Artı Tv իւթուպեան ալիքը հարցազրոյց ունեցած է Տերսիմ Հայ հարթակի անդամ Արեգ Քարայի հետ, ով զրոյցի ընթացքին պատմած է իրենց կազմակերպութեան ծաւալած գործունէութեան, ապագայ ծրագիրներու եւ առհասարակ՝ Տերսիմ Հայ հարթակի գլխաւոր նպատակի մասին։ Ինչպէս նախկին ժամանակ տեղեկացուցինք՝ հարթակն կը զբաղուի Արեւմտեան Հայաստանի Տերսիմ նահանգի հայ բնակիչներու տնտեսական ու սոցիալական կեանքն աւելի գունեղ ու բովանդակալից դարձնելու ուղղութեամբ կատարուող տարբեր աշխատանքներով, այդ թիւին՝ բիզնես աջակցութեամբ։
Ինչպէս կը տեսնենք՝ Տերսիմ Հայ հարթակի գործունէութիւնը աւելի լայն արձագանքի կը հասնի ոչ միայն բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ կը հաւակնի ընդլայնուելու եւ ամբողջ աշխարհէն իր շուրջը համախոհներ հաւաքելու։