50 տարի դադարէ ետք Կարմիր բլուրին մէջ, միջնաբերդի հարակից տարածքին ամիսներ առաջ սկսած են պարբերական պեղումներ:
«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի փոխտնօրէն, Կարմիր բլուր մասնաճիւղի նախկին ղեկավար Վահէ Սարգսեանը պատմած է՝․ «Կարմիր բլուրին մէջ գարնան անձրեւէն ետք նկատեցինք թաց հողի վրայ ուրուագծուած պատերու շարվածք: Հասկնալի դարձաւ, որ գործ ունինք ուրարտական շրջանի կառոյցի մը հետ»։
Այս Հայաստանի մէջ բացուած դեռեւս միակ նման մոնումենտալ կառոյցն է: Տարածքի ճարտարապետական հատակագիծն ու անմիջապէս ամրոցի դարպասներուն մոտ գտնուիլն մասնագետներուն կը յուշէ՝ գործ ունին հայկական միջնադարեան 2650 տարուայ քարավանատի հետ: Պեղումներու ընթացքին տարածքէն գտած են նաեւ խեցեղենի բեկորներ, կենդանիներու մնացորդներ:
Նոր պեղումները Կարմիր բլուրի պատմութեան նոր էջ կը բանան՝ ուրարտական ժամանակաշրջանին նախորդող ու յաջորդող պատմութիւնը բացայայտելու եւ մեր երկրի հարուստ ժառանգութիւնն աշխարհին ներկայացնելու համար: