Հայ եւ գերմանացի հետազոտողները 2019 թուականի ամռան իրենց բահերով զարմանալի գտածոյ բացայայտեցին. Արարատեան դաշտավայրի մակերեւոյթէն ընդամենը 30 սանտիմեթր խորութեան վրայ բացուեցան հռոմէական բետոնի հսկայական սալաքարերը: Կ՛ենթադրուի, որ այս սալաքարերը հնագոյն Արտաշատ քաղաք ջուր հասցնելու համար նախատեսուած անաւարտ հռոմէական ջրատարի՝ ակվեդուկի հարիւրաւոր հիմնաքարերէն էին։ Թէ եւ ակվեդուկի համար նախատեսուած ջուրի սկզբնական աղբիւրը հստակ յայտնի չէ, սակայն ըստ հաշուարկներու` անոր երկարութիւնը մոտ 31 կիլոմետր էր, եւ հնարաւոր է՝ սկսէր Գառնիի տաճարի մոտակայքէն: 

Յիշեցնենք, որ Հռոմն ընդամենը երեք տարի վերահսկեց Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաք Արտաշատը, այնուհետեւ հռոմէացիները նահանջեցին արեւմուտք։ Ակվեդուկի շինարարութիւնը կիսատ մնաց, եւ անոր բոլոր հետքերը ի վերջոյ դարերով անհետացան՝ մնալով հողի շերտի ու փոշիի տակ: