ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու արտգործնախարարները հրապարակած են համատեղ յայտարարութիւն Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ: 

ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթոնի Պլինքենը, Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրովը եւ Ֆրանսիոյ արտգործնախարար Ժան Իւ Լե Տրիանը, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները, իրենց աջակցութիւնն յայտնած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիսն վերսկսելու մասին:

Համանախագահող երկիրները կողմերուն հորդորած են ինչքան հնարաւոր է շուտ ողջունել համանախագահներուն տարածաշրջանին մէջ, որպէսզի անոնք կարողանան տեղւոյն  անմիջապէս գնահատել իրավիճակը, զգալի առաջընթացի հասնիլ վերոնշեալ հանդիպումներու ժամանակ քննարկուած մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնելու գործին եւ համաձայնութեան հասնիլ ապագայ միջոցառումներու օրակարգի շուրջ: Անոնք յայտնած են նաեւ տարածաշրջանի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի շարունակական աշխատանքին իրենց վճռական աջակցութեան մասին եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն լիարժէք համագործակցիլ անոր ջանքերուն հետ:

https://www.osce.org/minsk-group/507320?fbclid=IwAR2CnU20g-zKYu83jFzVnBwWm9ZLqLdYqimOyyzvdsrX6ml-8HiGeFjqAek