ յարգարժան պրոֆեսորը, կարծես թէ, համոզուած է, որ հայերը  գիր ունեցած են մինչ Քրիստոնէութիւնը, բայց այս հարցը ուղղակի կը փակէ , յայտարարելով. «Հնագրական մեր ուսումնասիրութիւններէն պարզուեց, որ այն կեղծիք է:» Ամենէ զարմանալին այն է, որ պրոֆեսորը իր յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ  շատ «ծանրակշիռ» փաստարկով.  «Կեղծարարը, ինչպէս կ՛երեւի, չէ իմացած, որ հին հայկական գիրերը ուղղագիծ ձեւ չունին …»:  Սակայն այս աւելի ծանրակշիռ փաստարկը կարծես թէ ընդհանրապէս խախուտ է, որովհետեւ այդ որտեղէն գիտի, որ հին հայկական գիրերը ուղղաձիգ ձեւ չունին: Պահպանուած ամենէ հին յայտնի V–VII դարերու բոլոր հայերէն արձանագրութիւնները, այդ թիւին ամենէ հնագոյնը՝  Տեկորի տաճարի արձանագրութիւնը, որը Ղաֆադարեանը թուագրուած է 5-րդ դար (Ղաֆադարեան Կ. Տեկորի տաճարի V-րդ դարի արձանագրութիւնը, Պատմա-բանաս. Հանդէս, 1962. 2 ), նոյնպէս ուղղաձիգ է (տես Նկ 1.1.), այսինքն շարունակուած է հին աւանդութիւնը…

Եթէ նոյնիսկ առանց տրամաբանութեան հաւատանք պրոֆեսորու փաստարկներուն, որը կը վերաբերուի  արձանագրութեանը, ապա ինչպէս կարելի է հաւատալ, որ այդպիսի բարձրարուեստ բարձրաքանդակը կարող է կեղծիք ըլլալ…

Ահա այսպիսի հնագրական ուսումնասիրութեամբ փակուեցաւ այս բարձրաքանդակի հարցը եւ արուեստաբան Գարեգին Լեւոնեանի ենթադրած իր ժամանակի լաւագոյն քանդակագործի աշխատանքը թեթեւ ձեռքով յայտարարուեց կեղծիք, այսինքն` պարզվում է, նույնիսկ մեր կեղծարարները տաղանդավոր էին, բան ու գործերը թողած ստեղծում էին տաղանդավոր գործեր և միամտորեն արձանագրությունը գրում էին գոյություն չունեցող գրերով…

Պարզվեց, որ քանդակապատկերի մասին տեղեկություններ կան դեռևս 1903 թվից: Նյութը մեզ ուղարկեց պատմաբան Արտակ Մովսիսյանը, ում էլ հայտնում ենք մեր խորին շնորհակալությունը: 1903 թվին Սիբիրի Իրկուտսկ քաղաքից մի հայ մարդ (Արմենը) գրում է Թբիլիսիում գտնվող հայկական «Նոր Դար» կոչվող թերթի խմբագրություն. Իրկուտսկում մի անձնավորություն, մեր Արմենին  բերում է քննարկվող քանդակապատկերը և խնդրում կարդալ թե ի՞նչ է գրված քանդակապատկերի տակ (առաջարկողները իհարկե գիտեն, որ գրությունը  հայերեն է): Արմենը, ով առայժմ միակ մարդն է, որ տեսել և շոշափել է քանդակապատկերը, նշում է, որ արձանագրությունը հայերեն էր, բայց չի կարողացել վերծանել, բառերը հասկանալ: 

Ուշադրութիւն դարձուցեք, մեր այս հայը՝ Արմենը չի կասկածիր, որ տառերը հայերէն չէր, ուղղակի կը նշէ, որ այն հայերէն էր եւ ինքն ալ իր զարմանքը կ՛արտայայտէ, քանի որ կը հասկնայ, որ քանդակապատկերը շատ հին է: Ըստ քանդակապատկերը բերող անձնաւորութեան, այն կը պատկանէր ջհուդ վաճառականի մը, ով իրը ձեռք բերած է Բոմբեյին եւ վաճառած է: Արմենը կ՛առաջարկէ, որ լաւ կ՛ըլլար, որ այն գներ ու յանձնուեր Էջմիածնի վանքի թանգարան, եւ կ՛ուղարկէ նաեւ լուսանկարը (ցաւօք այն թերթը չէ հրատարակած):

Արմենը մանրամասն նկարագրած է քանդակապատկերը, որմէ  պարզ կը դառնայ, որ խօսքը նոյն մեր քանդակապատկերի մասին է: Նշենք նաեւ, որ Արմենը գրած է նաեւ քանդակապատկերի չափերու մասին, այն է. լայնութիւնը 22 սմ, երկարութիւնը 26,4 սմ եւ հաստութիւնը 4,4 սմ, քարը մարմար: իսկ թերթի խմբագրութիւնը այս պատմութեան յօդուածի վերջը  աւելցնուցած է, որ լուսանկարը կը պահպանուի թերթի խմբագատանը եւ հետաքրքրուող մասնագետները կարող են դիմել խմբագրութիւն (Նոր Դար, 1903, № 135):

Այս պատմութիւնը հետզհետէ վեր է ածվում ողբերգութեան, որտեղ գործող անձը քրիստոնէական ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած  հայ բեկոր մըն է, որ կը թափառի երկրէ-երկիր, հասած է հեռաւոր Սիբիր, այնտեղէն Եւրոպա եւ ոչ մէկ կերպ չի կարողանար վերադառնալ իր հայրենիքը:

Հետաքրքիր փաստ մը , մեր հայրենակից Արմենը Իրկուտսկից, կ՛առաջարկէ քանդակապատկերը յանձնել Էջմիածնի վանքի թանգարանին, որը նոյնն է, որ թուրքական ցեղասպանութենէն փրկուած հային յանձնեն այսօրուայ թուրքական պետութեանը, որովհետեւ կը կարծեն, որ այսօրուայ թուրքը ուրիշ թուրք է:

Ամենէ զաւեշտալին այն է, որ մեր ակադեմիական գիտնականները քանդակապատկերի արձանագրութիւնը նոյնիսկ համարած են վրացերէն, այսպես, 1963 թ․ լոյս տեսաւ Մելիք-Փաշայեանի «Անահիտ դիցուհիի պաշտամունքը» գիրքը, որտեղ տեղադրուած քանդակապատկերի լուսանկարի տակ հեղինակը ուղղակի գրած է. «Զոհուած եզի պաշտամունք (կովկասէն) Հին Հայկական եւ վրացական երկտող արձանագրութեամբ»:

Եւ այսպես, հայ գիտնականներու կողմէ որպէս կեղծիք որակուելէ ետք այս արձանագրութիւնը մոռցուած է եւ ոչ մէկ ուշադրութիւն չի դարձուց այս բարձրաքանդակի նկարի վրայ, քանի որ մեր երկրին մէջ այդպես  ընդունուած է՝ հայերը Քրիստոնէութենէն առաջ գիր չեն ունեցած:

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ 1700 ամեայ այս կեղծիքը այնպէս  հաստատուած է եւ ամրացած հայ քրիստոնեայի ուղեղին, որ եթէ նոյնիսկ Երեւանի կենտրոնական հրապարակին մէջ յայտնաբերուի նախաքրիստոնէական կառոյց հայերէն գիրերով, այն հաւանաբար զարմանքէն անմիջապէս հողով կը ծածկեն, կը թուագրեն որպէս ետ քրիստոնէական կառոյց, կամ առնուազն կը յայտարարուի կեղծիք:

Հիմայ բարձրաքանդակի մասին. Կը կարծեմ բարձրաքանդակը  կատարուած է մեծ վարպետութեամբ ու բարձր ճաշակով, թէ թագաւորն ու թագուհին եւ թէ երեխաները, բոլորը խիստ արտայայտուող զգացմունք, ներշնչանք եւ կենտրոնացում  կ՛արտայայտեն, քանդակագործն ոչ միայն կարողացած է մէկ հարթութեան վրայ ստեղծել տարածական պատկեր, այլ նաեւ անսահման ներշնչանք ու զգացմունք կարողացած է արտայայտել նոյնիսկ ամենէ փոքր մասնակիցներու դեմքերուն:

Պատկերուած  պատուանդանի վրայ դրուած է  երինջի  գլուխ իր կաշիով, վերջոյթներով եւ պոչով, դատելով կենդանիի դեռեւս չի զարգացած եղջիւրներէն, ենթադրելի է, որ այդ, հաւանաբար երինջ է, որ զոհաբերուած է Մայր աստուածուհիին՝ Անահիտին: Այսինքն` նկարին մէջ պատկերուած է Անահիտ աստուածուհիի տաճարի զոհասեղանը, որտեղ արդեն տեղադրուած է զոհաբերուած կենդանիի գլուխը, որուն աջ եւ ձախ կողմերը տեղադրուած են վառուող ջահեր:

 Այստեղ պէտք է նշել  թիւրիմացութեան մասին, գրեթէ բոլոր ուսումնասիրողները կը համարեն, որ պատկերին մէջ մենք գործ ունինք ցլի պաշտամունքի հետ, սակայն կը կարծեմ, որ ծեսը կը վերաբերուի ոչ թէ ցլի պաշտամունքին, այլ ընդ ամենը Մայր աստուածուհիի տաճարին մէջ երինջ զոհաբերուած է, իսկ  թագաւորն ու թագուհին նուիրաբերած են Մայրի ծառի ոստեր կոներով (տես Նկ. 1.2), երեխաներնը բերած են անուշաբոյր իւղեր: Այս  եզակի ու հրաշալի քանդակապատկեր մըն է, պաշտամունքային ծես, մեր սրբազան հաւատքի ծեսերէն մէկը, որոնք  այնքան դաժանօրէն ոչնչացան եկեղեցիի կողմէ: Իսկ ի՞նչով  կը տարբերուին այդ եկեղեցիէն մեր պրոֆեսորները, եւ միթէ՞ շատ  ունինք պահպանուած  նման հրաշալի  բարձրաքանդակներ, որոնցմէ մէկը կարելի էր թեթեւ ձեռքով  հանել  շրջանառութենէն, յայտարարելով կեղծ:

Բնականաբար, եթէ  քանդակապատկերը հայկական է, այն պէտք է իր զուգահեռները ունենայ մեր մշակոյթի եւ ծիսական պատկերներուն մէջ:

Պարզուած է, որ նման  բազում օրինակներ ունինք ամենէ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Օրինակներ.

Հետաքրքիր է, որ նման պատկեր կը տեսնենք հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ (տես Նկ. 2): Նկարը Հայ մանրանկարչութեան գոհարներէն մէկն է, կիլիկիայի Թագաւորական ընտանիքը՝ Լեւոն Բ եւ Կեռան թագուհի՝ զաւակներու հետ (Կեռան թագուհիի աւետարան, Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքարան, ձեռ. թիւ 2563, 1272 թ): Ըստ որուն, նոյնական են յատկապէս պատկերներու ներքին հատուածները, որտեղ պատկերուած են մանրանկարին մէջ՝ կիլիկիայի հայ թագաւորներէն Լեւոն Բ թագաւորը կնոջ եւ զաւակներուն հետ աղօթքի կանգնած եւ քանդակապատկերի մէջ՝ Հայոց հեթանոս արքաներէն մէկը նոյնպէս իր ընտանիքի հետ (տես Նկ 2.1):

Պատկերաքանդակի եւ մանրանկարի պաշտամունքային այս ծեսերը կը տարբերուին միայն իրենց ժամանակաշրջաններով, սակայն այնքան նոյնական եւ հարազատ են իրար հետ, որ ոչ մէկ չի կասկածի երկու ընտանիքներու նոյն էթնիկական պատկանելիութեան մասին: Նոյնիսկ կատարման արուեստները նոյնն են…

Անահիտ Աստուածամայրը Հայոց դիցարանին մէջ բացառիկ տեղ գրաւուած է, այդ կը հասկացուի  մեր քրիստոնեայ պատմիչներու աղքատիկ տեղեկութիւններէն հեթանոսական կրոնի մասին. «Մանաւանդ այս մեծ Անահիտ տիկնոջը, որը մեր ազգի փառքն է ու կենսատուն, որուն բոլոր թագաւորներն կը պաշտեն…  Այն է բոլոր զգաստութիւններու մայրը, բարերարը ամբողջ մարդկային բնութեան եւ դուստրը մեծ քաջ Արամազդի» (Ագաթանգեղոս, 53). «Նաեւ մեծ Անահիտին, ով կ՛ապրի եւ կենդանութիւն ունի մեր Հայոց երկիրը…» (Ագաթանգեղոս, 68).  Այս խօսքերը կ՛ըսէ Տրդատ թագաւորը:

Անահիտ աստուածուհիի բացառիկ դերն ու նշանակութիւնը Հայոց աշխարհին կ՛ապացուցուի նաեւ աստուածուհիին նուիրուած տաճարներու ու սրբավայրերու առատութեամբ Հայկական լեռնաշխարհին, որոնք ոչնչացուցան քրիստոնէական եկեղեցիի կողմէ, յետագային գրեթէ բոլոր տաճարներու տեղւոյն կառուցելով Մարիամ աստուածածնի անուամբ եկեղեցիները, որոնց չափազանց մեծ քանակութիւնը քրիստոնէական եկեղեցին կը բացատրէ հայ ժողովուրդի «մեծ սիրով» առ Մարիամ աստուածածինը: Այս պատճառով Հայկական լեռնաշխարհի ամենէ շատ տարածուածը  աստուածածնի եկեղեցիներն են:

Ինչպէս պատկերուած է մեր բարձրաքանդակին մէջ, զոհասեղանին դրուած է Աստուածամորը զոհաբերուած երինջի գլուխն ու կաշին, իսկ թագաւորն ու թագուհին կը նուիրեն Մայրի ծառի կոներ: Պարզուած է զոհասեղանի վրայ դրուած երինջի գլուխի ու կաշիի պատկերը մեծ տարածում  ունեցած են Հայկական լեռնաշխարհին ամենէ հնագոյն ժամանակներէն, այդ նոյն պատկերը կ՛արտայայտեն  վիշապաքարեր կոչուող յուշարձաններու մէկ մաս․ Օրինակ (տես Նկ. 3). (Б.Б. Пиотровский, Вишапы. Каменные статуи в горах Армении. Л.: Армянский филиал АН СССР. 1939.)

Ինչպէս կը տեսնեք, վիշապաքարերը գրեթէ նոյնական են բարձրաքանդակի զոհասեղանի հետ, միայն այն տարբերութեան, որ զոհասեղանը  տաճարի ներսնէ, իսկ վիշապաքարը բնութեան մէջ, որու վրայ  քանդակուած են երինջի գլուխը եւ կաշին, նոյնիսկ զոհասեղանի զոյգ ջահերը վիշապաքարերիու վրայ փոխարինուած են համարժէք զոյգ արագիլներով կամ կռունկներով: Օրինակները նաեւ ցոյց կուտան, որ վիշապաքարերու մէկ մասը նոյնպէս նուիրուած էին Անահիտ աստուածուհիին, ուղղակի այստեղ անոնք տեղադրուած են առանց տաճարի, բնութեան մէջ: Կը կարծեմ, որ վիշապաքարերը յաջորդած են տաճարներուն, այսինքն` վիշապաքարերը պատրաստուած են տաճարներու զոհասեղաններու նմանութեամբ, այդ նոյն աւանդութիւնը կը շարունակուի նաեւ քրիստոնէութեան ժամանակ՝ սուրբերու գերեզմաններուն վրայ կառուցուած են եկեղեցիներ, իսկ սովորական մարդկանց վրայ տեղադրուած են խաչքարեր (եկեղեցւոյ զոհասեղանը, որու վրայ զոհաբերած են քրիստոսին): 

Տաճարի զոհասեղանին դրուած կենդանիի մորթին եւ վերջոյթներու աւանդոյթը մենք կը տեսնենք Պորտասարի տաճարին մէջ, որու տարիքը կը հասնի 12 հազար տարի (տես Նկ. 4.):

Ինչպէս կը տեսնեք մեր քանդակապատկերի բագինը կամ զոհասեղանը T – աձեւ է, ինչպէս եւ Պորտասարի այս սիւնը եւ միւս քանդակազարդ սիւները: Կը կարծեմ, որ Պորտասարի սիւները նոյնպէս դրուած են որպէս զոհասեղաններ…

Զարմանալիօրէն, չնայած քանդակներու հասակային մեծ տարբերութեանը, կենդանիներու մորթիները, մեր քանդակապատկերին եւ Պորտասարին մէջ, քանդակուած են գրեթէ նոյնական (տես Նկ. 4.1.), որը կը խօսի ծեսի հնութեան եւ կարեւորութեան մասին:

Տարբեր տաճարներուն մէջ զոհաբերուած էին տարբեր կենդանիներ եւ բնականաբար այդ տաճարի զոհասեղանին դրուած էր զոհաբերուած կենդանիի մորթին: 

Եթէ մեր քանդակապատկերի վրայ հստակ է երինջի  գլուխը եւ մորթը, ապա Պորտասարի զոհասեղանին պատկերուած մորթն հստակ է որ այլ կենդանիի է:  Զոհաբերուած կենդանիի մորթը (նաեւ ոտքերն ու գլուխը) սրբավայրին մէջ ձգելու սովորութիւնը Հայոց մէջ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը, քրիստոնէական ցանկացած սրբավայրի մէջ հաճախ մենք կը հանդիպինք զոհաբերուած խոյի մորթին կամ աքլորի ոտքերն ու գլուխը:

  Քննարկուող բարձրաքանդակին ուշադրութիւն դարձուցած է եւ անդրադարձած նաեւ պատմաբան Արտակ Մովսիսեանը, իր «Հայկական մեհենագրութիւն» գիրքին մէջ:

 Տաղանդաւոր հայագետը ոչ միայն կեղծ չի համարէր քանդակապատկերը, այլ այն կը համեմատէ ուրարտական համարուող  նման կերպ պատկերի հետ: Ցաւօք Մովսիսեանը ընդհանրապէս չէ գրած Բարձրաքանդակի արձանագրութեան մասին (կը կարծեմ, արձանագրութեան վատ որակի պատճառով), բայց համեմատելով արքայի պատկերի գլխարկը Հայաստանի սատրապներու գլխարկներու հետ (տես Նկ. 5.),  կարծիք յայտնած է, որ բարձրաքանդակը հաւանաբար մթա VI – IV դարերու կը պատկանի (Արտակ Մովսիսեան, Հայկական մեհենագրութիւն, Երեւան 2003, էջ 95):

Այժմ քանդակապատկերի արձանագրութեան մասին.

Հայագիտութեան մէջ երկար ժամանակ վիճարկուած է նախաքրիստոնէական Հայաստանի գիր եւ գրականութեան գոյութեան հարցը: Որոշ հայագետներ պնդած են, թէ նախամաշտոցեան շրջանին եղած է գիր, սակայն այդ կարծիքը լուրջ հակառակորդներ գտած է ի դեմս Մ. Աբեղեանի, Ստ. Մալխասեանցի, Էդ. Աղայեանի եւ ուրիշներու, սակայն բանասերներու  այլ խումբ մը (Ղ. Ինճիճեան, Իս. Հարութունեան, Ղ. Ալիշան, Ն. Տաղավարեան, Լեո, Ա. Գարագաշեան, Հ. Օրբելի, Ա. Աբրահամեան, Գ. Սեւակ, Մ. Մկրեան, Գ. Սարգսեան եւ այլք) կարծիքով, որ նախամաշտոցեան շրջանին ունեցած ենք թէ՛ գիր, թէ՛ գրականութիւն: Նշուած բոլոր գիտնականները իրենց կարծիքը հիմնաւորած են տարբեր դրոյթներով: Առանց անդրադառնալու այդ դրոյթներուն, նշենք միայն, որ հայերը անյիշելի ժամանակներէն ունեցած են դպրութեան, գիրի ու գրականութեան հովանաւոր Տիր աստուած, ով նաեւ Հայոց արարիչ Աստծոյ՝ Արամազդի գրագիրն էր: Բնականաբար չեղածի համար անհնար էր աստուած ունենալ, այսինքն՝ հայերը անյիշելի ժամանակներէն ունեցած են գիր եւ գրականութիւն (Եղիազարեան Վ. Հայ հին գրականութեան պատմութիւն, Եր. 2014, էջ 11-12):

Նախամաշտոցեան գիրի առկայութեան մասին կը խօսի նաեւ հին հայկական  հանելուկ մը, որը վերագրուած է Դաւիթ Անհաղթին:

«Չափ հասակի իմոյ երկիցս երկոտասան,

Այժմ եմ երիցս երկոտասան»

(առաջ գիրերը 2×12=24 հատ էր,

ետքը եղան 3×12=36 հատ):

«Ոչ հին, ոչ ուշ հեղինակներէն եւ ոչ մէկը մեր այբուբենի տառերու 36 թիւը չէ բացատրած 3×12=36 սկզբունքով: Այսինքն՝ այս հանելուկը ինչ-որ գրագետի  տեսութիւն չէ եւ չունի գրքային ծագում: Այս մաքուր բանահիւսութիւն է եւ անով՝ աւելի թանկ …» (Ա. Դաւթեան, Հայոց աստղային դիցաբանութիւն, Ե., 2004, էջ 234-235):

Այս չափազանց կարեւոր բանահիւսական գոհար հանելուկը կը մեկնաբանէ  եւ լրացնէ լեզուաբան Լեյլա Ստեփանեանը, ով 40 – 50 000 տարի հնութիւն ունեցող պոլինեզիական լեզուներու հիմքը (ծագումը), որոնց այբուբենը կը պարունակէ 12-15 հնչիւն, հայկական կը համարէ:

Լեզուաբանի կարծիքով,  հանելուկը կը պարունակէ  թանկարժէք յուշում, եթէ գիտակցուած է հայոց այբուբենի տառերու՝ «12-ի պատիկ ըլլալու հանգամանքը», ապա միանգամայն տրամաբանական է ենթադրել 1×12=12 իրավիճակ, որը կարտացոլէ հայոց այբուբենի նախնական՝ ելակէտային վիճակը: Քանի որ անհասկանալի է, թէ երկու տարբեր այբուբեններու համեմատութեամբ ի՞նչպէս կարելի է հիմնաւորել պատիկութեան գաղափարը,  այսինքն՝ հանելուկը իրականութեան սկիզբէն պէտք է ըլլար առնուազն երեք այբուբեններու մասին:

Առաջ գիրերը 12 հատ էր, ետքը  2×12=24 հատ, եւ վերջը եղաւ 3×12=36 հատ

Լեզուաբանը նաեւ համոզուած է, որ այս բանահիւսական գոհարը չէր կարող վերաբերիլ օտար այբուբենի. այն մատնանշած է մեր՝ հայկական այբուբենի անցած ուղին, մանաւանդ, եթէ նկատի ունենանք նախամաշտոցեան՝ Տանիելեան 24-26 գիրերու մասին յիշատակութիւնները:

Մեկնաբանութիւնները հրաշալի են, սակայն հանելուկը եւ լեզուաբանի մեկնաբանութիւնները կը պարունակեն նաեւ աւելի թանկարժէք յուշում, այն է. Եթէ այս հանելուկը հայկական այբուբենի անցած ուղին է, ապա հայկական այբուբենը ոչ մէկ չէր կարող  հնարել, այն երկարատեւ զարգացման ուղի անցած է  եւ  V դարին այն  արդեն գոյութիւն  ունեցած է, իսկ Մեսրոպ Մաշտոցը ուղղակի վերականգնած է, որովհետեւ այն արգիլուած էր եկեղեցւոյ կողմէ:

Նախամաշտոցեան գիրերու առկայութեան կողմնակիցները իրենց ուսումնասիրութիւններուն մէջ բերած են բազում յիշատակութիւններ հայկական գիրերու մասին, սակայն քննութեան առարկայ բարձրաքանդակը միակն է, որ  հիմքեր  կուտայ այդ գիրերու հնութեան մասին:

Ինչպէս կը տեսնենք բարձրաքանդակի  նկարէն, ներքեւի մասն այն ունի երկու տող արձանագրութիւն, որտեղ որոշակի  նկատուած են հայերէն տառեր: Նկատելի է նաեւ, որ արձանագրութիւնը միասնութիւն կը կազմէ բարձրաքանդակի հետ, այսինքն` այն յետագային չեն աւելցուցած:  Ոչնչացնելով հայկական ամբողջ հազարամեակներու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ հայատառ բոլոր գիրքերը եւ հնագոյն մատեանները, եկեղեցին արգիլեց Հայոց աշխարհին հայերէն գիրը, մանրամասնօրէն ոչնչացնելով թէ եղած գիրքերն ու մատեանները, թէ տաճարներու արձանագրութիւնները պատերու վրայ: Ագաթանգեղոսը նշած է, որ տաճարները քանդած են մինչեւ հիմքերը, անոր նպատակը,  եղած է հայատառ արձանագրութիւնները ոչնչացնել։ Իսկ ժողովուրդի մոտ պահպանուած գիրքերն ու մատեանները կարողացան ոչնչացնել  մէկ օրէնքով, այն է` ցանկացած հեթանոսական իր, գիրք կամ մագաղաթի կտոր որեւէ մէկի մոտ յայտնաբերելու պարագային տիրոջ ոտքերու  ջլերն կտրել, իսկ անոր ամբողջ գերդաստանը հեռացնել:

Յետագային ամեն ինչ ոչնչացնելէ ետք, եկեղեցին յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ գիր չէ եղած եւ օգտագործած են յունարէն կամ ասորերէն գիրեր: Պատմական որոշակի հանգամանքներէ եկեղեցին ստիպուած եղաւ վերականգնել Հայոց հնագոյն գիրերը եկեղեցիի  նուիրեալի մը (Մեսրոպ Մաշտոց) միջոցով, ով յայտարարեց, որ այդ գիրերը ինքը գտած է աստուածային տեսիլքի միջոցով:

Սակայն այդ գիրերը օգտագործելով առաջին հերթին Բիբլիայի թարգմանութեան համար, տարօրինակ նկատուեցաւ այդ նոր ստեղծուած տառերու խիստ համապատասխանութիւնը Հայոց լեզուին, որն  յետագայ որոշ հետազոտողներու մոտ կասկածներ առաջացուց, արդեօք անոնք Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծեց, թէ՞ անոնք  կային հին ժամանակներէն:  Միակ հարցը այն էր, որ եթէ մեսրոպեան տառերը հին էր եւ կ՛օգտագործուէր Հայ քուրմերու կողմէ, ի՞նչու այն չի գտնուիր  պեղումներէն,  եկեղեցին  այն կ՛ոչնչացնէր տաճարները քանդելով մինչեւ հիմքերը, սակայն այդ ժամանակ կար աւելի հին յուշարձաններ արդեն աւիրուած, որոնք արդեն ծածկուած էին հողով: Կ՛ենթադրեմ, որ հայերէն այս հնագոյն գիրերը, քուրմերը օգտագործած են  հազուադէպ, միայն խիստ կարեւոր գրութիւններու կամ սրբազան ծիսական պատկերներու մէջ, ինչպիսին այս տաճարական բարձրաքանդակն է, որու տակ եղած արձանագրութիւնը, համոզուած ենք, Մայր աստուածուհիին նուիրուած փառաբանութիւն է մեր հնագոյն սրբազան տառերով: Բարձրաքանդակի արձանագրութիւնը իրականութեան հայերէն է, այն առայժմ միակ փաստացի անգին վկայութիւնն է Հայոց այբուբենի շատ աւելի հին ըլլալու, այն այս վիճակին անհնար է կարդալ, հիմնականը նկարի վատ որակի պատճառով, այս փաստարկը,  անմիջապէս կը հասկնան արդեն հնագոյն արձանագրութիւններ վերծանած մասնագետները: Բարձրաքանդակը չի կարող կեղծ ըլլալ, որովհետեւ այն ամեն ինչով կը համընկնի այդ ժամանակներու ոճին եւ ոգիին: Ցաւօք բարձրաքանդակի յայտնաբերող հեղինակը՝ արուեստագետ Գարեգին Լեւոնեանը  ոչ մէկ հղում չէ կատարած աղբիւրի մասին, նշելով միայն «արտասահմանեան ժուրնալներէն մէկի մէջ», միայն կարելի է ենթադրել, որ այդ կարող էր ըլլալ գերմանական ամսագիր, որովհետեւ Լեւոնեանը սորված է Գերմանիայի մէջ, բայց չի բացառուիր, որ այն ըլլայ եւրոպական  այլ երկրի:

Այսպիսով քննարկուող քանդակապատկերի մասին մենք ունինք երկու տեղեկութիւն՝

1. 1903 թուականին Թիֆլիսի Նոր դար թերթը տեղեկութիւններ  հրատարակած է քանդակապատկերի մասին, որը սակայն գրեթէ աննկատ է.

2. 1940 թուականին Սովետական արուեստ ամսագիրին մէջ Գարեգին Լեւոնեանը հրատարակած է քանդակապատկերի լուսանկարը, որը յայտարարուած է կեղծ.

Եւ ահա վերջերս (2020 թ), նոր տեղեկութիւն  ստացանք, դիմատետրի մէջ Guillaume Aral-ը, յայտնած է, որ գտած է աւելի լաւ ու որակեալ լուսանկար, որը հրատարակուած է Վենետիկի Ս.Ղազար կղզիի մխիթարեան միաբանութեան հրատարակած գիրքերէն մէկի մէջ՝  Սիմոն Երեմեանի «Գրական պատմութիւն եւ գեղեցիկը», Վենետիկ 1915, գիրքի մէջ (տես Նկ. 6.):

Ցաւօք հեղինակը գիրքին մէջ լուսանկարը տեղադրած է որպէս հետաքրքիր ու գեղեցիկ քանդակապատկերի լուսանկար եւ ընդհանրապէս  տեղեկութիւն չի փոխանցեր այս լուսանկարի մասին:

Լուսանկարը  անհամեմատ որակեալ է, սակայն հստակ չեն արձանագրութեան երկու տողերու վերջին տառերը (մոտ 10-12 տառ): Անյայտ կը մնայ Ս. Երեմեանի աղբիւրը, որտեղեն վերցուցած են լուսանկարը… սակայն ակնյայտ է, որ եղած լուսանկարը հնարաւորութիւն կուտայ վերծանելու արձանագրութիւնը:

Քանդակապատկերը եւ անոր կից արձանագրութիւնը կ՛առաջացնեն բազմաթիւ հարցեր, այն կարօտ է հնագրական, հնագիտական, արուեստաբանական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, անշուշտ, արձանագրութեան ուսումնասիրութեան եւ վերծանման համար խիստ անհրաժեշտ եւ կարեւոր կ՛ըլլայ քանդակապատկերի բնօրինակի ներկայութիւնը կամ գոնէ որակեալ եւ ժամանակակից ֆոտոնկարներու առկայութիւնը: Իսկ արձանագրութեան բովանդակութեան մասին կը խօսինք յաջորդ յօդուածին:

Քանի որ բարձրաքանդակը շատ կարեւոր է  Հայոց գիրերու ծագման եւ այլ հարցերու համար, կոչ կ՛ուղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք կ՛ապրին եւրոպական երկիրներու մէջ, ուշադիր ըլլան թանգարաններու նման կերպ նիւթերու նկատմամբ, յայտնաբերելու համար այս խիստ կարեւոր քանդակապատկերը:

Յովհաննէս Ազիզբեկեան

18.12.2020