ԱՄՆ-ի Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովը հրապարակած է զեկոյց, որտեղ նշուած է, որ 2021 թուականին կրօնական ազատութեան պայմանները Թուրքիոյ մէջ (Արեւմտեան Հայաստան) կը շարունակեն մնալ վատ՝ թուրքական կառավարութեան գործողութիւններու եւ հռետորաբանութեան առումով, որը կը խթանէ կրօնական փոքրամասնութիւններու համար քաղաքական թշնամական միջավայր ստեղծելը: tert.am-ի փոխանցմամբ, նշուած է, որ Թուրքիայի կառավարութիւնը քիչ բան  կատարած է տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն բարձրացուած կրօնական ազատութեան հիմնախնդիրները լուծելու համար: Նշուած է նաեւ, որ 2013 թուականէն թուրքական կառավարութիւնը արգելափակած է կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու՝ խորհուրդի նոր անդամներ ընտրելու իրաւունքը: Ըստ զեկոյցի՝ Թուրքիոյ մէջ տեղ ունին վանդալիզմի եւ ատելութեան խօսքի գործողութիւններ՝ ներառեալ լեզուական արտայայտութիւններ կ՛օգտագործուին բռնութիւն հրահրելու համար՝ կասկածի տակ դնելով համայնքի՝ այդ երկրին մէջ ապրելու իրաւունքները, մահուան սպառնալիքները, պետական պաշտօնեաներու հռետորաբանութիւնը՝ ուղղուած կրօնականներուն, փոքրամասնութիւններու համայնքներուն: