ԿԱՐԻՆ՝  9 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2021 թ․

Մեծ Բրիտանիոյ համայնքներու պալատն առաջին ընթերցմամբ քննարկեց հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը։

Օրինագիծը ներկայացուած է պահպանողական պատգամաւոր Թիմ Լոութոնի կողմէ եւ միաձայն ընդունուած է Մեծ Բրիտանյոյի համայնքներու պալատի կողմէ:

Ան նշած է, որ օրինագիծը կը պարունակէ երեք հիմնական դրոյթ.

Առաջինը՝ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու ֆիզիկական ոչնչացումն է, որը յայտնի է որպէս ցեղասպանութիւն (հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնն իրականացուած է հայկական պետութեան՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ, թուրքական կառավարութեան կողմէ)։

Երկրորդը՝ ցեղասպանութիւններու, այդ թիւին հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ամենամեայ միջոցառումներու իրականացումն է։

Երրորդը՝ հայերու դէմ իրագոծուած ցեղասպանութեան եւ անոր հետ կապուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ ռազմական յանցագործութիւններու մասին կրթութեան եւ տեղեկատուութեան խթանումը:

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ օրինագիծի ընդունումը կարեւոր է Մեծ Բրիտանիայի համար շարք մը պատճառներով։ Օրինակ, անով Մեծ Բրիտանիան կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին կոնվենցիային եւ անոր հիմնական արժէքներուն, ինչպէս նաեւ 1920 թուականի Օգոստոսի 10-ի Սեւրի պայմանագիրի ստորագրմանը, որն կը վերաբերուի 142-րդ եւ 220-230 յօդուածներու դրոյթներուն:

1915 թուականի Մայիսի 24-ին Եռակի համաձայնագիրով առաջին անգամ հաստատուեցաւ թուրքական կառավարութեան պատասխանատուութիւնը Հայաստանի մէջ՝ Թուրքիայի կողմէ իրականացուած ջարդերու համար։

Ֆրանսիան, Մեծ Բրիտանիան եւ Ռուսաստանը, եռակի Անտանտի հռչակագիրով, մեղադրեցին թուրքական կառավարութեանը՝ իրականացուած ջարդերու համար, թուագրուած 1915 թուականի Մայիսի 24-ին ․

«Վերջին մոտ մէկ ամսուայ ընթացքին Հայաստանի քուրտ եւ թուրք բնակչութիւնը հայերուն կոտորած է օսմանեան իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ եւ հաճախ օգնութեամբ: Այսպիսի կոտորածներ տեղի ունեցան Ապրիլի կէսին (նոր ոճով) Էրզրումի, Դերճունի, Էգինայի, Ակնէի, Բիթլիսի, Մուչայի, Սասունի, Զեյթունի եւ ողջ Կիլիկիայի մէջ. սպաննուեցան Վանի շրջակայքի մոտ հարիւր գիւղերու բնակիչներ, բուն քաղաքին մէջ հայկական թաղամասը պաշարուեց քրտերու կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ Կոստանդնուպոլիսի մէջ օսմանեան կառավարութիւնը դաժանրէն վարուեցաւ անվնաս հայ բնակչութեան հետ։ Հաշուի առնելով մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ուղղուած այս յանցագործութիւնները, դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակայնօրէն կը տեղեկացնեն, որ իրենք անձամբ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկեն այդ յանցագործութիւններու համար Օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամներուն եւ անոր գործակալներուն, որոնք ներգրաւուած են նման ջարդերու մէջ»:

Բացի այդ, ճանաչելով հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, Մեծ Բրիտանիան կամրապնդէ իր յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեանը, քանի որ նման մեծութեան յանցագործութեան անպատժելիութիւնը վտանգաւոր եւ լի է կրկնութեան վտանգով:

Մեծ Բրիտանիան, որպթէս համաշխարհային լրջագոյն դերակատար, ճանաչելով հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը, կը նպաստէ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանը՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով։

«Մեծ Բրիտանիան այն սակավաթիւ արեւմտեան երկիրներէն է, որը դատապարտած է հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը դեռեւս 1915թ. Մայիսի 24-ին: Այսօր Թիմ Լոութոնի օրինագիծի միջոցով այս փաստի ճանաչումը թոյլ կուտայ Մեծ Բրիտանիային շտկել 1919թ. (Վերսալի պայմանագիր) եւ 1920թ․ (Սեւրի պայմանագիր) իր պարտաւորութիւններով պայմանաւորուած անարդարութիւնը»,- յայտարարած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը։

Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարի իրականացուած առաջին ցեղասպանութիւնն էր։

Թուրքիան կը հերքէ առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք աւելի քան 1,5 միլիոն հայերու սպաննութեան մեղադրանքները։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը ընդունած են բազմաթիւ երկիրներ, այդ թիւին՝ Ռուսաստանը, Ֆրանսիան, Բոլիվիան, Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ, ինչպիսին են Յունաստանը, Կիպրոսը, Արգենտինան, Բելգիան, Ուելսը, Շուեյցարիայի Ազգային խորհուրդը, Քանատայի, Լեհաստանի եւ շատ այլ երկիրներու գլխաւոր պալատները։

Բանաձեւի երկրորդ ընթերցումը նշանակուած է 2022 թ. Մարտի 22-ին։

Կարին Աբրահամեան

Ցեղասպանութեան յանցագործութեան հետեւանքներու եւ փոխհատուցման նախարար