Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի «Արծաթի եւ զարդանախշերու սիմֆոնիա» խորագիրով ցուցադրութիւնը:
Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ 90 տարիներու ընթացքին հաւաքուած եւ պահպանուած են հայ արծաթագործ վարպետներու գործերը, որոնք այսօր կը հիացնեն իրենց նրբութեամբ ու կատարելութեամբ:
Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի վարչութենէն յայտնած են, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած արծաթէ առարկաներուն մէջ առանձնացած են 19-20-րդ դարերով թուագրուող գոտիները, որոնց նախշազարդերը բարձրարուեստ կատարումներէն բացի, հայերու ինքնութեան արտայայտելու իւրօրինակ վավերագրերն են:
Անոնք պատրաստուած են տեխնիկական տարբեր եղանակներով: Գոտիներու մէկ մասը կը կրէ արծաթագործ վարպետի կնիքը:
Հաւաքածուներու մէջ բազմաքանակ խումբ կը կազմեն սպասքը եւ ծիսական առարկաները: Ըստ ծագումի՝ անոնք լայն շրջանակ կ՛ընդգրկեն՝ Հայաստան, Իրան, Հնդկաստան, Չինաստան:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է ՀՀ Ֆինանսներու նախարարութեան եւ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ։
Այն կը գործէ մինչեւ 2022թ. Փետրուարի 28-ը: